Տօնական Երթ Եւ Նորագիրներու Ուխտի Արարողութիւն
- (0)

Սեպտեմբեր 21-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրը, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, Մատենադարանին տարածքէն մեկնարկեց տօնական երթը։
Երթի նպատակն էր, արժեւորել անկախութեան գաղափարը եւ նշել անկախութեան օրը։ Մասնակիցները կրեցին Արարատ լերան պատկերով եւ «Անկախութիւնը բացարձակ արժէք է» գրութեամբ շապիկներ։
Երթը անցաւ Մաշտոցի պողոտայով, ապա Սայաթ-Նովայի, Նալպանտեան փողոցներով եւ աւարտեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յուշարձանին մօտ, ուր տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական միութեան նորագիրներու ուխտի արարողութիւնը։
Նախքան արարողութիւնը ելոյթ ունեցան Հ.Յ.Դ. Հայ Երիտասարդաց Միութեան կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Ժորա Աւտալեանն ու Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Իշխան Սաղաթէլեանը։
«Հայաստանի գործող իշխանութեան դաւաճանական քաղաքականութիւնը կը թուլացնէ այն, ինչ ձեռք բերուած է հերոսներու արեան գնով»,– իր խօսքին մէջ նշեց Ժորա Աւտալեան։
Իշխան Սաղաթէլեան իր ելոյթին մէջ անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի՝ «Չորրորդ Հանրապետութիւն» ստեղծելու մտադրութեան, ընդգծեց, թէ այդ յայտարարութիւնը իրականութեան մէջ ինքնախոստովանական ցուցմունք է։
«Այն ինչ հայ ժողովրդին այսօր կը մատուցէ ներկայիս վարչախումբը, իրական եւ ինքնիշխան Հայաստանի գաղափարը չէ, այլ Ատրպէյճանի պատկերացուցած Հայաստանի մոտելն է՝ փոքր, թոյլ, յանձնուած եւ պարտուած։ Հայաստան մը, որուն բնակիչները զրկուած են եւ՛ յիշողութենէն, եւ՛ ազգային դիմագիծէն»,– ըսաւ ան։
Միջոցառման աւարտին, Համբիկ Սասունեանի կնքահայրութեամբ, յիսուն նորագիրներ միացան համալրեց Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական միութեան շարքերը։