Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում. գերիներու եւ Արցախի հարցերը՝ դուրս, առեւտուրն ու TRIPP-ը՝ օրակարգին վրայ

ՊԻՇՔԷՔ.- Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պիշքէքի մէջ հանդիպում ունեցած են՝ քննարկելով TRIPP-ի իրականացումը, սահմանազատման գործընթացը, երկկողմ առեւտուրն ու տնտեսական համագործակցութիւնը։

Հանդիպումէն ետք հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերը հրապարակած են գրեթէ նոյնաբովանդակ հաղորդագրութիւններ, ինչ որ անգամ մը եւս ցոյց կու տայ երկու իշխանութիւններու կողմէ բանակցային գործընթացը հնարաւորինս համաձայնեցուած հանրային ձեւակերպումներով ներկայացնելու միտումը։

Հայաստանի կառավարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Փաշինեան եւ Ալիեւ քննարկած են TRIPP-ի իրականացման առնչուող յետագայ գործնական քայլերը եւ ընդգծած՝ ծրագրի շրջագիծին մէջ հաղորդակցութեան ու փոխկապակցուածութեան նախագիծերուն կարեւորութիւնը։

Երկու ղեկավարները նաեւ անդրադարձած են Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանի սահմանազատման գործընթացին՝ կարեւոր նկատելով համապատասխան պետական յանձնաժողովներուն աշխատանքը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը՝ երկու երկիրներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն հիման վրայ։

Կողմերը համաձայնած են շարունակել անմիջական երկկողմ շփումները՝ «տեւական խաղաղութեան ամրապնդման, միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ կապակցուածութեան ընդլայնման» նպատակով։

Ուշագրաւ է, սակայն, որ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ որեւէ յիշատակում չկայ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն եւ քաղաքական բանտարկեալներուն, Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքին, հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան կամ անվտանգային այն խնդիրներուն մասին, որոնք կը շարունակեն մնալ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու առանցքային եւ չլուծուած հարցերուն շարքին։

Փոխարէնը, հաղորդագրութեան զգալի բաժինը նուիրուած է առեւտրային եւ տնտեսական համագործակցութեան հեռանկարներուն։ Նշուած է, որ ատրպէյճանական նաւթամթերքի արտահանումը Հայաստան, հացահատիկի եւ երրորդ երկիրներէ ծագող այլ ապրանքներու՝ Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան տարանցումը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրային յարաբերութիւններու հաստատումը ներկայացուած են իբրեւ խաղաղութեան ամրապնդման «գործնական դրսեւորումներ»։

Փաշինեան եւ Ալիեւ նաեւ ողջունած են երկու երկիրներու գործարար շրջանակներուն միջեւ շփումները եւ քննարկած տնտեսական, առեւտրային ու ուժանիւթային համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման հնարաւորութիւնները։

Այսպիսով, հանդիպումի պաշտօնական օրակարգին մէջ տնտեսական կապերու խորացումը կրկին առաջնային դիրք զբաղեցուցած է, մինչդեռ հայ հանրութեան համար կենսական նշանակութիւն ունեցող քաղաքական, մարդասիրական եւ անվտանգային շարք մը հարցեր առնուազն հրապարակային հաղորդագրութեան մէջ ամբողջովին դուրս մնացած են։

Հանդիպման մաս կազմած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեան եւ Շահին Մուստաֆաեւ, արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Փաշինեան եւ Ալիեւ Խրխզիստան ժամանած են՝ մասնակցելու Պիշքէքի մէջ կայացող Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովի ՇՀԿ+ ձեւաչափի հանդիպումին եւ անոր ծիրին մէջ նախատեսուած միջոցառումներուն։

Հայաստանի կառավարութիւնը աւելի կանուխ տեղեկացուցած էր, որ Փաշինեան հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ օտարերկրեայ գործընկերներու հետ։ Կը սպասուի նաեւ անոր հանդիպումը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, որ պիտի ըլլայ Փաշինեան-Փութին առաջին հանդիպումը Հայաստանի վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք։