«Ֆրանսան Անվտանգութեան Հարցերուն Մէջ Հայաստանի Նկատմամբ Պատասխանատուութիւն Կը Ստանձնէ» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը
Ֆրանսան անվտանգային հարցերու մէջ Հայաստանի նկատմամբ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ: Այս մասին Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի:
«Ֆրանսա պաշտպանութեան ոլորտին մէջ կ՛աջակցի Հայաստանին, որպէսզի երկիրը կարենայ պաշտպանել իր ժողովուրդը, գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», ըսած է Տըքոթինիյի:
«Ինչ կը վերաբերի անվտանգային հարցերուն, Ֆրանսան Հայաստանի նկատմամբ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ: Վերջին ամիսներուն պաշտպանութեան ոլորտին մէջ սկսած ենք Հայաստանի հետ համագործակցութեան, որ կը զարգանայ:
«Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը այցելեց Փարիզ, Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարարը իր կարգին Հայաստան այցելութիւն տուաւ, որուն ժամանակ ականատես եղանք որոշակի շօշափելի արդիւնքներու սարքաւորումներու եւ վերապատրաստումներու տեսքով, որոնք արդէն ընթացքի մէջ են` ի նպաստ հայկական բանակին», ըսած է դեսպանը:
Comments are closed.