Ալեն Սիմոնեանի Սեպտեմբերի 25-30 Գանատա այցելութիւնը չեղեալ կը յայտարարուի

«Հրապարակ» կը յայտնէ, թէ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի՝ Գանատա այցելութիւնը չեղեալ յայտարարուած է։ ԱԺ նախագահը սեպտեմբերի 25-30-ը կը պատրաստուէր պաշտօնական այցելութիւն կատարել Օթթաուա։ Պատուիրակութեան կազմին մէջ Ալեն Սիմոնեանը ընդգրկած էր բացառապէս իշխանութեան ներկայացուցիչներուն։ ԱԺ նախագահի մամուլի խօսնակ Մեսրոպ Յարութիւնեանը «Հրապարակ»ին փոխանցեց, որ այցելութիւնը յետաձգուած է՝ անյայտ ժամկէտով։ «Այցը յետաձգուել է Գանատայում ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամի պատճառով։ Գանատայում կոալիցիոն ուժերից մէկը լքել է կոալիցիան ու երկրում ներքաղաքական ճգնաժամ է։ Գանատայի խորհրդարանի Համայնքների պալատի նախագահը զանգել է պարոն Սիմոնեանին ու խնդրել այցի ժամկէտները յետաձգել՝ ներքաղաքական իրավիճակով պայմանաւորուած»,- պարզաբանեց խօսնակը։

Յիշեցնենք, որ գանատական այցելութեան ընդառաջ՝ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարութիւն տարածած էր ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի՝ Գանատա այցելութեան առիթով, ուր կը նշուի. «ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքներն ու մարդու հիմնական իրաւունքները ոտնահարող ՀՀ գործող վարչախումբի այցելութիւնը ողջունելու մտադրութիւն չունի գանատահայութիւնը։ Ընդդիմադիր ցուցարարներուն նկատմամբ անհամաչափ ուժի օգտագործումով գործող վարչախումբի գործելաձեւը կը հակասէ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն։ Այս բոլորը դատապարտելի արարքներ են ժողովրդավարութեան դրօշակիր Գանատայի մէջ ապրող ժողովուրդին համար»։

 

Comments are closed.