Փեսքով. «Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ստեղծուած Կացութեան Մէջ Կը Շարունակէ Մնալ Անվտանգութեան Յուսալի Երաշխաւորը»

Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած կացութեան մէջ կը շարունակէ մնալ անվտանգութեան երաշխաւորը: Ռուսական «Իզ» կայքը կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքովը:

«Ի հարկէ, մենք մտահոգուած ենք, որ լարուածութիւնը չի թուլանար եւ նոյնիսկ որոշ հատուածներու մէջ աճի միտում ունի: Հակառակ ամէն ինչին, Ռուսիան կը շարունակէ մնալ անվտանգութեան յուսալի երաշխաւոր: Մենք կը շարունակենք հաղորդակցութիւնները թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Պաքուի հետ: Եւ, ի հարկէ, երկու կողմերուն ալ կոչ կ՛ուղղենք զսպուածութիւն դրսեւորելու եւ գործելու երկու տարի առաջ ստորագրուած այդ եռակողմ փաստաթուղթերուն ոգիով` ի հարկէ, հաշուի առնելով այն նոր իրողութիւնները, որոնք ի յայտ եկած են ատկէ ետք», ըսած է Փեսքով:

Comments are closed.