Ագարակի Անցակէտէն Ռուս Սահմանապահները Դուրս Բերելու Որոշումէն Ետք Հայաստան-Ռուսիա Պայմանագիրը Պիտի Չվերանայուի

Ագարակի անցակէտէն ռուսական սահմանապահ ուժերը դուրս բերելու որոշումէն ետք, Ռուսիոյ սահմանապահ զօրքերու կարգավիճակին մասին Հայաստան-Ռուսիա պայմանագիրի փոփոխութիւն կամ վերանայում չի նախատեսուիր։ «Ազատութեան» հարցումին իբրեւ պատասխան՝ այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Ազատութիւն»ը դիտել տուաւ, որ, ըստ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ ձեռք բերուած նոր համաձայնութեան, պայմանագիրին 6րդ յօդուածը փաստօրէն կը դադրի գործելէ, արդեօք 32 տարիներու վաղեմութեան պայմանագիրը պիտի վերանայուի՞:«Հայաստան-Իրան եւ Հայաստան-Թուրքիա պետական սահմանի պահպանութեանը ՀՀ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերի մասնակցութեան, իսկ Հայաստան-Իրան պետական սահմանի հսկիչ-սահմանային կէտում ծառայութիւնն ամբողջութեամբ ՀՀ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերի ուժերով իրականացնելու մասին ձեռքբերուած համաձայնութիւնը պայմանագրի փոփոխութիւն կամ վերանայում չի նախատեսում», յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

28 Հոկտեմբերին խորհրդարանին մէջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արմէն Աբազեան եւս պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, թէ Հայաստան ի վիճակի՞ է առանձինն իրականացնել Հայաստան-Իրան եւ Հայաստան-Թուրքիա սահմաններու պահպանութեան ծառայութիւն՝ ըսաւ. «Փուլային տարբերակով՝ այո՛, բայց ներկայում նման որոշում չկայ»:

Ըստ անոր՝ «Նախնական պայմանաւորուածութիւն կայ, որպէսզի Ագարակ սահմանային վերահսկողութեան կէտում ամբողջական սահմանային ծառայութիւնն իրականացուի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանապահ զօրքերի կողմից, իսկ ընդհանուր սահմանի հայ-իրանական համատեղ ծառայութեան վերաբերեալ այս պահին տեղի են ունենում քննարկումներ»:

Ան նաեւ պատասխանեց այն հարցումին, որ յառաջիկային կը սպասուի՞ գերիներու եւ անհետ կորսուածներու հարցով հանդիպում Ատրպէյճանի հետ. «Շատ հնարաւոր է առաջիկայում նման հանդիպում կազմակերպուի: Թուեր չհնչեցնեմ, բայց առաջիկայում շատ հնարաւոր է, որ տեղի ունենայ հանդիպում յանձնաժողովների կազմով», ըսաւ Աբազեան՝ աւելցնելով, որ ժամկէտներու եւ վայրի վերաբերեալ տակաւին որոշում չկայ ։

Comments are closed.