Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած քայլարշաւ եւ մոմավառութիւն
- (0)

Հինգշաբթի, 23 ապրիլին, Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած քայլարշաւ եւ մոմավառութիւն։ Քայլարշաւը սկսիզբ առաւ Խորհրդարանի շրջափակէն, ուրկէ համայնքի անդամները մայրաքաղաքի փողոցներով ուղղուեցան դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն։
Ձեռնարկը համատեղ կազմակերպուած էր Օթթաուայի Սուրբ Մեսրոպ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, ՀՅԴ Օթթաուայի Հայ Դատի յանձնախումբի, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան եւ Հայ Օգնութեան Միութեան «Սեւան» մասնաճիւղին կողմէ։
Դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած մոմավառութեան ընթացքին, կազմակերպիչներու անունով խօսք առաւ Նեքթար Զաքարեան, որ իր ելոյթին մէջ շեշտեց հայ ժողովուրդի տոկունութիւնն ու անսասան գոյատեւումը։ Ան ընդգծեց, որ ցեղասպանութեան ծրագիրը չյաջողեցաւ ջնջել հայութիւնը, քանի որ անոր արմատները խոր են եւ կենսունակ։ Ան յատկապէս մատնանշեց հայկական ինքնութեան առանցքային խորհրդանիշները՝ Հայ Եկեղեցին, որ դարեր շարունակ պահած է ազգային միասնութիւնը եւ լեզուն, եւ Արարատ լեռը, որ կը շարունակէ ապրիլ իբրեւ հոգեւոր հայրենիք եւ անսասան յիշեցում հայկական ինքնութեան։
Զաքարեան նաեւ անդրադարձաւ Արցախի վերջին տարիներու իրադարձութիւններուն՝ զանոնք բնութագրելով իբրեւ հայ ժողովուրդի դիմադրութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան նորագոյն արտայայտութիւն։ Ան շեշտեց, որ հայութիւնը ոչ միայն գոյատեւած է, այլեւ շարունակած է կառուցել, արարել եւ պայքարիլ՝ պահպանելու իր ինքնութիւնը եւ արդար իրաւունքները։
Ձեռնարկի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Տէր Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեան, որ անդրադարձաւ օրուայ կարեւորագոյն խորհուրդին եւ կոչ ուղղեց հաւատքի եւ յանձնառութեան ամրապնդման։ Ապա, Տէր հօր առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ աղօթք՝ ի յիշատակ 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն։
Իր կարգին, դեսպանատան անունով խօսք փոխանցեց Կոր Ետիկարեան, որ արժեւորեց համայնքի համախմբուածութիւնը եւ կարեւորեց յիշողութեան պահպանումը՝ որպէս ազգային ինքնութեան եւ արդարութեան պայքարի հիմնասիւներ։
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ մոմավառութիւն։


