Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպման Ընդառաջ. Եւրոպական Խորհրդարանի 43 Պատգամաւորներ Նամակ Յղեցին Շարլ Միշելին

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ Լուքաս Ֆուրլասի եւ Ֆրանսուա-Քսավիէ Պելամիի նախաձեռնութեամբ, Եւրոպական խորհրդարանի 43 երեսփոխաններ` բոլոր գլխաւոր քաղաքական խմբակցութիւններէն, նամակ յղեցին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելին եւ Եւրոպայի Արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելին` Պրիւքսելի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման ընդառաջ:

Այս մասին հաղորդուեցաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի Դիմատետրի էջէն, ուր կը նշուի, որ երեսփոխանները ահազանգեցին Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ բնիկ հայ բնակչութեան նկատմամբ գործադրուող ցեղային զտման քաղաքականութեան վերաբերեալ: Անոնք Եւրոպական Միութեան գործադիր ղեկավարներուն կոչ ուղղեցին` օգտագործելու միութեան տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր լծակները Ազրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու համար, որպէսզի այդ երկիրը վերջ տայ Արցախի մէջ իր յարձակողական քաղաքականութեան, անյապաղ ետ քաշէ իր զինուած ուժերը ելման դիրքեր եւ դադրեցնէ որեւէ գործողութիւն, որ կրնայ վտանգել Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութեան անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը:

Անդրադառնալով նամակին` ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան շեշտեց. «Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններուն այս նախաձեռնութիւնը կարեւոր ազդակ է` ուղղուած Եւրոպական Միութեան գործադիր ղեկավարներուն, քանի որ անիկա Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութեան յստակ գնահատական կու տայ` զայն բնորոշելով իբրեւ ցեղային զտման քաղաքականութիւն: Պէտք է շարունակենք հետեւողական ըլլալ, որպէսզի Եւրոպական Միութիւնը ճնշում բանեցնէ Ազրպէյճանի վրայ` վերջ տալու Արցախի հայաթափման սանձարձակ կեցուածքին»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.