Փարիզի մէջ Հայաստանի նոր դեսպանատան բացման արարողութեան չեն հրաւիրուած Արցախի ներկայացուցիչը, թեմի առաջնորդն ու համայնքի ղեկավարները

Փարիզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր դեսպանատան բացման արարողութեան շարք մը հայ համայնքի ականաւոր ներկայացուցիչներ չեն հրաւիրուած, որոնց շարքին՝ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի փոխ-նախագահներ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան, Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոս Խաչատրեան եւ Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը (CCAF) իր դժգոհութիւնը արտայայտող յայտարարութիւն մը հրապարակած է՝ նշելով, որ նման քայլեր լուրջ հարցեր կը յառաջացնեն Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու եւ Ֆրանսայի հայ համայնքի հետ երկխօսութեան տեսանկիւնէն։

Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, թէ դեսպանատունը կը ներկայացնէ ոչ միայն հայկական պետութիւնը, այլ նաեւ ամբողջ հայ ժողովուրդը՝ իր բազմազանութեամբ, եւ պէտք է հանդիսանայ համազգային միասնականութեան խորհրդանիշ՝ վեր կանգնելով պահի տարակարծութիւններէն եւ կուսակցական հաշուարկներէն։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մինչ այժմ չէ արձագանգած այս հարցին։