Ցեղասպանութեան տարիներուն շուրջ 200 հազար հայ երեխաներ եւ կանայք բռնի իսլամացած են

Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն շուրջ 200 հազար հայ երեխաներ ու կանայք բռնի իսլամացած են։ Միայն կէսը յաջողած է փրկուիլ իսլամական լուծէն։ Այս մասին Սփութնիք Արմենիային յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի (ՀՑԹԻ) գիտական աշխատանքներու փոխտնօրէն Էդիտա Գզոյեան ՀՑԹԻ–ի վերջին հրատարակութիւններուն (8 գիրք եւ 4 ամսագիր) շնորհանդէսին ընթացքին։

Տուեալները հաւաքագրուած են պաշտօնական տարբեր աղբիւրներէ եւ ներառուած՝ «Հալէպի փրկութեան տուն. Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածների 1464 վկայութիւն» գիրքին մէջ։

Ան նշեց, որ հայերու ձուլումն ու բռնի իսլամացումը Օսմանեան կայսրութեան ցեղասպան քաղաքականութեան մէկ մասն է։ Ցեղասպանութիւն իրականացնելու առաջին հրապարակային յիշատակումը եղած է 2008 թուականին, թեմային անդրադարձած է Կոմիտասի ինստիտուտի (Լոնտոն) հիմնադիր Արա Սաֆարեանը, նշելով որ ցեղասպանութիւնը միայն ֆիզիքական ոչնչացում չէ։

Այժմ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան–ինստիտուտին մէջ աշխատանքներ կը տարուին նման տեղեկութիւններու լրացման եւ հանրահռչակման ուղղութեամբ։ Թուրքիոյ մէջ այդ մէկը կը ներկայացուի որպէս մարդասիրական քայլ, մինչ Նիւրեմպերկեան դատավարութեան ընթացքին դատական նիստերէն մէկուն ժամանակ բռնի ձուլումը աւելի մեծ յանցագործութիւն նկատուած էր, քան բուն ոչնչացման փաստը։

«Այդկերպ նրանք ստիպում էին մոռանալ սեփական ծագումը, ազգային ինքնութիւնը», ըսաւ Գզոյեան։

Որո՞նց կ՚իսլամացնէին եւ ինչո՞ւ

Տուեալներ կան, որ իսլամական տուներէն եւ ապաստանարաններէն մօտ 100 հազար հայ փրկուած է։ Գզոյեան նշեց, որ հայերը իսլամութենէ քրիստոնըութեան վերադարձնելու եւ փրկելու արշաւը սկսած է 1915-ին` Ցեղասպանութեան իսկ փուլին: Այդ աշխատանքներուն մասնակցած են ինչպէս հայեր, նոյնպէս ալ միսիոնարներ։ Արշաւը օրինական եւ հրապարակային բնոյթ ստացած է 1918 թուականին` Անտանտի ներկայացուցիչներուն եւ Թուրքիոյ միջեւ Մուդրոսի զինադադարի կնքումէն ետք։

Գզոյեան պարզաբանեց, թէ փաստաթուղթերուն մէջ յատուկ կէտ ներառուած է, որ իրաւունք կու տար բացայայտօրէն զբաղիլ իսլամական ապաստանարաններէն հայ երեխաներու եւ կանանց ազատմամբ ու փրկութեամբ։

Թանգարան–ինստիտուտի փոխտնօրէնը նշեց, որ իսլամացման «արտօնութիւն» բոլորը չունէին։ Օրինակ` աղջիկները պէտք է գեղեցիկ եւ առողջ ըլլային եւ 15 տարեկանէն վեր։ Զանոնք կ՚ամուսնացնէին մուսուլմաններու հետ, ողջ կը պահէին, պայմանով որ հրաժարին իրենց հաւատքէն եւ ազգութենէն։ Տղոց պարագային հիմնական չափանիշը տարիքն էր, անոնք պէտք է մինչեւ 12 տարեկան ըլլային:

Ինչ կը վերաբերի «Հալէպի փրկութեան տուն» գիրքին, ապա այնտեղ զետեղուած են Ազգերու լիկայի արխիւէն (Ժընեւ, Շուէյցարիա) բերուած դիմումներ, Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու 1464 պատմութիւն անգլերէնով, հայերէն թարգմանութեամբ, ճշդուած տեղանուններով, ծանօթագրութիւններով եւ այդ մարդոց լուսանկարներով։

Գզոյեան գիրքին վրայ աշխատած է աւելի քան 15 տարի, այդ ընթացքին ան Ժընեւի մէջ մի քանի անգամ ուսումնասիրած է Ազգերի լիկայի արխիւները։ Գիրքը անփոխարինելի աղբիւր է Հայոց ցեղասպանութեան տարբեր կողմերը ուսումնասիրելու համար։ Ցեղասպանութենէն վերապրածներու սերունդներուն համար այն կարեւոր աղբիւր կրնայ հանդիսանալ իրենց նախնիներուն մասին տեղեկութիւններ ստանալու առումով։ Գզոյեան կ՚ընդգծէ, որ մեծ թիւով հայ երեխաներ եւ երիտասարդ կանայք բռնի առեւանգուած են թուրքերու, արաբներու եւ քիւրտերու կողմէ, ինչ որ խախտում է «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր պատիժին մասին կոնվենցիայի» 2–րդ յօդուածին 5-րդ կէտին` «երեխաներու բռնի տեղափոխումը մարդկային մէկ խումբէ միւսը»։

Այժմ ինստիտուտին մէջ բաժանմունք բացուած է, որ պիտի զբաղի հայրենադարձութեան հարցերով։

1915 թուականին տեղի ունեցած ոճրագործութիւնը, որուն հետեւանքով Օսմանեան կայսրութեան մէջ աւելի քան 1.5 մլն. հայ սպաննուած է, 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը կը համարուի։ Թուրքիան աւանդաբար կը մերժէ ցեղասպանութիւն իրագործելու մեղադրանքներն ու ցաւագին կը համարէ այդ հարցին վերաբերեալ քննադատութիւնները։

Նշենք, որ 2022 թուականին ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915 թուականին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները երկրորդ անգամ անընդմէջ անուանեց ցեղասպանութիւն։ ԱՄՆ-ի նախագահը յիշեցուց, որ 1915 թուականի Ապրիլ 24-ին Օսմանեան իշխանութիւնները հայ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ եւ հասարակական գործիչներ ձերբակալած են, որով ալ սկսաւ Ցեղասպանութիւնը։

Comments are closed.