Քաղաքական Եւ Հայ Դատի Գործիչ Ու Ուսուցիչ Պէտք Է Կարդան «Համշէնը Հայկական Ձեռագրերում» Գիրքը
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Hagop BalianԳրախօսելու միտում չունին այս տողերը: Կը փափաքիմ, որ իրաւազրկուած եւ իրաւազրկուող ժողովուրդի զաւակները գիտակցութիւն նուաճեն համացանցային անմիջական հազիւ փայլած եւ անմիջապէս մարող-մոռցուող տեղեկութիւններէն անդին այլ հարստացում ունենան:
Երեւանի Պետական համալսարանի գեղատիպ հրատարակութիւն գիրք մը, «Համշէնը Հայկական Ձեռագրերում», հեղինակ՝ Լուսինէ Սահակեան:
Մամուլը անդրադարձաւ գիրքի ներկայացման, որ տեղի ունեցաւ 18 Մարտ 2019ին, Հայաստանի պետական համալսարանի «Եղիշէ Չարենց» սրահին մէջ: Գիրքը ներկայացուցին համալսարանի տնօրէն Արամ Սիմոնեան, խօսեցան գիտնականներ եւ ակադեմիկոսներ, հուսկ՝ հեղինակը: Գիրքը 350 էջ, առաւել՝ բազմաթիւ վաւերագրային պատկերներ:
Գիրքը գիտական լուրջ աշխատասիրութիւն է, հարուստ, ինչպէս ըսուած է՝ դաշտային աշխատանքով (ֆրանսերէնէ թարգմանելով սովորաբար կ՛ըսենք՝ գետնի վրայ) եւ անմիջապէս կը տարուինք մտածելու, որ ուղղուած է միայն մասնագիտական շրջանակներու: Անկասկած այդպէս է. հրապարակագրութիւն չէ:
Բայց պիտի մեղանչեմ եւ ըսեմ, որ այս հատորը, Հայաստանի եւ սփիւռքներու համար, մեր պատմութիւնը, ազգի անցեալը, ներկան եւ գալիքը համազգացողութեամբ (empathie) հասկնալու, այդ հունով մեր ինքնութեան եւ իրաւունք-կորուստներուն անդրադառնալու, քաղաքական մտածողութեան եւ նախաձեռնութիւններուն ազգային-մարդկային բովանդակութիւն տալու, Հայ Դատի հետապնդումը թուականի մը մէջ չբանտարկելու, հայեցի կրթութեան հարազատութեան շունչ տալու գաղափարախօսական հարազատութեան հորիզոն կը բանայ:
Հայաստան եւ սփիւռքներ, հայկական զանգուածներու ո՞ր տոկոսը իմացած է Համշէնի եւ համշէնահայութեան մասին: Այս գիրքը, անոնց ընդմէջէն կը սեւեռէ մեր պատմութիւնը, ոչ միայն թուականներով, այլ աշխարհագրութեամբ, մարդոցմով, անոնց ոգորումներով, հակառակ ներխուժումներու եւ հալածանքներու, կտակուած ժառանգութեամբ, հայ գիրի եւ խօսքի հաւատարմութեամբ:
Մասնագիտական աշխատանք մը, անկասկած, իր աղբիւրներով եւ գրականութեամբ: Այդ աղբիւրներու յիշատակումը կը պատկերէ ազգի անցած ուղին եւ ճակատագիրը: Հայաշխարհի գաւառ այս պզտիկ Համշէն անկիւնը հայ մարդուն ստեղծած ձեռագիր մատեանները քիչ մը ամէն տեղ են, քիչ մը ամէն տեղ գացած են, իրեն պէս, Երեւան եւ Երուսաղէմ, Ամերիկա եւ Փարիզ, Անթիլիաս եւ Վիեննա…
Գրախօսականները ընդհանրապէս կ՛ամփոփեն գիրքի մը պատմութիւնը: Բայց այս գիրքը իր ամբողջութեան մէջ պատմութիւն է, մեր մանրանկար պատմութիւնը, Վարդանանց պատերազմով եւ իշխաններով, հերոսներու շիրիմներով, վանքերով, վանահայրերով, գիրքեր ընդօրինակողներով, հալածանքներով, կրօնափոխութիւններով: Պատմաբանի պատմութիւն, բայց նաեւ վէպի պատմութիւն, թատրոն՝ իր հայաշխարհի բեմով:
Գիրքին վերջաբանը լաւագոյնս կը ներկայացնէ գիրքի առարկային ծագումը՝ որ Հայաստանն է, Խաղտիք-Համշէնը, բռնագրաւուած եւ իւրացուած նոյն ներխուժողներուն կողմէ, բայց անիկա չի յիշուիր մեր կորուստներուն եւ պահանջներուն մէջ, մինչդեռ այդ տարածութիւնը եղած է փոքրիկ բեմը մեր ժողովուրդի քաղաքական, ռազմական, մշակութային եւ բամերես ողբերգութիւններուն:
Գիրքին մէջ բազմիցս յիշուած տեղեկութիւնները ամփոփելով, իր վերջաբանին մէջ Լուսինէ Սահակեան կը գրէ, բանալով պատմութիւն-վէպի (saga) էջը: Կը կարդանք.
