Տեսլականի Ու Ծրագրի Որոնում

Քառասունչորսօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցն է այսօր: Ամբողջ տարի մը, գրեթէ ամէն օր խօսուած է, գրուած այս պատերազմի մասին, անոր ընթացքին, անոր սկսելուն պատճառներուն մասին վկայութիւններ, տեսակէտներ ու վարկածներ հրապարակուած են, դժբախտաբար բանավիճային մօտեցումով, հին ու նոր պատասխանատուներ որոնելու եւ եղածին պատասխանատուութիւնը ուրիշին վերագրելու սին ու անբովանդակ եզրաբանութեամբ:

Ճշմարտութեան բացայայտումը չէ կատարուած տակաւին: Այն ճշմարտութեան, որուն իմացումը անհրաժեշտ է դաժան հետեւանքներու վերացման համար քաղաքականութիւն մշակելու ու, խօսքերէն ու դատումներէն անդին, բազմաբեւեռ աշխատանքի ձեռնարկելու:

Մ.Ա.Կ.-ի Ընդհանուր ժողովի տարեկան նստաշրջանի բացման առիթով, ճառերով ու պատգամներով հանդէս եկան բազմաթիւ պետական ղեկավարներու շարքին նաեւ Ատրպէյճանի նախագահը եւ Հայաստանի վարչապետը: Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ «տագնապը աւարտած է, ուստի Ատրպէյճան արդէն յայտարարած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու սկսելու պատրաստակամութեան մասին` սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման սկզբունքի, իրարու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման հիման վրայ»: Նիկոլ Փաշինեան հակադարձեց. «Հայաստանը պատրաստ է կառուցողական երկխօսութեան, որ պէտք է յանգեցնէ շրջանի մէջ կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման»: Կողմերը կը թուի, որ տագնապի վերջնական լուծման ընթացակարգին շուրջ համաձայն են, Հայաստանի կողմէ օրակարգային վերապահութեամբ մը, որ էական նշանակութիւն ունի: Արդարեւ, Նիկոլ Փաշինեան դիտել կու տայ, որ «Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը չի կրնար կասեցուիլ ուժի կիրարկումի միջոցով եւ տագնապը չի կրնար լուծուած նկատուիլ ուժի կիրարկումի հետեւանքով: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կը սպասէ իր արդարացի լուծման»:

Իլհամ Ալիեւի համար ղարաբաղեան տագնապը լուծուած է ռազմականօրէն եւ դիւանագիտօրէն: Կը մնայ լուծել սահմանազատման հարցը: Նիկոլ Փաշինեանի համար Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը պէտք է յարգուի, եւ այս է նախատեսուած բանակցութիւններու հիմնահարցը:

Դիրքորոշումները ձեւականօրէն նոյնն են, իրենց բովանդակութեամբ` հակոտնեայ: Ատրպէյճան կ՛աճապարէ ու կը ճնշէ իր ձեռքբերումները դաշնագիրով նուիրականացնելու համար: Հայաստան յոյսը դրած է Մինսքի խմբակի աշխուժացման վրայ, որ կը տատանի ու կ՛ուշանայ:

Հայաստան կը գտնուի ծանր ու դժուարալոյծ երկընտրանքի մէջ: Ատրպէյճանի դիրքորոշումը վերջնագրային բնոյթ ունի, գետնի վրայ գործնական դրսեւորումներով: Հայաստան զբաղած է տակաւին ժողովուրդէն ստացուած խաղաղութեան մանտային շուրջ ժամանակավրէպ ու անցանկալի վէճեր հրահրելով:

Ի՞նչ ընել: Պատերազմի շուրջ քննարկումները լուսանցք մղեցին Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման առիթով վերլուծումներն ու պատգամները: Ուշագրաւ է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի 30-ամեակի ուղերձը, որ ահազանգ կը հնչեցնէ. կը մէջբերեմ բաւական ընդարձակ հատուած մը այդ կարեւոր պատգամէն:

«Անհրաժեշտ է իրատեսութիւն, իրականութեան վերարժեւորում. վերամեկնարկի կարիք ունի ո՛չ միայն պետութիւնը, այլեւ պետականութեան մեր զգացողութիւնը, այն կորցնելու հնարաւոր վտանգի հետեւանքների գիտակցումը»: Սահմանադրութեան 123 յօդուածով «Պետութեան գլուխը» հանդիսացող հանրապետութեան նախագահը կը պատգամէ. «Մենք պէտք է ունենանք ազգային եւ պետական յստակ օրակարգ, տեսլական եւ ծրագիր, որոնք պէտք է ուղղորդեն մեր գործողութիւնները մեր գործընկերների հետ շփումներում եւ ընդհանրապէս միջազգային յարաբերութիւններում: Մեզ անհրաժեշտ է ազգային ինքնութեան եւ պետականութեան խորին գիտակցում»:

Հայաստանն ու հայութիւնը վտանգաւոր անկիւնադարձի մը յանդիման կը գտնուին: Պէտք է վերջ տանք փուճ վէճերուն, բաժանարար մեղադրանքներուն ու ազգային միասնականութեան կենարար հովանիին տակ, մշակենք «տեսլական եւ ծրագիր» հայ ազգին ու անոր հայրենիքին համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.