Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Կրակ Բացած Են Սահմանագօտիի Արեւելեան Եւ Հարաւարեւելեան Ուղղութեամբ Տեղակայուած Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները 18 յունիսի ժամը 3:20-4:10 տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան (Վերին Շորժա, Սոթք) եւ հարաւարեւելեան (Ներքին Հանդ) ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն, հայկական կողմը տուժածներ չունի:

Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը շաբաթ օր երկրորդ անգամ ըլլալով ապատեղեկատուութիւն տարածած է:

«Արմէնփրես»-ը այս մասին կը տեղեկանայ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն: «Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ իբրեւ թէ սահմանագօտիի արեւելեան եւ հարաւարեւելեան հատուածին մէջ Հայաստանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները ժամը 14:30-14:55-ը կրակ բացած են ազրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկատուական հիմք կը ստեղծէ հերթական սադրանքի համար», նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Comments are closed.