«Փախածներն» ու պատասխանատուութեան ուրացումը
- (0)

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Հաւանաբար բոլորդ ալ տեսած էք երէկուան աղմկայարոյց տեսանիւթը. Երեւանի մետրոյի կառքին մէջ, քարտէզ-կրծքանշաններ բաժնող վարչապետին ու Արցախէն տեղահանուած կնոջ մը միջեւ հանդիպումը վայրկեաններու ընթացքին վերածուեցաւ արդէն աւանդութիւն դարձած փաշինեանական պոռթկումի: «Փախածներով չփորձէք ասել, որ ես Ղարաբաղ եմ տուել», յոխորտաց երկրի ղեկավարը քաղաքացիին վրայ, որ իր ցաւն ու կորուստը յիշելով՝ պարզապէս (եւ քաղաքավարօրէն) կը մերժէր վարչապետին փորձերը: Այս բառերը, ուղղուած զաւկին ձեռքը բռնած մօր մը լոկ լեզուի (եւ ցուցամատի) սայթաքումներ չէին, այլ համակարգային ախտորոշում:
Երբ երկրի առաջին դէմքը կը յարձակի սեփական քաղաքացիին վրայ՝ զայն թիրախաւորելով իր իսկ կրած ողբերգութեան համար, մենք գործ ունինք բարոյական սնանկութեան հետ։ Ասիկա կը փաստէ, որ իշխող ուժին համար քաղաքացին այլեւս պաշտպանութեան արժանի արժէք չէ, այլ պարզապէս վիճակագրութիւն կամ խոչընդոտ՝ իրենց քարոզարշաւին ու աթոռներուն կառչած մնալու ճամբուն վրայ։ Իշխանութեան այսօրուան դէմքը սա է. մեծամիտ, անհաղորդ եւ պատրաստ՝ զոհին մեղաւոր կարգելու, որպէսզի սեփական ձախողութիւնները քօղարկէ եւ մնայ իշխանութեան ղեկին։
Այս ամբողջին մէջ յատկապէս զարհուրելի է անչափահաս երեխայի ներկայութիւնը. վարչապետը ոչ միայն վէճ կը սկսի մօր մը հետ երեխայի աչքին առջեւ, որ ինքնին մեծ սխալ մըն է, այլեւ կը փորձէ զայն քարոզարշաւին մէջ ընդգրկել (ինչպէս սովոր է ընել իր վերջին քարոզչական տեսահոլովակներուն մէջ)։ Երեխաները քաղաքական գործիք չեն, եւ զանոնք քարոզչութեան մաս դարձնելը պետական այրին անվայել, անբարոյական վարքագիծ է։
Աւելին, վարչապետին վարքագիծը կը բացայայտէ այն խորունկ անդունդը, որ կայ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կարգախօսներուն եւ իրականութեան միջեւ. «Խաղաղութիւն»-ը փաստօրէն կեղծ լոզունք մըն է, երբ անոնք իրենց համաքաղաքացիներուն հետ խաղաղ չեն կրնար ըլլալ, երբ այդքան ատելութիւն կայ իրենցսրերուն մէջ: Մարդը, որ ժամանակին «հպարտ քաղաքացիի» դիմակով իշխանութեան եկաւ, այսօր նոյն այդ քաղաքացին կը նուաստացնէ հանրային վայրի մէջ։ Սա կը յուշէ, որ իրենց համար ժողովրդավարութիւնը ոչ թէ համոզում է, այլ գործիք՝ իշխանութիւնը պահելու համար։ Երբ դիմացինդ անպաշտպան է ու վիրաւոր, իսկ դուն քու դիրքդ կ’օգտագործես զայն լռեցնելու համար, դուն արդէն պարտուած ես որպէս պետական այր եւ որպէս մարդ։
Ցաւալի է տեսնել, թէ ինչպէս իշխանական նեղ շրջանակը կը փորձէ նոր ու վտանգաւոր նշաձող մը հաստատել հանրային կեանքին մէջ։ Այն թեզը, թէ քաղաքացին ֆիզիքական բռնութեան չենթարկելը կամ փողոցը չծեծելը արդէն իսկ բաւարար ապացոյց է ժողովրդավարութեան, ո՛չ այլ ինչ է, եթէ ոչ պետականութեան ընկալման անկում։ Եթէ չափանիշը միայն մարմնական վնասի բացակայութիւնն է, ապա կը ստացուի, որ հոգեբանական ճնշումը, մատ թափ տալն ու հանրային նուաստացումը ընդունելի վարքագիծ են պետական բարձրագոյն պաշտօնեայի համար։
Յաջորդող «ներողութեան» թատրոնը նոյնպէս զղջումի հետ կապ չունէր. ասիկա PR վնասներու կառավարում էր, մեղմացում։ Երբ ներողութիւն կը խնդրուի «դէմքի արտահայտութեան», «տոնայնութեան» կամ սխալ ընկալման համար, յանցանքը անուղղակիօրէն կը բարդուի լսողին վրայ։ Սա ներողութիւն չէ, այլ ինքնարդարացում, ուր պատասխանատուութիւնը կը փոխարինուի «էմոցիաներու» մասին դատարկ խօսքերով։ Իսկ միւս կողմէն՝ դեռ չհանդիպած, վարչապետը կը յայտարարէ, թէ գիտէ, որ քաղաքացին պիտի մերժէ զինք ու «հետեւից երկու կոպիտ բառ ալ պիտի ըսէ», սա արդէն ներողութիւն չէ, այլ քօղարկուած հարուած ու հաւանական քուէարկողներու կեդրոնացումի շեմ. նման ձեւակերպումով ան կանխաւ քաղաքացին կը ներկայացնէ որպէս անհանդուրժող, յարձակող կողմ, որպէսզի իր «խոնարհութիւնը» աւելի ցուցադրական դառնայ։
Իսկական ներողութիւնը պէտք է ընդունէր ըսուած խօսքին թունաւոր բովանդակութիւնը, այլ ոչ թէ սրբագրէր արտաքին ձեւը։ Իսկ իշխանական քարոզիչները, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարէն սկսեալ, այս կեղծ ներողութիւնը կը փորձեն ներկայացնել որպէս «նոր մշակոյթ»՝ անհեթեթօրէն զայն համեմատելով «նախկիններու» ըրած-չըրածներուն հետ։ Սակայն ուրիշի վատ վարքագիծով սեփական անբարոյականութիւնը արդարացնելը ոչ թէ նոր մշակոյթ է, այլ պատասխանատուութեան կատարեալ բացակայութիւն։
Այս ամբողջին մէջ նոյնքան ցաւալի է այսպէս կոչուած «քաղաքացիական հասարակութեան» կեցուածքը: Այն շրջանակը, որ տարիներով իրաւունքներու եւ արժանապատուութեան մասին դասեր կը կարդար, այսօր լուռ է կամ կը փորձէ արդարացնել այս ատելութեան խօսքը։ Փոխանակ իշխանութիւնը պատասխանատուութեան կանչելու, անոնք դարձած են վարչակարգի կամակատարները՝ փակ դռներու ետին միջազգային կառոյցներուն հաւաստիացնելով, թէ ամէն ինչ կարգին է։ Այդ լռութիւնը նոյնքան յանցաւոր է, որքան հնչած վիրաւորանքը, որովհետեւ անիկա քօղ կը հանդիսանայ պետական մակարդակով իրականացուող այս նուաստացման քաղաքականութեան։
Արցախցիները «փախած» չեն։ Անոնք բռնի ուժով դուրս դրուած են իրենց հազարամեայ տունէն, որովհետեւ այլընտրանքը պարզապէս մորթուիլն ու բնաջնջուիլն էր։ Յստակ է՝ երբ սեփական պետութիւնը ձեռքերը կը լուայ ու զանոնք կը ձգէ բախտի քմահաճոյքին, անզէն ժողովուրդէն «չփախչիլ» պահանջելը կը նշանակէ զանոնք մատնել ցեղասպանութեան։ Փաշինեանը ի՞նչ կ’ակնկալէր. որ մնային ու սպասէին Ալիեւի «ողորմածութեա՞ն», թէ՞ իր ընկերոջ դահիճներուն կողմէ բռնաբարուելուն ու սպանդին։ Այսօր զանոնք պիտակաւորելը ո՛չ միայն բարոյական անկում է, այլեւ՝ թշնամիի ձեռքը տրուած յարմարագոյն փաստարկ, թէ իբր էթնիկ զտում տեղի չէ ունեցած, այլ՝ մարդիկ կամաւոր հեռացած են։ Սա պետական մակարդակով սեփական ժողովուրդին դէմ իրականացուող դաւաճանութիւն է։
Դառն է, որ այս պարագային թիրախաւորուածը դուստրն է հերոսի մը, որ իր կեանքը զոհեց Արցախեան շարժումին համար՝ այն նոյն պատմութեան, որ այսօրուան իշխանութիւնը կը փորձէ ուրանալ ու ջնջել մէկ մատի թափահարումով։ Հաւանաբար Փաշինեանը չէր ալ գիտեր, թէ ո՛վ է իր դիմացի կինը կամ ո՛վ է անոր հերոս հայրը, բայց ատիկա էական չէ։ Այս դիպուածը գրեթէ նախախնամական է. անիկա լաւագոյնս կը բացայայտէ իր էութիւնը եւ այն ամէնը, ինչ ինքն ու իր կուսակցութիւնը կը ներկայացնեն այսօր։
Իշխանութեան այս վարքագիծը սրբագրողները պէտք է յիշեն մէկ պարզ իրողութիւն. երբ վարչակարգը կը սկսի զոհին մեղադրել իր իսկ դժբախտութեան համար, ան կը կորսնցնէ զայն ներկայացնելու որեւէ իրաւունք։ Պատմութիւնը չի մոռնար ո՛չ պոռացողը, եւ ո՛չ ալ անոր արարքը լռութեամբ կամ ծափահարութեամբ (իրենց պարագային՝ սրտիկներով) արդարացնողը։