Տեղի ունեցած է Artsakh.travel կայքի շնորհանդէսը

Յունիս 22-ին Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի անուան պետական թատրոնի ճեմասրահին մէջ տեղի ունեցած է Artsakh.travel կայքի շնորհանդէսը: Կայքէջի նորացման եւ թարմացման աշխատանքu իրականացուած է Եւրոպական բարեկամներու ֆինանսական աջակցութեամբ եւ Զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութեան, ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան համատեղ ջանքերով: Արցախի զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները նորովի ներակայցնող կայքէջի ստեղծման աշխատանքները մէկ տարի տեւած են:

Կայքէջի շնորհանդէսի արարողութեան ներկայ էին ԱՀ արտաքին գործերու նախարար Մասիս Մայիլեանը, ԱՀ  մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահվերդեանը, Արցախի զբօսաշրջային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ: ԱՀ ՄԵՀԶ նախարար Սերգէյ Շահվերդեանը նշած է կայքէջի ստեղծման կարեւորութիւնը, որ կրնայ մրցիլ աշխարհի որեւէ երկրի զբօսաշրջային կայքէջի հետ:

Artsakh.travel կայք այցելողը հակիրճ տեղեկութիւններ կը ստանայ Արցախի, հիմնական զբօսաշրջային ուղղութիւններու մասին, կը ծանօթանայ յառաջիկայ միջոցառումներու ժամանակացոյցին: Նոր կայքի բաժինները, հնարաւորութիւնները եւ տարուող աշխատանքները ներկայացուցած է ԱՀ ՄԵՀԶ նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեանը: Ան նշած է, որ նպատակը ոչ թէ լոկ նոր կայք ունենալն է, այլ՝ նոր պոտենցիալով, նոր տիզայնով եւ լայն հնարաւորութիւններով տեղեկատուական հարթակ ստեղծելը. «Արցախի մասին տեղեկատուութիւնը հիմնականօրէն հակամարտութեան, պատերազմի թեմայով է եւ շատ կարեւոր է այսպիսի կայք ունենալը, որ տեղեկատուութեան փոխանցման հրապուրիչ գործիք պիտի ըլլայ»:

Կայքը ստեղծողները առաջնորդուած են երեք սկզբունքներով՝ արդիական տիզայն, պոտենցիալ զբօսաշրջիկներու համար առաւելագոյն տեղեկատուութիւն եւ ինթըրաքթիւ ֆորմաթ: Ան այժմ կը գործէ անգլերէնով, յառաջիկային պիտի գործեն հայերէն եւ ռուսերէն բաժինները, իսկ մինչեւ տարեվերջ նաեւ՝ պարսկերէն, արաբերէն, սպաներէն, գերմաներէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.