Փաշինեան առանց ապացոյցներու կը խօսի «նոր յեղափոխութեան» մասին․ Մայր Աթոռը կը հերքէ պնդումները
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ թիրախաւորած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ը՝ այս անգամ պնդելով, թէ Վեհափառ Հայրապետը տարբեր բնակավայրեր խումբեր ուղարկած է՝ իշխանութեան դէմ նոր շարժում մը սկսելու կարելիութիւնը շօշափելու նպատակով։
Փաշինեան, սակայն, իր պնդումները հիմնաւորող որեւէ փաստ, անուն կամ յստակ մանրամասնութիւն չէ ներկայացուցած։ Ան չէ յայտնած, թէ ո՛վքեր եղած են այդ խումբերուն անդամները, ո՛ր բնակավայրերը այցելած են, որո՛ւ հետ հանդիպած են եւ ի՛նչ խօսակցութիւններ ունեցած են։
«Բագրատի յեղափոխութենէն պրծանք, հիմա ալ պիտի սկսի Կտրիճի յեղափոխութիւնը», ըսած է Փաշինեան՝ ակնարկելով 2024-ին Բագրատ Սրբազանի առաջնորդութեամբ Տաւուշէն սկիզբ առած շարժումին եւ շարունակելով Կաթողիկոսին դէմ իր անձնական յարձակումները։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ժամեր ետք կտրականապէս հերքած է անոր անտեղի պնդումները՝ զանոնք որակելով «հերթական զրպարտութիւն»։ Մայր Աթոռը շեշտած է, որ Վեհափառ Հայրապետը որեւէ պատուիրակութիւն չէ ուղարկած որեւէ համայնք։
Էջմիածինէն պարզաբանած են, որ Փաշինեան հաւանաբար նկատի ունի Մասեացոտնի թեմի նորանշանակ առաջնորդ Ռուբէն Եպս. Զարգարեանի հովուական այցելութիւնը Տիգրանաշէն, ուր Սրբազանը այցելած է եկեղեցւոյ սպասաւորի ընտանիքին։
Մայր Աթոռը ընդգծած է, որ հոգեւորականները ազատ են իրենց առաջնորդական պարտականութիւններն ու հոգեւոր ծառայութիւնը կատարելու մէջ, եւ թէ նման այցելութիւններուն քաղաքական բնոյթ վերագրելը Եկեղեցին քաղաքական գործընթացներու մէջ ներքաշելու փորձ է։ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը իշխանութեան այս պնդումները որակած է յօրինուած եւ արհեստական օրակարգի մաս։
Այս զարգացումը տեղի կ’ունենայ իշխանութիւն-Եկեղեցի յարաբերութիւններու շարունակուող լարուածութեան պայմաններուն մէջ։ Մայր Աթոռը նաեւ յայտնած է, որ Կաթողիկոսն ու վեց եպիսկոպոսներ ներկայ պիտի չգտնուին վաղուան դատական նիստին՝ օգտուելով օրէնքով իրենց վերապահուած իրաւունքէն։ Նիստին պիտի մասնակցին միայն անոնց պաշտպանները։
Գործը կը վերաբերի Մասեացոտնի թեմի նախկին առաջնորդ Գէորգ Եպս. Սարոյեանի պաշտօնազրկման։ Մայր Աթոռը կը շեշտէ, որ եկեղեցական պաշտօններու եւ ներեկեղեցական հարցերու նկատմամբ պետական միջամտութիւնը ոտնձգութիւն է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան դէմ։