Օթթաուային Կատարած Յղումը Հելսինքիին

 

Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայացած համաձայնութեամբ գերիներու ազատ արձակումի վերաբերող միացեալ յայտարարութիւնը կը շարունակեն ողջունել պետութիւնները: Միջազգային օրինաչափ երեւոյթ կարելի է սեպել նման ողջունաշարք մը, յատկապէս երբ հակամարտող կողմեր համաձայնութեան կու գան որոշ կէտերու շուրջ:

Այս շարքէն կ՛առանձնանայ Գանատան, որուն արտաքին գործոց նախարարութեան այս առիթով կատարած յայտարարութիւնը շատ կարեւոր հիմնադրոյթներ ներառած է: Այսպէս. արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ արձանագրուած է. Գանատան կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային քաղաքական լուծման` հիմնուած Հելսինքեան սկզբունքներուն վրայ, եւ կը խրախուսէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման հետագայ գործնական միջոցառումները: Գանատան կը խրախուսէ կողմերուն միջեւ երկխօսութեան շարունակութիւնը եւ հաւատարիմ կը մնայ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան աջակցելուն»:

Անմիջապէս նկատենք, որ երբ կը ձեւակերպուի այնպէս, որ աջակցութիւնը կ՛ուղղուի արցախեան հակամարտութեան բանակցային քաղաքական լուծման, շեշտակիօրէն կը նշանակէ, որ Արցախի հարցը փակուած չէ, որուն համար բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին:

Պաշտօնական Օթթաուան աւելի խորքային իմաստ տուած է իր առաջին հաստատումին, երբ յստակօրէն յղում կատարած է հելսինքեան եզրափակիչ աքթի սկզբունքներուն, որոնցմէ 8-րդը կը վերաբերի ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին:

Անմիջապէս մտաբերենք Պաքուի մղած պայքարը ԵԱՀԿ-ը հեղինակազրկելու` զայն ուղղակի ամբաստանելով դիւանագիտական ամլութեան եւ հակամարտութեան ձգձգման յանցանքով, եւ մնայունօրէն յիշեցնելով, որ ան ժամանակավրէպ կառոյց է:

Հակամարտութեան բանակցութիւնները հելսինքեան սկզբունքներուն հիման վրայ շարունակելու Գանատական առաջադրանքը տրամագծօրէն կը հակադրուի Պաքուի մօտեցումին եւ կը շրջէ անոր կիրարկած մարտավարական խաղերը այս հարցին ուղղութեամբ:

Օթթաուան այս ձեւով ուղերձ կ՛ուղղէ նաեւ հայկական կողմին արծարծ պահելու ինքնորոշման իրաւունքը եւ չհրաժարելու անկէ: Ուղերձի ընկալումը խիստ անհրաժեշտ է` թէ՛ բանակցային նոր ռազմավարութիւն մշակելու, թէ՛ կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ առաջադրանքները բանաձեւելու, ըստ այնմ նաեւ բազմակողմ դիւանագիտութիւնը աշխատցնելու տեսակէտէն:

Իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւնն ու իրերայաջորդականութիւնը ունին իրենց քաղաքական տրամաբանութիւնը եւ միտումներու ընդգծումները: Այս առումով պէտք է կարեւոր նկատել Երեւանի մէջ Գանատական դեսպանութեան բացումը եւ արտաքին գործոց նախարարին կատարած այցելութիւնը Երեւան:

7 դեկտեմբերին կայացած Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբ-Գանատայի արտաքին գործոց նախարար հանդիպումին լրատուութիւնը թէեւ փակագիծեր չի բանար, այդուհանդերձ պարզ կը դառնայ, որ նման առաջադրանք արծարծուած է այդ հանդիպումին: Կ՛արժէ յիշել նաեւ, որ հերթական հանդիպումներ կայացած էին նոյն ձեւաչափով Գանատայի դեսպանութեան բացումի որոշումին նախորդող:

Համապատասխան լրատուութիւնը կ՛արձանագրէր, որ զրուցակիցները առիթը ունեցան նախարարին հետ քննարկելու Գանատահայ համայնքը յուզող շարք մը հարցեր, միաժամանակ արծարծեցին Արցախի ու արցախահայութեան այժմու կացութիւնը եւ Երեւանի Գանատական դեսպանատան հիմնադրումէն ետք Գանատա-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը:

Այս իրադրութիւնները կը յուշեն, որ լուսարձակներէ հեռու արդիւնաւէտ աշխատած է Հայ դատի յանձնախումբ-Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն դերերու համակարգումը: Բոլորին յիշեցնելով Ազգային ժողովին մէջ իշխանութիւններու կողմէ անպաշտօն խօսափողներու կողմէ հնչած չպետութիւն կամ հակապետութիւն տեսութեան սնանկութիւնը եւ Հայ դատի համակարգի անշրջանցելիութիւնը:

Արցախեան հակամարտութեան բանակցութիւններուն Հելսինքիի վերաիմաստաւորումի Գանատական կոչը հրամայական է: Անոր անտեսումը կամ շրջանցումը չպետական կամ հակապետական մօտեցում է պարզապէս:

«Ազդակ»ի Խմբագրական

Comments are closed.