Ազգային Առաջնորդարանի «Նուիրատուներու գնահատման երեկոյ» Մոնթրէալի մէջ
- (0)

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի հրաւէրով եւ Ազգային Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 1 Մարտ 2025-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ ի մի խմբուեցան Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութեան հաւատացող ու սատար հանդիսացող բարերարներն ու նուիրատուները, ինչպէս նաեւ կամաւոր աջակիցները։
Երեկոյի բացումը կատարուեցաւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ «Գոհաբանական» աղօթքով։
Գանատայի, Հայաստանի ու Արցախի օրհներգերու ունկնդրութենէն ետք, բարի գալուստի խօսք արտասանեց օրուան հանդիսավարը՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան: Յանուն Ազգային Վարչութեան ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան: Ապա, պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի անցնող մէկ տարուան գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող հակիրճ տեսերիզ մը։
Ներկայ էին Հոգեւոր եւ աշխարհական ծառայողներ, Հայաստանի Հանրապետութեան Պատւոյ Հիւպատոս՝ Պարոն Լեւոն Աֆէյեան եւ Տիկինը, ինչպէս նաեւ գործակից միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Երեկոյի ընթացքին պարգեւատրուեցաւ Արուեստագէտ Սիլվա Խաչերեան երկար տարիներու արուեստի իր վաստակին համար, յատկապէս մանրանկարչական ծիրէն ներս։ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատելով հոգեւոր արուեստի դաշտէն ներս անոր եզակի ստեղծագործութիւնները, բարձրօրէն գնահատելով իր նուիրումը՝ զինք պարգեւատրեց «ԱՆԱՆԻԱ ՇԻՐԱԿԱՑԻ» ազգային-մշակութային եւ մասնագիտական ծառայութեան շքանշանով։
Օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց Տիար Արէն Իմամէճեանի եւ Տիար Շանթ Շահինեանի նուիրուﬓ ու ծառայութիւնը, Հայ Ժողովուրդի բարօրութեան համար։ Սրբազան Հայրը նշեց՝ ձեզի նման ազգանուէր անձանց շնորհիւ է, որ Հայ Ազգը շարունակ պիտի պայծառանայ ու ﬔր ժողովուրդի կենսընթացը ուղղէ դէպի լուսաշող օրեր։
Օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրով եւ հոգեկան անհուն հրճուանքով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց Տիար Սեւան Սթամպուլեանի նուիրուﬓ ու բազմաﬔայ ծառայութիւնը Գանատայի Հայոց Թեմի անդաստանէն ներս։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց անոր ազգաշէն ծառայութիւնն ու անձնուրաց զոհողութիւնը՝ ի պանծացուﬓ Հայ Ժողովուրդին։
Փակման եւ Օրհնութեան խօսքին մէջ, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, ապա իր գնահատանքը յայտնեց երեկոյթին յաջողութեան համար գործող բոլոր անձերուն, որոնք զօրավիգ ու քաջալեր կը հանդիսանան Ազգային Առաջնորդարանին ու անոր ազգօգուտ ծրագիրներուն:
Երեկոն վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» օրհներգով:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