«Տաճկահայ Գաղթաշարժը Եւ Անոնց Դերը Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմութեան Մէջ» – Ը.
- (0)

Գլուխ Երկրորդ
1914 – Բասէն Եւ Ալաշկերտ
ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ
Վարչական Եւ Զինուորական Աշխատանքը
Օգնութեան գործին զուգահեռաբար կը տարուէր վարչական կազմակերպութեան աշխատանքները: Գիւղական նախկին վարչութիւնները կը լրացուէին նոր անդամներով: Անոնց լիազօրութիւն կը տրուէր որ հաշտարար դատաւորներու դերը ստանձնեն, փոքրիկ վէճերը հարդելու համար: Այդ վարչական կազմերու եւ Բասէնի մարմնի անմիջական հսկողութեան շնորհիւ խիստ կարգապահ վիճակի մէջ կը մնային գաղթականները: Մինչդեռ ռուսական Բասէնի գիւղերը կը մնային անկերպարան եւ ենթակայ էին ստրաժնիքներու(ժանտարմա) քմահաճոյքին:
Գաղթականութեան մէջ տարուած աշխատանքը իր բարերար ազդեցութիւնը ունեցաւ տեղացիներու վրայ: Իրենց խնդրանքով, Բասէնի մարմինը ձեռնարկեց ռուսական Բասէնի հայ գիւղերու ներքին կազմակերպութեան: Ռուսական իշխանութիւնը զգալի էր: Բայց Ազգային իշխանութեան եւ Դաշնակցութեան հմայքը բաւական բարձր էր: Գիւղացիները հարկադրուած էին կատարուած աշխատանքը նկատել ներքին ազգային գործ,- գաղտնի, եթէ կ’ուզէք, եւ ենթարկուիլ կարգադրութիւններուն: Այդ ձմեռուայ ընթացքին, ուրեմն, կազմակերպուած էր նաեւ ռուսական Բասէնը եւ կը տնօրինէր իր ներքին կեանքը, առանց ապաւինելու բրիստաւին (ոստիկանապետին):
Կամաւորական գունդերու բացակայութեան պատճառով, ապահովութեան խնդիրը կը դառնար առաջնակարգ: Մենք չէինք կրնար կլանուած մնալ միայն օգնութեան եւ կազմակերպչական աշխատանքով: Ստիպուած էինք այդ անզէն բազմութեան ինքնապաշտպանութեան մասին մտածել: Զինուորական լուրջ ձեռնարկ մը գլուխ բերելու համար հարկաւոր էր Թիֆլիս, փոխարքայէն, կամ Կարսի ճակատներու ընդհանուր հրամանատարէն արտօնութիւն եւ միջոցներ խնդրել: Բայց դիտուած է որ կեդրոններու գլխաւոր իշխանութիւնները միշտ խեթ աչքով նայած են նման ձեռնարկներու վրայ, եւ արգիլած: Կամաւորական գունդերն իսկ մեծ դժուարութիւններու մատնուած էին իրենց գործը քիչ մը աւելի լայնցնելու դիտաւորութեան մէջ: Հարկաւոր էր այլ միջոցներու դիմել եւ առանց բարդութիւններու հասնիլ հետապնդուած նպատակին…
Քեռիի գունդին տրամադրած էին 400 բերդաններ, որպէսզի իր կամաւորներու թիւը աւելցնէր: Բայց բերդան հրացանով թրքական բանակներու դէմ կռուիլն անհնարին էր: Այդ զէնքերն առանց գործածութեան կը մնային Սարիխամիշ: Այլ վայրեր փոխադրելը դժուար էր: Բասէնի մարմինը մտածեց դիմել Բասէնի ճակատի հրամանատար Զօր. Բարաթովին եւ համոզել զայն տեղական միլիցիա կազմակերպելու: Մենք կը խոստանայինք ամէն տեսակ թիկունքային օժանդակութիւն բերել Բասէնի ճակատի զօրքերուն, ներքին կարգը պահպանել եւ հսկել շրջակայ քիւրդերու վրայ, որպէսզի ռուսական զօրքի թիկունքը չվտանգեն: Այն ինչ որ հնարաւոր չէր գլուխ բերել Թիֆլիսի կամ Կարսի մէջ, ճակատի մը հրամանատարի հետ կարելի եղաւ կարգադրել: Զօր. Բարաթով արտօնեց 400 բերդան հրացաններու փոխադրումը եւ անոնցմով զինել Բասէնի երիտասարդութիւնը՝ միլիցիա անուան տակ: Բարաթովի բարեացակամ վերաբերմունքը մեզի կը զօրացնէր Բասէնի մէջ: Օրինական թղթերով կը զինուէր ժողովուրդը եւ բերդան հրացանի հետ, թրքական մաւզէրն ու ռուսական մօսին ալ եղած արտօնութեան տակ կը ծածկուէին:
