Քարվաճառի ՄԷջ Աւստրալահայութեան Միջոցներով Կը Կառուցուի «Սիտնի» Թաղամաս

Քարվաճառի մէջ պիտի կառուցուի «Սիտնի» թաղամաս. պետնախարար Մարտիրոսեան ընդունած է «ԱՐԻ» ընկերութեան բաժնետէրերը

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը Հոկտեմբեր 15-ին ընդունած է «Արցախ ռութս ինվեսթմընթ» (ԱՐԻ) ներդրումային ընկերութեան խումբ մը բաժնետէրեր:

Ողջունելով հիւրերը՝ պետական նախարարը բարձր գնահատեր է «ԱՐԻ» ընկերութեան դերը Արցախի վերաբնակեցման քաղաքականութեան աջակցութեան հարցով՝ ընդգծելով գիւղատնտեսութեան եւ բնակարանաշինութեան ոլորտներուն մէջ իրականացուող ծրագիրները: Գ. Մարտիրոսեանի խօսքով՝ ծրագիրներու ընդլայնման վերաբերեալ առկայ պայմանաւորուածութիւններու ոլորտին մէջ նախապատրաստական աշխատանքները աւարտական փուլին են, եւ շուտով հոգաբարձուներու խորհուրդին կը ներկայացուին Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ բնակավայրի 20 եւ Քարվաճառ քաղաքի 50 բնակարաններու կառուցման նախագիծերու նախահաշիւները:

Առաջարկուող ծրագիրներուն վերաբերեալ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը տեսերիզի միջոցով ներկաներուն ուշադրութեան յանձնած է գերատեսչութեան կողմէ կատարուած աշխատանքները, նշելով որ յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին անոնք վերջնական վիճակը կը հասնին:

«ԱՐԻ» ընկերութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Վահան Գասարճեանը, գոհունակութիւն յայտնելով Արցախի կառավարութեան հետ ձեւաւորուած համագործակցութենէն, նշած է, որ տարուէ տարի ծրագրին մասնակցողներուն թիւը կ“աճի: Անդրադառնալով Քարվաճառի մէջ իրականացուելիք բնակարանաշինութեան՝ Վ. Գասարճեան նշած է, որ քանի որ այն կյանքի պիտի կոչուի աւստրալիահայութեան միջոցներով, առաջարկ կայ թաղամասը «Սիտնի» անուանելու:

Պետնախարարը ողջունած է գաղափարը, եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է յառաջիկայ ամիսներուն սկսելու շինարարական աշխատանքները: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ տրամադրուող գումարներուն տոկոսադրոյքներու վերանայման, նոր ներդրողներու ներգրաւման նպատակով պետութեան կողմէ պարատոմսերու թողարկման, ինչպէս նաեւ փոխգործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման հետ կապուած հարցեր:

Հանդիպման կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Արայիկ Յարութիւնեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.