Քեպէքի Հայ Դատի յանձնախումբը հրապարակեց 2026-ի նահանգային ընտրութիւններուն իր զօրակցութեան արժանացած թեկնածուներու ցանկը

ՔԵՊԷՔ — Հոկտեմբեր 5-ի նահանգային ընտրութիւններուն ընդառաջ, Քեպէքի Հայ Դատի յանձնախումբը հրապարակեց իր զօրակցութեան արժանացած թեկնածուներու ցանկը՝ վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Մոնթրէալի, Լաւալի եւ այլ շրջաններուն մէջ շարք մը թեկնածուներու հետ ունեցած հանդիպումներէն ետք։

Հանդիպումներուն ընթացքին յանձնախումբը թեկնածուներուն ներկայացուց Քեպէքի հայ համայնքի հիմնական առաջնահերթութիւնները եւ ծանօթացաւ անոնց դիրքորոշումներուն ու յանձնառութիւններուն։

Այս տարուան քննարկումներուն առանցքը կազմած են երեք հիմնական հարցեր՝ հայ ընտանիքներու համար մանկամսուրներու (CPE) մատչելիութիւնը, Քեպէքի միջնակարգ դպրոցներու ուսումնական ծրագիրներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան ներառումը եւ Հայաստանի մէջ Քեպէքի ներկայացուցչական գրասենեակի մը հաստատումը։

Հանդիպումներուն եւ կատարուած քննարկումներուն հիման վրայ յանձնախումբի զօրակցական ցանկին մէջ ներառուած են այն թեկնածուները, որոնց դիրքորոշումները կը համապատասխանեն յանձնախումբի սահմանած քաղաքական առաջնահերթութիւններուն։