Զէնքերը բաշխուեցան ընտրովի երիտասարդներուն: Իւրաքանչիւր գիւղն ունեցաւ իր տասնեակները: Աւելի մեծ գիւղերը քանի մը տասնեակ: Մինչեւ գարնան, երկրագործական աշխատանքներու վերսկսիլը, մարզանքը պարտաւորիչ դարձուցինք: Շատ յաճախ շարք մը գիւղերու տասնեակները ի մի կը բերուէին, միասին մարզանք կատարելու համար:Այսպիսով, մենք Բասէնի մէջ ունէինք 400 հոգինոց զինուած ժողովրդական բանակ (միլիցիա) մը, որ մասամբ կը փոխարինէր կամաւորական գունդերը: Զինուորական այս ուժի ներկայութիւնը եւ զինելու մեր ունեցած արտօնութիւնը կը բարձրացնէր Բասէնի մարմնի հեղինակութիւնը, որով իր միւս կարգադրութիւններն ալ կ’արդիւնաւորուէին:
Համայնական Աշխատանքը
Առաջին շրջանի շինարարական եւ վարչական ընդհանուր աշխատանքի մէջ, վերին աստիճանի հետաքրքրական է, եւ շատ ուսանելի իմաստ մը կը պարունակէ Բասէնի համայնական շինարար աշխատանքը որուն ձեռնարկեց Բասէնի Ազգ. Մարմինը եւ կրցաւ գլուխ բերել: այդ տեղ յայտ կուգայ ոչ միայն մարմնի ընդունակութիւնն, գործի գիտակցութիւնն ու համերաշխութիւնը, այլ նաեւ մեր ժողովրդի համայնական կենցաղի ատակութիւնը:
Ժողովրդի ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանելու հետ մէկտեղ, Բասէնի Ազգ. մարմինը 1915 փետրուար ամսէն սկսած՝ ձեռնարկեց սերմացուի հաւաքման գործին: Պատրաստուած ծրագրի մը համաձայն մարտի սկզբէն ռուսական Բասէնի մէջ կուտակուած գաղթականութիւնը, մաս առ մաս փոխադրուեցաւ տաճկական Բասէնի հայկական եւ այլազգի (թուրք եւ քիւրդ) թափուր մնացած գիւղերը: Այդ գիւղերը կռուի ճակատէն 15 քիլօմէթր հեռու պիտի գտնուէին: Բարեբախտաբար դատարկ գիւղերը շատ էին եւ լիովին կը բաւարարէին Բասէնի ազգաբնակչութիւնը տեղաւորելու. սակայն ապրեցնելու համար հարկաւոր էր բոլոր հողերը մշակել:
Տեղաւորման գործը վերջացաւ երկու շաբաթէն: Գաղթականներու մէջ կազմակերպուած վարչական մարմինները եւ գիւղական միլիցիան օժանդակեցին մարմնին, տեղաւորման ծրագիրը կանոնաւոր կերպով գործադրելու:
Տեղաւորման զուգընթաց՝ հացահատիկներու հաւաքման գործը կազմակերպուեցաւ, եւ վարչական մարմիններու կողքին ստեղծուեցան ցորեանի ամբարներ, յատուկ պաշտօնեաներու հսկողութեան ենթակայ: Ընթերցողը պիտի զարմանայ գարնանային այդ հունձքի մասին կարդալով: Բայց իրօ՛ք ատիկա փրկարար հունձք մըն էր: Մենք մինչեւ գարնանամուտ Բասէնի կարիքաւոր ժողովրդին օգնութեան հասած էինք ընդամէնը 2000րուբլու սահմաններու մէջ: Բարեգործական ընկերութիւնները հազիւ այդքան մը օգնութիւն կրցած էին հասցնել: Իսկ այն աշխատանքը որ Բասէնի մարմինը կը ծրագրէր սկսելու հարիւր հազար րուբլիներու կը կարօտէին: Այս խոշոր կարիքին ընդառաջ երթալու համարԲասէնի մարմինն իր ուշադրութիւնը դարձուց գրաւուած վայրերու հնարաւորութեանց վրայ, եւ աշխատեցաւ կազմակերպուած համայնական աշխատանքով կատարել այն, ինչ որ բարեգործութեամբ եւ այլ օժանդակութիւններով անկարելի պիտի ըլլար իրականացնել:
Գարնան այդ հունձքը լքուած հորերն էին: Աշնան առաջի ամիսներուն Բասէնի այլազգի բնակիչները հեռացած էին թրքական զօրքին հետ եւ այլեւս ետ չդարձան: Հայերն իրենց հորերը մաս առ մաս հանեցին եւ ապրեցան: Այսպիսով, երբ գարնան մենք ժողովուրդը տեղաւորած էինք մեզի առայժմ բաժին մնացած Բասէնի գիւղերուն մէջ, մրջնային եռուզեռ կեանք մը սկսաւ հոն, աշնան հունձքի մը տպաւորութիւնը թողնելով: Կային անհատներ, որ իրենց սեփական հորերն ապահով վիճակի մէջ կը գտնէին եւ տէր կը դառնային իրենց ճակատի քրտինքին: Բայց ընդհանուր առմամբ մնացորդ ցորեանի հորերը այլ ազգիներուն կը պատկանէին: Այդ բոլոր հորերը գտնելը, առանց կողոպուտի հանելը եւ բաշխումը կատարելը բաւական բարդ գործեր էին: Սակայն ժողովուրդը բաւական վարժուած էր ազգային իշխանութեան, միեւնոյն ժամանակ զինուորական ուժ ալ ունէր իր ձեռքինտակ: Ցորենի հաւաքման գործը նկատուեցաւ համայնական աշխատանք մը, իսկ ցորենի ամբողջութիւնը՝ համայնքի սեփականութիւնը: Գիւղի աչքերը շատ էին եւ լեզուները անզուսպ: Գաղտնի իւրացումները դարձան անկարելի: Ու սովորութիւն դարձաւ անմիջապէս գտնուած հորի մասին լուր տալ գիւղի վարչութեան, կամ Ազգային Մարմնին: Կային գաղտագողի աշխատանք կատարողներ ալ, բայց վերջ ի վերջոյ օձիքը ձեռք կուտային՝ իրարու հետ չհամաձայնելով: Գլխաւոր քանի մը գիւղերու մէջ հիմնուեցան սերմացուի պահեստներ: Գտնուած ցորենի մէկ մասը կը տրուէր նոյն գիւղի բնակիչներուն, ամբողջ ամառուայ ապրուստի չափով, իսկ մնացեալ պաշարը գիւղացիներու փոխադրական միջոցներով կը կեդրոնանար կամ տեղի պահեստի, կամ մօտակայ գլխաւոր վայրի մը մէջ: Թէ բաշխուած ցորենի եւ թէ պահեստներու մէջ հաւաքուածը կ’արձանագրուէր որոշ պատասխանատու անհատներու կողմէ: Նոյնիսկ իրենց սեփական հորեր ունեցողներէն ցորենի մեծ մասը, փութը մէկ րուբլի արժէքով կը գտնուէր եւ պահեստ կը փոխադրուէր:
Այսպիսով մարմնի տրամադրութեան տակ մարտի սկզբին հաւաքուած էր մօտ 60,000 փութ (կոտ) ցորեն եւ գարի: Ժողովրդի ապրուստը ապահովուած էր. ուստի որոշուեցաւ պահեստի ամբողջ հացահատիկները սերմացու նկատել եւ կազմակերպել վարուցանքսի խնդիրը: Այդ հիմնական աշխատանքով միայն կարելի պիտի ըլլար դիմագրաւել եկող աշնան եւ ձմեռուայ կարիքները: Բացի այդ վարուցանքսէն, գիւղացին հիմնապէս կը կապէինք նոր գիւղի մը, հայկական շէնութեան մէջ:
Վարուցանքսի խնդիրը բաւական դժուարութիւններ հրապարակ բերաւ, որոնցմով մարմինը ստիպուած էր զբաղիլ: Ամենէն առաջ լծկաններու պակասը, կամ աւելի շիտակը, անոնց անհաւասար բաշխումը (երբ իւրաքանչիւրը տէր կը մնար իր եզներուն) մեզի կը ստիպէր մտածել այն գիւղացիներու մասին, որոնք կամ բնաւ լծկան չունէին եւ կամ՝ մէկ հատ միայն: Կար երկրագործական գործիքներու պակասը: Լծկաններու խնդիրը շատ դժուար էր:
Լծկաններ գնել եւ չունեւորներուն տալ անկարելի էր նիւթական պատճառներով: Նման պարագայի մը, գոնէ 400 զոյգ եզեր պիտի ճարէինք, որ այդ ժամանակուայ գներով, առնուազն 100,000 րուբլիի արժողութիւն պիտի ունենային: Իսկ հայոց հասարակական հաստատութիւնները, այդ ժամանակամիջոցին, նման գումար մը միանուագ հրապարակ չէին կրնար բերել: Մարմինը մտածեց եղածով գոհանալ եւ որոշեց համայնական աշխատանքի կազմակերպման ծրագիր մը հրապարակ դնել, գիւղացիներուն ընդունելի դարձնել եւ աշխատանքով լրացնել պակասը:
