Աթաթուրք Իր Անձնական Գումարով Իրանէն Գնած է Թուրքիան Նախիջեւանին Կապող Փոքր Միջանցքը. Թրքական Կայք
6901
0
Թրքական Sondakika կայքը հրապարակած է, որ Թուրքիոյ եւ Նախիջեւանի միջեւ այժմ գոյութիւն ունեցող փոքր հատուածը Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը ժամանակին գնած է իր անձնական գումարով, կը գրէ «Նիուզ»-ը:
Թրքական կայքը իր հրապարակումով ուշադրութեան արժանացուցած է այն հանգամանքը, որ Աթաթուրք յանուն երկրի, յանուն թուրքերու ապագայի անվտանգութեան, իր անձնական միջոցները զոհաբերած է:
Կայքը նաեւ նշած է, թէ 90–ականներուն հայերը ցանկացած են նուաճել Նախիջեւանը, սակայն Թուրքիան զօրք ու զինուարական սարքեր կրցած է մտցնել Աթաթուրքի գնած հողակտորին միջոցով ու փրկած Նախիջեւանը:
Աղբիւրը կը նշէ, ըստ պատմագիտական տուեալներու` 1932-ին Թուրքիան 13 քիլոմեթր երկարութեամբ նեղ սահմանային հատուածը վերցուցած է Իրանէն, փոխարէնը տալով գիւղատնտեսական նշանակութիւն ունեցող Քոթուրի դաշտը: