Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանի «ՍՓԻՒՌՔ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ/ԱՅԼՈՒԹԻՒՆ» հատորի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի մէջ
- (0)

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, եւ կազմակերպութեամբ՝ Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, հինգշաբթի, 16 ապրիլ 2026-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ, Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանի խմբագրած «Սփիւռք Ինքնութիւն / Այլութիւն» հատորի շնորհանդէսը։
Երեկոն բացուեցաւ Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանի բացման խօսքով։
Հատորի ներկայացումը կատարեց «Հորիզոն» Մետիայի Օգնական Խմբագիր Տիկին Սոնա Թիթիզեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնն ու կառուցուածքը։ Ան յատկապէս անդրադարձաւ սփիւռքեան կեանքի մարտահրաւէրներուն եւ ինքնութեան ձեւաւորման հարցերուն։
Ներկայացումէն ետք Տիկին Թիթիզեան քանի մը հարցումներ ուղղեց Տէր Հօր՝ անոր վերլուծական մօտեցումներուն եւ գիրքին խորքային գաղափարներուն վերաբերեալ։
Գիրքի շնորհանդէսին իրենց գեղարուեստական եւ ընթերցողական մասնակցութիւնը բերին՝ Տիկին Լաուրա Մեխակեան Պէրպէրեան, Տիկին Քրիսթինա Սրապոնեան Սանոսեան, Տիկին Մեղրի Պեգարեան Քիլերճեան եւ Օրիորդ Զուարթ Պէրպէրեան։
Փակման խօսքէն առաջ, Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան արտասանեց իր շնորհակալական խօսքը՝ երախտագիտութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութեամբ եւ աջակցութեամբ նպաստեցին այս հատորի լոյս ընծայման եւ շնորհանդէսի կազմակերպման։
Երեկոյի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր պատգամը եւ շեշտեց, որ սփիւռքագէտ մտաւորականներու յօդուածներու եւ աշխատասիրութիւններուն ճամբով, առիթ կ՚ունենանք անդրադառնալու Սփիւռքի այսօրուան մարտահրաւէրներուն եւ ըստ այնմ ծրագիրներ մշակելու ու միասնաբար եկեղեցի եւ կազմակերպութիւններ ղեկավարելու ու զօրացնելու սփիւռքը յանուն մեծ տեսլականին՝ ամբողջական Հայաստանին։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց Տէր Հօր անոր տարած հսկայական աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ Տիկին Սոնա Թիթիզեանին, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց Տէր Հօր պատրաստած արժէքաւոր աշխատասիրութիւնը։
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ







