Ազրպէյճան Սկսած Է Արցախի «Մե՛նք Ենք, Մեր Սարերը» Յուշարձանը Իւրացնելու Գործընթացը
Օրեր առաջ ազրպէյճանական «Քալչըր աֆ Ազրպէյճան» կայքը հրապարակեց Արցախի «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» (Տատիկ-պապիկ) յայտնի յուշարձանի մասին յայտարարութիւն` նշելով որ անիկա կառուցուած է «Ազրպէյճանի Խանքենդի» քաղաքին մէջ 1967 թուականին եւ որ «Ազրպէյճանի բազմամշակութային եւ ազգային-կրօնական հանդուրժողականութեան բազմաթիւ օրինակներէն մէկն է»: Այս մասին կը հաղորդէ «Մոնիւմընթ Ուաչ»-ը:
«Հանրայայտ է, որ յուշարձանը հայկական Արցախի ժամանակակից խորհրդանիշներէն մէկն է եւ որ ստեղծուած է իբրեւ նշան եւ խորհուրդ երկրամասի հայ ինքնութեան: Աւանդական կեցուածքով եւ արտաքինով տարեց ամուսնական զոյգը հաւաստումն էր արցախահայերու պատմական անցեալին եւ ապագայի յոյսերուն: Յոյսեր, որոնք այսօր ի դերեւ դարձած են Ազրպէյճանի հայասպան քաղաքականութեան պատճառով: Յատուկ Հայաստանէն բերուած կարմիր տուֆով կերտուած կոթողի քանդակագործն է Սարգիս Պաղտասարեանը, իսկ ճարտարապետը` Եուրի Յակոբեանը: Քանդակագործը իր աշխատանքը բնութագրած է հետեւեալ ձեւով. «Յուշարձանը կը ներկայացնէ աւանդական տարազով տարեց արցախցի ամուսիններ` ուս-ուսի, հպարտ ու անյողդողդ կեցուածքով ու սեւեռուն հայեացքով: Կոթողը պատուանդան չունի, սակայն կարծես լեռնաբլուրը ճեղքուած է, եւ անոնք այդ ճեղքէն բարձրացած, կանգնած են` իրենց ոտքերը ամուր դրած հայերու հողին մէջ»:
Արցախի ամբողջական բռնագրաւումէն ետք պաշտօնական ազրպէյճանական կողմը երկար ժամանակ գրեթէ չէր անդրադառնար այս յուշարձանին: Յուշարձանին, որ Արցախի հայութեան ամէնէն վառ ու հանրայայտ խորհրդանշանն էր, չէին անդրադառնար եւ «չէին նկատեր» բռնագրաւուած Ստեփանակերտ այցելող ազրպէյճանցի լրագրողները, մետիագործիչները: Միայն որոշ լրատուամիջոցներու մէջ կը հնչէին կարծիքներ, որ զայն պէտք է քանդել:
Վերջերս յատուկ այս յուշարձանին անդրադարձաւ բռնագրաւուած Ստեփանակերտը լուսաբանող Քեամրան Ռազմովարը, որուն հիմնական շեշտադրումը այն էր, որ յուշարձանը կանգնեցուած է խորհրդային տարիներուն, երբ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Ազրպէյճանի մաս էր, ինչ որ ըստ անոր կը նշանակէ, որ յուշարձանը կանգնեցուած է Խորհրդային Ազրպէյճանի պիւտճէէն յատկացուած գումարներով, ինչ որ կը նշանակէ, որ անիկա ազրպէյճանական է:
Այս շեշտադրումները կարեւոր են, որովհետեւ ազրպէյճանական կողմը իշխանամէտ իր քարոզիչին միջոցով սկսած է յուշարձանը իւրացնելու հոլովոյթ, ուր կ՛երեւին յուշարձանին վերաբերող թեզերը` անիկա կառուցուած է Պաքուի գումարներով, անիկա ազրպէյճանական է եւ անիկա ցոյց կու տայ հայերուն նկատմամբ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հանդուրժողականութիւնը խորհրդային տարիներուն:
Յուշարձանին նկատմամբ Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը ժառանգութեան իւրացման փորձ է, երբ ոչ միայն կը կտրուի հայկական պատկանելիութենէն, այլ նաեւ Ազրպէյճանի համար կը ստեղծէ բազմամշակութային եւ հանդուրժող երկիրի կերպար: Այսպիսի քաղաքականութեամբ Ազրպէյճանը կը խախտէ ՄԱԿ-ի 2005 թուականի Փարիզի մէջ որդեգրուած «Մշակութային ինքնարտայայտման ձեւերու բազմազանութեան պաշտպանութեան եւ խրախուսման մասին» հռչակագիրը», կը գրէ «Մոնիւմընթ Ուաչ»:
Comments are closed.