ԱԺ պատգամաւորներն ու ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամները այցելած են ոստիկանութեան բաժին

Պատգամաւորներ Արման Աբովեան («ԲՀԿ»), եւ Անի Սամսոնեան («Լուսաւոր Հայաստան»), ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամներ Արթուր Խաչատրեան եւ Լիլիթ Գալստեան այցելած են ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան կեդրոնական բաժին, ուր բերման ենթարկուած են ՀՅԴ ՀԵՄ-ի ցուցարարները՝ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան վարչական շէնքին մօտ տեղի ունեցած միջադէպին հարցով:

Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները այսօր փակած էին Վազգէն Սարգսեան փողոցը՝ պահանջելով ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը։

Այս պահի դրութեամբ ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան կեդրոնական եւ Էրեբունիի բաժնին մէջ կան տասնեակ մը բերման ենթարկուածներ:

Միջադէպին առնչութեամբ նաեւ Մարդկային Իրաւունքներու Պաշտպան կազմակերպութեան (ՄԻՊ) յանձնարարութեամբ արագ արձագանգման խումբ մը մեկնած է ոստիկանութիւն, եւ այնտեղ տեղի ունեցած են առանձնազրոյցներ բերման ենթարկուած անձանց հետ, ուսումնասիրուած են անոնց իրաւունքներու ապահովման վիճակը, ինչպէս նաեւ ազատութենէ զրկման հիմքերը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.