Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերու Ներթափանցող Խումբի Յարձակման Հետեւանքով Զոհուած Է Արցախցի 3 Ոստիկան, Իսկ Մէկ Ոստիկան Վիրաւորուած Է

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ներթափանցող խումբի` 5 մարտի առաւօտեան ձեռնարկած յարձակման հետեւանքով զոհուած է Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան 3 ծառայող, եւս մէկը վիրաւորուած է: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին տեղեկացուցած է ոստիկանութեան Դիմատետրի էջը:

«Այսօր առաւօտեան` ժամը 10:00-ի սահմաններուն մէջ, ազրպէյճանական զինուժի ներթափանցող խումբը «Խայփալու» կոչուող տեղանքին մէջ թիրախաւորած եւ կրակ բացած է ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան անձնակազմի հերթափոխի մեքենայի վրայ:

Ներթափանցման փորձին հետեւանքով զոհուած է ոստիկանութեան 3 ծառայող.

Փոխգնդապետ` Արմէն Մայորի Բաբայեան
Հարիւրապետ` Դաւիթ Վալերիի Դանիէլեան
Տասնապետ` Արարատ Թելմանի Գասպարեան:

Եւս մեկ ծառայող` տասնապետ Դաւիթ Աշոտի Յովսէփեանը, ստացած է կրծքավանդակի հրազէնային վիրաւորում եւ կը գտնուի հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ:

Ներքին գործոց նախարարութիւնը այս ծանր պահուն կը կիսէ զոհուած ոստիկաններու կորուստի վիշտը, զօրակցութիւն կը յայտնէ անոնց ընտանիքներու անդամներուն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Աւելի ուշ Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց որ Արցախի ոստիկանութեան ծառայողներու եւ «Խայփալու» կոչուող տեղանքին յարակից դիրքին մէջ գտնուող Պաշտպանութեան բանակի զինուորներու ինքնապաշտպանական ու զսպիչ գործողութիւններուն շնորհիւ ազրպէյճանական կողմը մարտի ընթացքին նոյնպէս ունեցած է զոհեր ու վիրաւորներ` ետ շպրտուելով ելման դիրքեր:

Ազրպէյճանական կողմը կեղծ փաստեր կը ներկայացնէ` պնդելով, որ իբրեւ թէ ոստիկանական մեքենայով զէնք կը տեղափոխուէր Հայաստանէն Արցախ: Մինչդեռ իրականութեան մէջ ո՛չ միայն որեւէ զէնք չէր տեղափոխուէր, այլեւ` ոստիկանութեան ծառայողները Ստեփանակերտէն կ՛երթային դէպի ճամբուն վրայ գտնուող իրենց հերթափոխի վայր:

Ազրպէյճանական ներթափանցող խումբը դարանակալած էր ճանապարհամերձ անտառապատ տարածքին մէջ եւ այնտեղէն յարձակած էր մեքենային վրայ: Դէպքի վայր հասած են Ռուսիոյ դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի միաւորումները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.