Տէրսիմի հայկական մեծագոյն եկեղեցին փլուզման եզրին է
- (0)

ՏԷՐՍԻՄ.- Թուրքիոյ Տէրսիմի՝ ներկայիս Թունճելիի Հոզաթ գաւառի Էրկէն, այժմ՝ Կեչիմլի գիւղին մէջ գտնուող հազարամեայ Սուրբ Յարութիւն հայկական եկեղեցին, որ ծանօթ է նաեւ Էրկանի վանք անունով, տարիներու անխնամութեան հետեւանքով փլուզման անմիջական վտանգի տակ կը գտնուի։
Քարաշէն ճարտարապետութեամբ, կամարակապ մուտքով եւ պատերու քանդակազարդերով յատկանշուող եկեղեցին Տէրսիմի բազմամշակութային անցեալի կարեւորագոյն վկաներէն մէկը կը նկատուի։ Սակայն կառոյցը երկար տարիներէ ի վեր չէ վերանորոգուած եւ շարունակաբար կը վնասուի թէ՛ բնական պայմաններու եւ թէ գանձախոյզներու ապօրինի գործողութիւններուն հետեւանքով։
Եկեղեցւոյ քարերէն մաս մը վնասուած կամ գողցուած է, մինչ մնացեալ պատերուն վրայ զանազան գրութիւններ արձանագրուած են։ Հակառակ անոր, որ 2012-ին Էրզրումի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խորհուրդը ընդունած էր Թունճելիի նահանգային մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան դիմումը՝ եկեղեցւոյ պահպանութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ, մինչեւ այսօր վերականգնման կամ պահպանութեան որեւէ աշխատանք չէ կատարուած։
Քրտական «Ռուտաու» լրատուամիջոցին համաձայն՝ գիւղի բնակիչները կը պահանջեն, որ հայկական եկեղեցին վերականգնուի եւ վերածուի հաւատքի ու մշակութային զբօսաշրջութեան կարեւոր կեդրոնի։
Գիւղի բնակիչ Հայրի Եըլտըզ, քննադատելով պետական մարմիններու անտարբերութիւնը, նշած է, որ գիւղացիները պատրաստ են իրենց կարգին պաշտպանելու պատմական կառոյցը։
Մէկ այլ բնակիչ՝ Մեհմէտ Օղուզ, շեշտած է, որ պատմական եւ կրօնական արժէքները պէտք է պահպանուին, այլապէս անոնք վերջնականապէս պիտի կորսուին։
975 թուականին կառուցուած Էրկանի վանքը կը նկատուի Դերսիմի հայկական մեծագոյն եկեղեցին։ Կառոյցի ներքին պատերուն վրայ մինչեւ այսօր պահպանուած են հայատառ արձանագրութիւններ։
Պատմական վկայութիւններու համաձայն՝ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն Էրկանի վերջին քահանան ողջակիզուած է նոյն եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին 1915-էն ի վեր դադրած է գործելէ։