Փաշինեանի վարչակարգը լկտիաբար կը շարունակէ արդարացնել Ալիեւը. Իշխան Սաղաթէլեանի արձագանգը՝ Հայաստանի «նախագահ»-ին
- (0)

Հայաստանի մէջ գործող վարչակարգը Պաքուի դրածոն է եւ ամբողջութեամբ կը սպասարկէ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի շահերը։ Այս մասին յայտարարած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան։
Ան անդրադարձած է «այսպէս կոչուած Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի՝ Տաւոսի տնտեսական համաժողովին ընթացքին, որուն մասնակցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, վերջինիս քաղաքական կամք դրսեւորելու եւ խաղաղութեան ձգտելու համար յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելուն»։
«Չէի կրնար չարձագանգել այս ողորմելի եւ ստորացուցիչ տեսարանին։
Հարց ունիմ, պարոն Խաչատուրեան, ինչի՞ համար շնորհակալութիւն յայտնած էք Ալիեւին՝ հինգ հազար զոհերո՞ւ, թէ՞ տասներկու հազար հաշմանդամներու համար։
Կ’ուզեմ հասկնալ՝ ինչո՞ւ համար շնորհակալութիւն յայտնած էք. Արցախը էթնիկ զտման ենթարկելո՞ւ, հայաթափելո՞ւ, թէ՞ հարիւր յիսուն հազար հայ մարդ իր հայրենիքէն զրկելու եւ անտուն ձգելու համար։
Լաւ, ինչի՞ համար շնորհակալութիւն յայտնած էք. Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն շուրջ երկու հարիւր քառակուսի քիլոմեթր գրաւելո՞ւ համար։
Որքա՞ն կարելի է։ Ո՞րն է ձեր՝ Ալիեւին ծառայելու շարժառիթը։
Այս ամէնը ունի մէկ բացատրութիւն. Հայաստանի մէջ գործող վարչակարգը Պաքուի դրածոն է եւ ամբողջութեամբ կը սպասարկէ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի շահերը։ Այլ բացատրութիւն գոյութիւն չունի։
Հակառակ պարագային ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի գործող վարչակարգը միջազգային զանազան ամբիոններու եւ հարթակներու վրայ ամբողջ աշխարհին Ալիեւը կը ներկայացնէ իբրեւ խաղաղասէր, խաղաղութեան ձգտող, իսկ հետեւաբար Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը՝ իբրեւ ագրեսոր (նախայարձակ-խմբ.)։
Լաւ, ինչո՞ւ Հայաստանի գործող վարչակարգը այսքան ջանասիրաբար կը լուայ Ալիեւի արիւնոտ ձեռքերը՝ ամբողջ աշխարհի աչքին օրինականացնելով Ատրպէյճանի քայլերն ու գործողութիւնները Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդին դէմ։ Պարզ պատճառով մը. անոնք վաղուց ի վեր կը սպասարկեն այդ երկիրներու շահերը»,– ըսած է Իշխան Սաղաթէլեան։