Երկրագործական գործիքներու խնդիրը համեմատաբար աւելի դիւրին էր: Բնական է պիտի գոհանայինք նախնական գործիքներով, եւ միայն անոնց վրայ պիտի ջանայինք աւելացնել խոփեր եւ քաի մը գութաններ: Այդ մտածողութեամբ, ցորենի հաւաքման միջոցին, կը հաւաքէինք գտնուած լուծերը, արօրները եւ բոլոր պէտքական գործիքները: Գաղթականական օգնութեան մարմիններէն եւ Ազգային Բիւրոյէն Բասէնի մարմնի մօտ մնացած գումարներով, նոր խոփեր եւ երկաթէ այլ գործիքներ (սղոց, ուրագ, պայտ եւն.) գնուեցան Սարիխամիշէն եւ Կարսէն, ու փոխադրուեցան Բասէն:
Բասէնի մարմինն, ուրեմն ունէր սերմացու, բաւական քանակութեամբ նոր կամ հին երկրագործական գործիքներ եւ ամենէն հիմնականը, Նոր գիւղ, որու հողը, լռելեան՝ ազգին կը պատկանէր. իսկ ազգի ներկայացուցիչը՝ Բասէնի գործիչներու խումբն էր: Այս տուեալները զօրաւիգ հանդիսացան առաջ քշելու համայնական աշխատանքի որոշումը: Մարմնի բոլոր անդամները համոզուած էին այդպիսի աշխատանքի մը արդիւնաւորման: Անոնք ընկերվարականներ էին եւ միեւնոյն ժամանակ լաւ կը ճանչնային հայ գիւղացին: Սակայն զուտ ընկերվարական սկզբունքներու մղումովը չէր որ անոնք այդ գործին ձեռնարկեցին, այլ միջավայրի պահանջը, գործնական օգտակարութիւնն եւ լծկաններէ զուրկ մեծամասնութեան ընդհանուր շահը ստիպեցին Բասէնի մարմինը որ շինարարութեան այդ խոշոր գործը հիմնէ համայնական աշխատանքի վրայ:
Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար համոզել հայ գիւղացիութիւնը նման անսովոր քայլի մը: Մարմինը համոզելու քանի մը զօրաւոր տուեալներ ունէր: Նախ՝ գիւղացիներու հասկցուեցաւ որ հողը ազգինն է եւ ձրի կը տրուի իրենց: Սերմացուն ազգային պահեստէն պիտի ստանար, նաեւ մաս մը գործիքներ: Գիւղացին տէր կը մնար լծկաններուն եւ իր բազուկի ուժին: Մենք կը պահանջէինք որ այդ լծկաններն ու բազուկները համայնանային: Այդ մտածողութիւնը բաւական դիւրութեամբ կ’իւրացնէին անոնք որ լծկան չունէին, կամ միայն մէկ հատ ունէին: Մնացածներուն պէտք էր համոզել: Մարմինը գիւղացիութեան կը համոզէր անոր հասկնալի երկրագործական եւ գիւղատնտեսական կարելիութիւնները պարզելով: Օրինակի համար, դիւրին էր ցոյց տալու երկու եզ ունեցողին, որ դժուար է միայն երկու եզով վարել, ցանել եւ ցաքան ընել, առանց զրկուելու հողի խոնաւութենէն: Այն ինչ որ ջոկ ջոկ չէին կարող ընել 5 անհատներ, շատ դիւրութեամբ պիտի կրնային ընել հինգը միասին, ու շատ աւելի կարճ ժամանակուայ մը ընթացքին: Մէկ մէկ եզ ունեցող տասնեակ մը մարդիկ իրենց միացեալ ուժերով բան մը պիտի կրնային ընել, ու չզրկուիլ եղանակի նպաստաւոր վիճակէն, մինչդեռ առանձին մնալով, կամ ասկէ անկէ (անոնց պարապ ատենը) եզ փոխ առնելով չպիտի կրնային ճիշդ ժամանակին հացահատիկները հողին յանձնել: Շատ եզներ եւ միջոցներ ունեցողներն աւելի կը դժկամակէին, սեփականութեան քարացած իրենց համոզումներով: Այդ վերջիններուն կը բացատրուէր որ իրենք ցանքսին բաժնետէր պիտի ըլլան իրենց եզներու եւ աշխատաւոր ձեռքերու քանակովը: