Փաշինեան հրապարակած է Արցախեան բանակցութիւններուն վերաբերող փաստաթուղթեր

Կառավարութեան կայքէջին վրայ հրապարակուած են Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին առնչուող պետական գերատեսչութիւններու մէջ գտնուող փաստաթուղթերու շարք մը։

Ինչպէս նշուած է անոնց կից մեկնաբանութիւններուն մէջ, փաստաթուղթերը ընդհանուր պատկերացում կու տան մինչեւ 2020 թուականը ընթացած բանակցութիւններու բովանդակութեան մասին։

Հրապարակուած նիւթերուն մէջ ընդգրկուած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի առաջարկները (2016 թ.), Քրաքովի փաստաթուղթը, Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նամակը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին, Քազանի փաստաթուղթը եւ այլ վաւերագրական նիւթեր։

Դեռ յստակ չէ, եթէ Փաշինեանի հրապարակած փաստաթուղթերը ամբողջական են, թէ ոչ։ Հրապարակուած նիւթերը հասանելի են այս յղումով։