«Սկզբնաղբիւրները վկայում են, որ Տայքին եւ Սպերին անմիջական սահմանակից Պարխարեան գոգահովիտները եղել են հայ իշխանների՝ մասնաւորապէս Մամիկոնեանների եւ Բագրատունիների կալուածքները: Համշէնցի գրիչների հաղորդած բացառիկ տեղեկութիւնները պարզում են, որ Համշէնը եղել է հայ եկեղեցու թեմերից մէկը՝ ունենալով իր գրչութեան ինքնատիպ օջախները՝ Քոշտենց, Խուժկա Խաչիկ հօր վանքերը եւ այս վիճակը պահպանուել է մինչեւ 1630ական թուականները: Համշէնը յիշւում է որպէս հայոց սրբատեղի, այստեղ ամփոփուել են Քրիստոսի վարշամակը, Սուրբ նշանները, ինչպէս նաեւ՝ Վարդանանց նահատակ հերոսների նշխարները» (էջ 301):
Պարզ. Համշէնն ալ Հայաստանէն պոկուած հայրենի հող է. պոկողները՝ նոյն ներխուժողներն են: Անոնք ջարդեր կազմակերպած են եւ երբ չեն ջարդած կրօնափոխութիւն պարտադրած են: Կրօնափոխ համշէնցիները մասամբ պահած են իրենց բարբառը եւ աւանդութիւնները:
Լուսինէ Սահակեան գիտէ, որ եթէ մենք տէր չըլլանք մեր պատմութեան, մեր մշակութային ժառանգութեան եւ ինքնութեան, մեր յիշողութեան, զանոնք վերջնականապէս անհետացնելու աշխատողներ կան, հայկական հողին վրայէն հայուն հետքը ի սպառ ջնջելու հետամուտ: Կը գրէ.
«Վերջին շրջանում հայոց Համշէնի գաւառի պատմութիւնն աղճատելու գործին լծուել են թուրք ազգայնական հեղինակները, որոնց ապագիտական եւ անհեթեթ գաղափարներով սնուող թուրքական ազգայնական սոցիալական ցանցերն անհարկի եւ բիրտ յարձակումներ են սկսել Համշէնի պատմութեամբ եւ մշակոյթով հայաստանեան մասնագէտների, մասնաւորապէս իմ ուսումնասիրութիւնների վրայ՝ նրանցում փնտռելով քաղաքական նպատակներ, ինչ որ գաղտնի ենթատեքստեր: Այդ հեղինակները ոչ միայն աղճատում են Համշէնի պատմութիւնը, ամէն գնով հերքելով հայոց դերն ու տեղն այդ պատմութեան կերտման մէջ, այլեւ դեռ այսօր էլ կենսունակ հայոց Համշէնի բարբառին վերագրում են թուրքական ծագում»… «Վերջերս այդ գործում իրենց աջակցութիւնն ու ծառայութիւններն են սկսել մատուցել ադրբեջանական ռազմավարական կենտրոնները, որոնք նոյնպէս հրատարակում են գրքեր՝ այս դէպքում համշէնցիներին վերագրելով ադրբեջանական ծագում» (էջ 305):
Այս իրողութիւններու մթնոլորտին մէջ է, որ Լուսինէ Սահակեան կատարած է իր աշխատանքը, ամփոփելով իրմէ առաջ կատարուած աշխատանքները, ներկայացնելով ձեռագիրները, հեղինակները, վայրերը, ընտանիքները եւ յատուկ անունները: Լուսինէ Սահակեան վերակենդանացուցած է Համշէնը, հայ իշխանական տոհմերու կալուած, երբ թուրք-մոնկոլ ներխուժողները չէին հասած Պոնտոս, Հայաստան, ոչ Կոստանդնուպոլիս:
Ներխուժողները գիտեն, որ այդ աշխարհներուն մէջ օտար են, բռնագրաւած են, եւ կը պատահի որ զայրոյթի պահու մը ըսեն ճշմարտութիւնը, ինչպէս այդ ըրաւ Ռեչեփ Էրտողան, յայտարարելով, որ «Իսթանպուլը երբեք Բիւզանդիոն պիտի չըլլայ»: Առածը կ՛ըսէ՝ «գող՝ սիրտը դող»:
Կը խորհիմ, որ հայ ազգային գիտակցութեան եւ զարթօնքին մեծապէս կը նպաստէ «Համշէնը Հայկական Ձեռագրերում» գիրքին ներկայացումը, ոչ միայն արդէն յանձնառուներու փակ շրջանակներուն մէջ, այլ համաժողովրդական մակարդակով, որպէս վկայութիւն, փաստագրութիւն, արմատներու պատմութիւն, մշակութային ինքնութեան ինքնատիպ պայքարի փաստ, որպէսզի գիտնանք, թէ ի՛նչ ունէինք եւ ունինք, ի՛նչ ունեցած ենք եւ ի՛նչ յափշտակուած է, ի՛նչ կը յափշտակուի եւ կ՛ուզեն յափշտակել: Յանդգնութիւն պէտք է ժողովուրդ մը իսլամացնելէ ետք անոր հայկական բարբառին վերագրել… թրքական ծագում:
Պարզ. Լուսինէ Սահակեանի գիրքը տանիլ ժողովուրդին, որպէսզի Համշէնը մնայ հայկական: Տանիլ դպրոցներ, դասարանները, հայեցի դաստիարակութիւնը բերելով մեր կեանքին մէջ, անցեալ եւ ներկայ: Որպէսզի սերունդները սորվին եւ գիտնան պատմութիւն, աշխարահագրութիւն, մշակոյթ եւ իրաւունք՝ որուն տէր պէտք է կանգնիլ:
Կրկին, մազոխականի սովորութեամբ, գիրքին վերջաւորութեան կարդացի տպաքանակը. 500: Եթէ ուզենք գիրքը տարածել Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ), ան գաղտնի պիտի մնայ, պիտի թաքնուի գրադարաններու մէջ:
Ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի այս գիրքը հասնի քաղաքական գործիչին, ուսուցիչին, մտաւորականին, ուսանողին, քահանային, վարդապետին, լրագրողին, գրադարաններու եւ ակումբներու…
Որպէսզի չմոռնանք, չմոռցուին հող եւ մշակոյթ, եւ չմոռցուինք…