Քեպէգի հայկական երեք վարժարաններուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչում Մոնթրէալի մէջ

Հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2026-ին, առաւօրեան ժամը 10-ին, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգ. վարժարանէն սկիզբ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին յիշատակի քայլերթ, որուն մասնակցեցան վարժարանի ամբողջ աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմն ու պաշտօնէութիւնը, համայնքի ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, ծնողներ եւ գաղութի անդամներ:

Քայլարշաւի վերջին հանգրուանն էր Մոնթրէալի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը, ուր միացան Լաւալի Հայ Կաթողիկէ Նարեկ վարժարանի եւ ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան վարժարանի աշակերտութիւնն ու պաշտօնէութիւնը: Աշակերտները պահանջատիրական լոզունգներով պաստառներ պատրաստած էին, որոնցմով իրենց բողոքը կ’արտայայտէին ցեղասպանութեան ժխտման, Արցախի հայաթափման եւ մեր արդար իրաւունքներու անտեսման դէմ: Պաշտօնական յայտագիրի հանդիսավարն էր ՀՅԴ Լաւալի Հայ Դատի անդամ Ալին Պէրպէրեան, որ հրաւիրեց ներկաները Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու խմբային կատարողութեամբ բացումը կատարելու պաշտօնական յայտագրին, որուն յաջորդեց երեք հոգեւոր հայրերուն՝ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Գառնիկ Աւ. Քհն. Գոյունեանի, Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Յակոբ Քհն. Կեատայեանի եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր. Գաբրիէլ Քհն. Վարդանեանի աղօթքը:

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան անդամ Յակոբ Հայրապետեան փոխանցեց Հայ դատի խօսքը, որուն մէջ ըսաւ. «Սիրելի՛ հայորդիներ, մեր բոլորին պարտականութիւնն է կազմել ազգային ճակատ՝ ընդդէմ ապազգայինին ընդդէմ հայ ժողովուրդին արեան վաշախռուներուն. համախմբուինք մեր ազգային արժէքներուն խորհրդանիշներուն եւ հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ շուրջ, համախմբուի՛նք, որպէսզի միասնաբար լուծենք մեր դատը, վերատիրանանք հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներուն, համախմբուի՛նք, որպէսզի բարձր պահենք հայ ժողովուրդի ազգային արժանապատուութիւնը»: Անկէ ետք Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ հանդէս եկան «Երազի իմ երկիր հայրենի» երգով:

ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան վարժարանէն աշակերտներ՝ Անիթա Մկըրեան եւ Արամ Քասիս վարժարանին աշակերտութեան անունով, հայերէն եւ ֆրանսերէն, խօսք առին եւ ըսին. «Թող աշխարհը լսէ եւ տեսնէ մեր մէջ ո՛չ թէ պարտուած ազգի զաւակներ, այլ՝ տէրերը իրենց դատին: Թող աշխարհը հասկնայ, որ հայ աշակերտը չի յոգնիր, չի նահանջեր եւ չի մոռնար: Մենք պիտի շարունակենք քալել դէպի յաղթանակ: Մենք պիտի շարունակենք կերտել մեր ազատ ու անկախ հայրենիքը, մեր մեծ ուխտով ծառայել մեր ազգին ու հաւատարիմ մնալ մեր արմատներուն: Փա՛ռք մեր նահատակներուն, եւ պատի՛ւ պայքարող հայ երիտասարդութեան»:

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Մոնթրէալի եւ Լաւալի «Դրօ-Գետաշէն» մասնաճիւղէն խումբ մը պատանիներու «Արի զօրավար» երգով, որուն յաջորդեց Սուրբ Յակոբ Ազգ. վարժարանէն Տարօն Թիւֆէնքճեանի «Դերենիկը» ասմունքը: Նոյն վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի պատգամը փոխանցեց հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով Նէօմի Մանուկ, որ ըսաւ. «Մեր գոյութիւնը արդէն իսկ յաղթանակ մըն է: Մեր լեզուն՝ դիմադրութիւն, մեր յիշողութիւնը՝ արդարութեան պահանջ: Երբեք չդադրինք պատմելէ, երբեք չդադրինք յիշելէ, որովհետեւ երբ կը յիշենք, մենք կը յաղթենք: Եւ այդ պատճառաւ, հակառակ ազգային բոլոր մեր տառապանքներուն, իսկապէս մենք սրբազան հրաշքն ենք եւ մեր նախահայրերուն կենդանի երազը»: Անկէ ետք Ալեք Մանուկեան վարժարանէն Սիլվի Շուշանեան եւ Միքայէլա Մալէք ասմունքեցին «Pour toi Arménie»-ն (ֆրանսերէն եւ հայերէն), որուն յաջորդեց ՀԲԸՄ-ի Պատանեացէն խումբ մը անդամներու «Յաղթանակի պար» պարային ելոյթը:

Աւարտին ազգային երգերու մեկնաբան Գօգօ Թիւթիւնճեան հանդէս եկաւ «Արդեօք ովքեր են» եւ «Հայորդիք» երգերով, որմէ ետք աշակերտները հերթով ծաղիկներ տեղադրեցին յուշարձանին շուրջ՝ առ ի յարգանք սրբադասուած մեր նահատակներուն յիշատակին:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»