Տէր Պետրոսեան խստօրէն կը քննադատէ Փաշինեանի գռեհիկ վարքագիծը լրագրողներուն նկատմամբ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան նոյեմբեր 20-ին խստօրէն դատապարտեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարքագիծը լրագրողներուն նկատմամբ՝ յայտարարելով, որ Հայաստանի որեւէ ղեկավար երբեք նման գռեհիկ վերաբերմունք չէ ցուցաբերած հանրութեան առջեւ։
Տէր Պետրոսեանի յայտարարութիւնը յաջորդեց Հայաստանի Լրագրողներու միութեան հրապարակած բողոքին, որուն առիթ տուած էր նոյեմբեր 19-ին վարչապետին եւ լրագրող Հռիփսիմէ Ճէպէճեանի միջեւ տեղի ունեցած լարուած հարցուպատասխանը։
Կառավարութեան նիստէն ետք տեղի ունեցած ճեպազրոյցին ընթացքին լրագրողը Փաշինեանին հարց ուղղած էր քաղաքական հակառակորդներուն նկատմամբ անոր գործածած վիրաւորական արտայայտութիւններուն եւ սպառնալիքներուն մասին։
Փաշինեան, իր կարգին, լրագրողը եւ ընդդիմադիր քաղաքական շրջանակները մեղադրած էր Եռաբլուր զինուորական պանթէոնի եւ նահատակ զինուորներու յիշատակը քաղաքական նպատակներով շահագործելու մէջ։ Վարչապետը բազմիցս վիրաւորական բնորոշումներով դիմած էր լրագրողին։
Հայաստանի Լրագրողներու միութիւնը խստօրէն դատապարտեց պատահածը՝ զգուշացնելով, որ իշխանութիւններուն կողմէ լրագրողներու հանդէպ գործադրուող ճնշումն ու թշնամական հռետորաբանութիւնը վտանգ կը ներկայացնեն խօսքի ազատութեան եւ ժողովրդավարական սկզբունքներուն համար։
Միութիւնը միջազգային լրագրողական եւ իրաւապաշտպան կառոյցներուն կոչ ուղղեց արձագանգելու վարչապետին վարքագիծին։
Անդրադառնալով այս յայտարարութեան՝ Տէր Պետրոսեան նշեց, որ գոհունակութեամբ ծանօթացած է Լրագրողներու միութեան դիրքորոշումին։
«Հայաստանի ոչ մէկ ղեկավար երբեւէ ինքզինքին արտօնած է ժողովուրդին առջեւ հանդէս գալ նման գռեհիկ վարքագիծով», շեշտեց նախկին նախագահը՝ աւելցնելով, որ այդ վերաբերմունքը Փաշինեանի ստեղծած «իրական Հայաստանի» պատկերն է։
Տէր Պետրոսեան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի զարգացումներուն հետեւող միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները պատշաճ գնահատական կու տան այս դէպքին եւ աչք չեն փակեր երկրի ժողովրդավարական պարտաւորութիւնները խախտող գործելակերպին վրայ։
Վարչապետին եւ լրագրողներուն միջեւ յարաբերութիւններուն հերթական սրումը դարձեալ առաջին գիծ կը բերէ Հայաստանի մէջ լրատուամիջոցներու ազատութեան եւ իշխանութեան հանդէպ քննադատական հարցադրումներ կատարելու իրաւունքին պաշտպանութեան խնդիրը։