Փաշինեան. «Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը Մեր Առաջնահերթութիւնը Չէ»

Horizon Weekly Newspaper

Օրերս հայկական պաշտօնական հրաւէրով Հայաստան այցելած խումբ մը թուրք լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին` մասնաւորապէս նշելով. «Մեր պաշտօնական դիրքորոշումը այն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը այսօր չի գտնուիր մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին»:

Այդ մասին կը յայտնէ akunq.net- ը` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները:

Աղբիւրին համաձայն, Փաշինեան նաեւ յայտարարած է. «Ես թէ՛ Հայաստանի մէջ ելոյթ ունենալու ժամանակ եւ թէ՛ սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն հետ զրոյցներու ընթացքին կ՛ընդգծեմ պատմութեան եւ ներկայի միջեւ տարբերութիւն դնելու անհրաժեշտութիւն: Մենք չենք կրնար պատմութիւնն ու ներկան նոյն ձեւով ընկալել, քանի որ ներկան ներկայ է, իսկ պատմութիւնը` անցեալ»:

Նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին անդրադարձած Փաշինեան ըսած է, որ երբ անցեալին հետ կը համեմատենք ներկայիս երկու կողմերուն միջեւ ծաւալուող երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը, կը նկատենք, որ նշանակալի զարգացում եւ որոշակի յառաջընթաց արձանագրուած է:

«Ես քաղաքական կամք կը տեսնեմ, սակայն կարեւորը այն է, որ այդ կամքը երկու կողմերէն ալ շարունակէ դրսեւորուիլ: Եթէ այդ գործընթացին դիտմամբ փոխադարձ կերպով վնաս չտանք, ապա ըստ իս` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը արդէն միայն ժամանակի հարց կը դառնայ»:

Այսպիսով, ինչպէս որ սպասելի էր, Փաշինեան թուրք լրագրողներու միջոցով Թուրքիոյ եւ համայն աշխարհին ազդարարած է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացէն Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններու հրաժարման մասին: