Տէր կանգնինք Շուշիով սկիզբ առած յաղթարշաւին

 

«Պայքարով պէտք է նուաճենք մեր ապրելու իրաւունքը եւ այդ պայքարը միասին պէ՛տք է աւարտենք, համոզուած եմ, յաղթանակո՛վ»:

ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ՝Արթուր Մկրտչեան

1992-ի Մայիս 8-ին կերտուած Շուշիի յաղթական ճակատամարտը, անկիւնադարձային թուական կը հանդիսանայ նորօրեայ մեր ազատամարտի տարեգրութեանց մէջ։ Շուշիի ազատագրումով եւ հայ զինուորի արի խոյանքով, Արցախ տարածաշրջանէն ներս կը դառնար աշխարհաքաղաքական գործօններու վրայ ազդեցիկ ռազմաքաղաքական միաւոր։

Աւելին, Շուշիի յաղթանակը իր վճռորոշ բարոյական ազդեցութիւնը կÿունենար նաեւ ազատագրական մարտերուն մէջ մի քանի տարուան փորձառութիւն ունեցող հայկական ուժերուն վրայ, որոնց մօտ կը զարթնէր իբր մարտունակ ազգի ռազմիկներ յաղթանակ կերտելու բնազդը եւ սեփական ուժերուն յենելու մարտական ինքնավըստահութիւնը։

Հայոց անկախ պետականութեան արեւելեան դարպասը հանդիսացող Շուշիի ազատագրումը քաղաքական անհրաժեշտութիւն մըն էր, զոր կերտեցին Արցախեան գոյամարտին շուրջ համախմբուած ազգային ուժերը։

Շուշիին տիրողը՝ կը տիրէ Արցախին։ Արցախին տիրողը, իր ազդեցութեան գօտիին տակ կÿառնէ Անդրկովկաս-Թուրքիա-Իրան աշխարհագրական եռանկիւնին ծիրէն ներս տնտեսական եւ քաղաքական լծակները, ինչպէս նաեւ իր ազդեցութեան կÿենթարկէ քարիւղի խողովակաշարերու անցքերը։ Պատմաքաղաքական այդ հանգրուանին, Արցախին վիճակուած էր շրջանային քարտէսները արդարօրէն գծելու պատմական առիթը։ Շուշիի ազատագրումով, ձեւազեղծուած սահմանները կը վերադառնային պատմականօրէն ճշդուած իրենց հորիզոնականներուն։

Անդրկովկասի տարածքային հիմնախնդիրները, ուշ կամ կանուխ, կրկին պիտի դառնան շահագրգիռ կողմերու քաղաքական սեղանին վրայ գլխաւոր օրակարգ։ Ազդեցութեան ոլորտներու վերադասաւորման յառաջիկայ գործընթացին, ռազմավարական անհրաժեշտութիւն է լուծման որեւէ տարբերակի ձեւաւորման մէջ հիմնական դերակատար ըլլալը։

Արցախն ու Շուշին ազատագրուած են, որպէսզի հարթուի ուղին գալիք նուաճումներուն, որոնք հայ ժողովուրդի ազգային իրաւունքներուն եւ արդար դատին վերատիրացման համար քաղաքական յառաջիկայ մեր մարտահրաւէրներն են տարբեր ճակատներու վրայ։
Ա՛յս է Շուշիի յաղթական պատգամը։ Ազատագրուածը պահելու եւ ապագայ յաղթանակներուն սեւեռելու պատգամը: Տասնամեակներէ ի վեր բռնագրաւուած Շուշին իր հարազատ ժողովուրդին վերադարձաւ գիտակցօրէն դէպի մահուան երախը գացող հայ հրասայլորդի ինքնազոհութեամբ, Վիգէն Զաքարեաններու հայրենի լեռներուն միախառնուած արեամբ, յաղթանակ կերտելու անկոտրում կամքով: Տէր կանգնինք այդ յաղթանակին:

Հորիզոն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.