Տէր­սի­մի քաղաքապետ Մա­չօղ­լու այ­ցե­լեց Մու­սա Լե­րան Վա­քըֆ­լը ­գիւ­ղ

Թուրքիոյ առա­ջին ու միակ կո­մու­նիստ քա­ղաքա­պետը այ­ցե­լեց հա­յաբ­նակ Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղը։

Տէր­սի­մի կամ պաշ­տօ­նական անու­նով Թունճե­լի քա­ղաքի քաղաքապետ Ֆա­թիհ Մեհ­մետ Մա­չօղ­լու Ան­տիոքի շրջա­նին կա­տարած այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս այ­ցե­լած է Վա­քըֆ­լը­գիւղ։  Մա­չօղ­լու դի­մաւո­րուած է թա­ղական խոր­հուրդի ատե­նապետ Ճեմ Չա­փարի, գիւ­ղա­պետ Պերճ Քար­թունի եւ գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րէն «Պոլ­շե­ւիկ» ածա­կանով ծա­նօթ Յով­հաննէս Քես­քի­նի եւ դե­ղագործ Յա­կոբ Քար­թունի կող­մէ։

Հիւր քա­ղաքա­պետը այս առ­թիւ այ­ցե­լած է Վա­քըֆ­լը ­գիւ­ղի եկե­ղեցին եւ նո­րակա­ռոյց թան­գա­րանը։ Թան­գա­րանի այ­ցե­լու­թեան ըն­թացքին Ճեմ Չա­փար բա­ցատ­րութիւններ տո­ւած է թէ թան­գա­րանի իրե­րու մա­սին եւ թէ պատ­մած է Մու­սա Լե­րան հե­րոսա­մար­տի պատ­մութիւ­նը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.