Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Խորհուրդի (CCAF) տարեկան ընթրիքին մասնակցած են Ֆրանսայի վարչապետն ու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ
- (0)

Մարտ 11-ին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Խորհուրդի (CCAF) տարեկան ընթրիքը՝ բարձրաստիճան հիւրերու մասնակցութեամբ։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս CCAF ընթրիքը կայացաւ Մարտ 11-ին, Փարիզի Collectionneur Ճաշասրահին մէջ, 450 հոգիի մասնակցութեամբ։
Ներկայ եղած է Ֆրանսայի վարչապետը, պաշտպանութեան նախարարը, ֆրանսացի քաղաքական գործիչներ, ներկայ եւ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, լրագրողներ, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Ներկայ եղած են նաեւ քրտական, ասորի, կիպրական, ասորա-քաղդէական եւ Ֆրանսայի մէջ գործող այլ յարանուանութիւններու եւ համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքին մէջ նշուած է, որ միջոցառումը հերթական առիթ է փաստելու այն խոր կապերն ու արժէքները, որոնք կը միաւորեն Հայաստանն ու Ֆրանսան։ Երեկոյթը, ըստ այդմ, ձեռք կը բերէ իւրայատուկ նշանակութիւն, քանի որ արդէն մէկուկէս տարի անցած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայաթափումին, իսկ Պաքուի մէջ տակաւին կը շարունակուին քսաներեք հայ գերիներու դատավարութիւնը՝ ի հեճուկս միջազգային չափանիշներու։ Այդ իրադրութիւնը կը յիշեցնէ, որ անհրաժեշտ է ըլլալ միասնական եւ մէկտեղել ջանքերը, ունենալ ամուր միջազգային համախոհութիւն հայ ժողովուրդին հետ։
Երեկոն ինչպէս որ գործողութիւններու կոչ կը խորհրդանշէ, այնպէս ալ յարգանք՝ բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք անխոնջ կերպով կ’աշխատին յանուն հայութեան։ Ներկաները նաեւ կոչ յղած են միջազգային հանրութեան ստանձնելու վճռական յանձնառութիւն` արդարացի խաղաղութեան ապահովման համար։
Բացման խօսքէն ետք ներկայացուած է տեսահոլովակ մը Ատրպէյճանի մէջ տարածուած եւ ընդհանրացած հայատեացութեան եւ ատրպէյճանական բանտերուն մէջ հայերուն հանդէպ կատարուած բարբարոսութիւններուն մասին:
Ելոյթներով հանդէս եկած են Արա Թորանեան, Մուրատ Փափազեան, Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալգօ, Ֆրանսայի ՆԳ նախարար Պրիւնօ Ռիթայիո եւ այլք։
Ֆրանսայի ՆԳ Նախարարը անդրադառնալով Ատրպէյճանի մէջ գերեվարուած անձերուն ազատ արձակման հարցին՝ ընդգծած է. «Իմ միտքս 23 անձերուն ներառեալ Ռուբէնին հետ է այս երեկոյ, որ վտանգի տակ դրած է իր առողջութիւնն ու կեանքը այն արժէքներուն համար, որոնց կը հաւատայ։ Ես կը մտածեմ անոնց մասին եւ յոյսով եմ, որ այսօրուան իմ խօսքերս կը հասնին Ատրպէյճանի սահմաններ, որպէսզի գերիները ազատ արձակուին»։