Վտանգը խզման եւ անհետացման

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Սա է գլխաւոր վտանգը, որ կը ցցուի մեր առջեւ։ Ազգի՛ս առջեւ։

Մեզ իրարմէ օտարելու, իրարմէ բաժնելու, իրարու հակադրելու դաւն է, որ կը նիւթուի մեր դէմ մեր թշնամիներուն եւ միջազգային գերուժերու կողմէ, ու մենք այդ դաւին թակարդը իյնալու վրայ ենք երկուստեք՝ Հայրենիք եւ Սփիւռք։

Հայրենաբնակ կամ երկրաբնակ հայութիւնը թշնամիին իրերայաջորդ ու սաստկացող  պարտադրանքներուն ենթարկուելով եւ հետզհետէ գերաճող զիջումներով՝ կ՚օրօրուի երեւակայական խաղաղութեան մը ու բարօրութեան մը պատրանքներով, իսկ սփիւռքաբնակ կամ արտերկրաբնակ հայութիւնը, փոխադարձաբար, հայրենիքէն երես դարձնելու եւ սեփական պորտին վրայ կեդրոնանալու տրամադրութիւններ սնուցելով՝ խաբկանքը կ՚ունենայ իր խնդիրները լուծելու յաւելեալ կարելիութիւններով օժտուելու։

Ակամայ կը վերյիշեմ ողբ. Վահէ Օշականի երեմիականի նմանող այն անհեթեթ ու խնդրայարոյց յօդուածը, գրուած 2000-ին, որ «Վտանգը» վերնագրուած էր, եւ ուր ան կ՚ափսոսար, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը փութացած էր Հայաստան վերադառնալու վերանկախացման նախօրէին, առանց անդրդառնալու, թէ ան ամբողջովին կը հակադրուէր իրականութեան. Դաշնակցութիւնը չէր վերադարձած, այլ վերընձիւղուած էր հայրենի հողին վրայ, ինչպէս յայտարարած էր պաշտօնապէս։ Այսինքն ան հո՛ն էր ի սկզբանէ, երբեք չէր դադրած ապրելէ հայրենի ժողովուրդի սրտին մէջ, իր հունտերը հոն՝ հողին մէջ էին մնացած ու ահա պարզապէս կը վերնձիւղուէր յարմար պահուն։ Չէր կրնար տարբեր ալ ըլլալ, հակառակ բոլոր հալածանքներուն, որոնց ենթարկուած էր ան ամբողջ 70 տարի։

Եւ ահա հիմա ընկ. Վահէի այդ գրութեան գիտակից կամ անգիտակից ջատագովներ կը յայտնուին՝ համոզուած, որ նկատի առնելով ՀՀ իշխանութիւններու անբարեացակամ, նոյնիսկ թշնամական կեցուածքները մեզի հանդէպ, մենք պէտք է հաւաքենք մեր ճամպրուկներն ու դուրս գանք, հրաժարինք հայրենական մեր գործունէութենէն՝ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու համար Սփիւռքի մեր խնդիրներւն վրայ, անո՛ր զարգացման ու հզօրացման վրայ։

Այս յօդուածիս նպատակը չէ վերլուծել հայրենական իրավիճակը, այնտեղ մեր գործունէութիւնը՝ իր առաւելներով ու պակասներով, ոչ ալ աշխարհատարած հայութեան իրավիճակը՝ զայն բարելաւելու իր բոլոր հրամայականներով։ Նպատակս է հակադրուիլ այս խզման տրամադրութիւններուն, որոնց հետեւանքը պիտի չըլլայ հայութեան երկու զանգուածներուն բաժանումը պարզապէս, այլ անոնց ամբողջական տկարացումն ու անհետացումը, որքան ալ ենթադրենք, թէ ժամանակաւորապէս կրնանք բարելաւել Սփիւռքը՝ ամբողջութեամբ անո՛ր յատկացնելով մեր մարդուժն ու նիւթուժը ։ Կ՚ընդգծեմ՝ ժա-մա-նա-կա-ւոր-ա-պէ՛ս։

Ասիկա զուտ ինքնախաբէութիւն է, միա՛յն ինքնախաբէութիւն է, քանի որ Սփիւռքը Սփիւռք է հայրենիքով միայն, գլխագիր Հայրենիքի յղացքով միայն։

Այո, Սփիւռքը գոյութիւն ունեցած է հարիւրամեակներէ ի վեր, աւելի քան հազարամեակ մը արդէն, բայց գոյութիւն ունեցած է որովհետեւ ապրած է հայրենիք վերադառնալու երազով, յոյսով, ակնկալութեամբ։ Հայրենիքի անկախութեան բացակայութեան իսկ։ Սեփական հողին վրայ անհամար հարստահարութիւններէ, կոտորածներէ ու ցեղասպանութենէ ետք անգամ։

Մեր ճանչցած Սփիւռքը, 1915-էն ետք յառաջացած, ու մանաւանդ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան կորուստէն՝ 1920-1921-էն ասդին զարգացած է այդ անկախութեան վերատիրանալու եւ հայրենի հողին վրայ վերահամախմբուելու գաղափարականով՝ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի տեսլականով։

Առանց այդ գաղափարականին, ամեն ինչ անհեթեթ կը թուի, ինքնապահպանման բոլոր ճիգերը՝ անիմաստ ու անըմբռնելի կը դառնան, բոլոր նուաճումները՝ երեւութական։

Այո, Հայաստանի ներկայ վիճակը, այնտեղ իշխող ուժերու վարած քաղաքականութիւնը կամ ընդհանրապէս քաղաքականութեան բացակայութիւնը մեզ կը հիասթափեցնեն, կը վհատեցնեն, բայց չեն կրնար մեզմէ խլել մեր հիմնական նպատակը։ Հայութենէ՛ն խլել։

Այո, Սփիւռքը շատ կարիքներ ունի, այո, մենք յաճախ թերացանք ու տակաւին կը թերանանք անոնց գոհացում տալու մէջ,– եւ այո՛, պէտք չէ թերանանք,– սակայն չմոռնանք, որ մենք կա՛նք ու կ՚ապրինք Հայրենիքին համար, գլխագիր Հայրենքին՝ իր լեզուով ու մշակոյթով, իր անցեալի պատմութեամբ ու գալիքի հեռանկարով։

Հրաժարիլ հայրենիքէն, հրաժարիլ այնտեղ գործելէ, նոյնիսկ եթէ արգիլուի հոն մեր ներկայութիւնը՝ հաւասար է ինքնասպանութեան։ Ոչ կուսակցութեան, այլ հայութեա՛ն ինքնասպանութեան։

Եւ անխուսափելիօրէն՝ Հայրենիք-Սփիւռք խզումը կ՚առաջնորդէ հայութեան քայքայման, անհետացման։

Վերջակէտ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.