Տեղահանութեան հետեւանքով կոտորուած, անհետացած եւ իսլամացուած հայերու թիւեր. «Հայաստան», 19 Օգոստոս 1915
- (0)

Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերագրութիւններու աղբիւր եղած է Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեան, որ հրատարակուած է 1915-ի Մարտէն մինչեւ նոյն տարուան Սեպտեմբերը եւ հետագային՝ 1919–1925։ Ստորեւ կը հրապարակենք 19 Օգոստոս 1915-ի թիւէն կարճ լրատուութիւններ.
Ահաւոր թիւեր
Համաձայն վերջերս կազմուած տեղեկագրի մը, որուն թիւերը, ինչպէս կը հաստատեն, առնուած են ամենավստահելի աղբիւրներէ՝ տեղահանութեան հետեւանքով կոտորուած, անհետացած եւ իսլամացուած հայերուն թիւն է.
Նիկոմիդիայէն 65,000 հոգի, Արմաշէն 5,000, Պրուսայէն 25,000, Պանտրմայէն 15,000, Կեսարիայէն 40,000, Սեբաստիայէն 81,000, Եւդոկիայէն 23,000, Ամասիայէն 25,000, Շապին-Գարահիսարէն 25,200, Սամսոնէն 20,000, Տրապիզոնէն 32,700, Կարինէն 72,000, Երզինկայէն 25,000, Բաբերդէն 17,000, Բասէնէն 10,500, Դերջանէն 15,000, Քեմախէն 10,000, Խարբերդէն 45,000, Քղիէն 24,000, Սղերդէն 25,000, Տիգրանակերտէն 55,100, Ակնէն 10,200, Արաբկիրէն 19,500, Չմշկածակէն 9,000, Հալէպէն 15,800, Սիս-Հաճընէն 30,300, Զէյթուն-Ֆռնուզէն 28,000, Տիվրիկէն 11,300, Բաղէշ-Մուշէն 51,500:
Ընդամէնը 835,600 հոգի:
Առաջնորդները
Թուրքիոյ թեմերու առաջնորդներէն իթթիհատական ճիւաղներու գազանութեան ենթարկուած են հետեւեալները.
Տիգրանակերտի առաջնորդ Չլղատեանը ողջ-ողջ այրուած է, Նիկոմիդիոյ՝ Յովակիմ Եպիսկոպոսը բանտարկուած, Արմաշի վանահայր Մեսրոպ Եպիսկոպոսը բանտարկուած է, Պրուսայի Դանիէլեանը՝ ձերբակալուած, Կեսարիոյ Պէհրիկեանը՝ ձերբակալուած, Սեբաստիոյ Գալէմքէրեան Եպիսկոպոսը սպաննուած, Եւդոկիոյ Գասպարեանը՝ բանտարկուած, Շապին-Գարահիսարի Թորիկեանը՝ կախաղան հանուած, Սամսոնի Համազասպը` բանտարկուած, Տրապիզոնի Դուրեանը՝ ձերբակալուած, Քէմախի Հմայեակը՝ բանտարկուած, Խարբերդի Խորէնեանը՝ սպաննուած, Չարսանճագի Նալբանտեանը՝ կախաղան հանուած, Հալէպի Դանիէլեանը՝ բանտարկուած, Բաղէշի Գալէնտէրեանը՝ բանտարկուած, Կարինի Սաատէթեան Եպիսկոպոսը սպաննուած:
Մնացածներուն վիճակին մասին ոչ մէկ լուր: