Տարբեր Ուղղութիւններով Ինքնաշարժներու Երթ Եւ Հանրահաւաք` Երեւանի Մէջ

Դիմադրութեան շարժումը 11 մայիսին Երեւանի փողոցներուն մէջ տարբեր ուղղութիւններով իրազեկման անհնազանդութեան ինքնաշարժներով երթ կատարեց` հայրենասիրական երգերու ընկերակցութեամբ:

ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան դիտել տուաւ, որ ցուցարարներուն միացողներ կան, ինքնաշարժներէն ազդանշան կու տան, որ այս շարժումին զօրակից են:

Անդրադառնալով մարզային այցելութիւններուն` ան ըսաւ, որ անոնք շարունակական բնոյթ պիտի կրեն, հակառակ անոր որ անբարոյական քարոզչութիւն կը տարուի այս շարժումին դէմ: Ան դիտել տուաւ, որ ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ, միջազգային հանրութեան ուշադրութեան առարկայ է: Անդրադառնալով վերջին օրերուն տեղի ունեցող սադրանքներուն` Մանուկեան ըսաւ, որ այս բոլորը կը փաստեն, թէ իշխանութիւնը ոչ մէկ ձեւով կրնայ դիմագրաւել այս շարժումը:

ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Թադեւոս Աւետիսեան վստահութիւն յայտնեց, որ պիտի պայքարին մինչեւ վերջ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ունենալ հայու հայրենիք` առանց կաշկանդումներու եւ ճնշումներու` աւելցնելով, որ այս իշխանութեան հեռացումով եւ միասնակամութեամբ կարելի է հասնիլ այս նպատակի իրականացման:

Նոյն օրը երեկոյեան, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Դիմադրութեան շարժման հանրահաւաքը: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, թէ այնքան ատեն որ այս իշխանութիւնը կայ, կարելի չէ բնականոն կեանք ունենալ` շեշտելով, որ պետական համակարգը պէտք չէ ծառայէ այս իշխանութեան: Ան հաստատեց, որ անհնազանդութեան շարժումները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ հասնին այնպիսի տարողութեան, որ ժողովուրդին ցասումը այլեւս կարելի չըլլայ կասեցնել:

Ապա ցուցարարները ուզեցին քայլերթ կատարել Սայաթ Նովա-Աբովեան փողոցներով. թէեւ ոստիկանութիւնը փորձեց փակել Աբովեան փողոցը, որպէսզի շարժման մասնակիցները մուտք չգործեն Հանրապետութեան հրապարակ, բայց եւ այնպէս երթը շարունակուեցաւ, եւ անոր մասնակիցները  Հանրապետութեան հրապարակէն ուղղուեցան Վազգէն Սարգսեան փողոց, ուր կը գտնուին Գլխաւոր դատախազութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքերը: Նախարարութեան շէնքին կը հսկէին վահաններով ու սաղաւարտներով զինուած ոստիկանները: Երթին մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Երեւանի քաղաքապետարան, ուր Իշխան Սաղաթէլեան կոչ ուղղեց առանց զիրար հրելու` ձեռքերով շղթայ կազմելու եւ շրջափակելու քաղաքապետարանի շէնքը:

Դիմադրութեան շարժման մասնակիցները շրջափակեցին Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքը, վիճակը լարուեցաւ, երբ մեծ թիւով ոստիկաններ հաւաքուեցան քաղաքապետարանին մօտ, քաշքշուք սկսաւ: Ցուցարարները փակ պահեցին քաղաքապետարանի դռները` հակառակ ոստիկաններուն սադրած բախման: Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտարարեց, որ եթէ քաղաքապետարանի աշխատակիցները կ՛ուզեն միանալ իրենց պայքարին, կրնան միանալ, այլապէս չեն կրնար դուրս գալ` նշելով, որ ասիկա ուղերձ է անոնց, որ միանան համաժողովրդային շարժումին:

Մօտ մէկ ժամ Երեւանի քաղաքապետարանի 4 մուտքերը շրջափակուած պահելէ ետք ցուցարարները ուղղուեցան Ֆրանսայի հրապարակ, ուր, հակառակ յորդառատ անձրեւին, տեղի ունեցաւ բազմամարդ հանրահաւաք:

Ելոյթներով հանդէս եկան «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահէ Յակոբեան, մանկավարժական համալսարանի դասախօս Լեւոն Նազարեան, արհեստագիտութեան ոլորտի ներկայացուցիչ Ռաֆայէլ Ղասաբեան, երաժիշտ, թառահար Միքայէլ Ոսկանեան, քանատահայ գործարար Հրաչ Ճապրայեան եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Ղազինեան:

Հանրահաւաքի աւարտին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Իշխան Սաղաթէլեան, որ ըսաւ, թէ առաջին անգամ ըլլալով շրջափակած են պետական շէնքերէն մէկը` Երեւանի քաղաքապետարանը: «Հերթով նման կառոյցները պիտի շրջափակենք եւ պիտի հասնինք հոն, որ երկրին մէջ ստեղծուի լիարժէք երկիշխանութիւն», ըսաւ ան` շեշտելով, որ այս օրերուն Հայաստանի մէջ ծաւալած պայքարին զուգահեռ բուռն քայլեր ու գործողութիւններ տեղի կ՛ունենան նաեւ սփիւռքի մէջ:

Ապա ան ներկայացուց 12 մայիսի շարժումներու ծրագիրը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.