Վերոնիկա Զոնաբենտի նախաձեռնութեամբ հանդիպում՝ Հայաստանի ԱԳՆ-ի ներկայացուցիչներուն հետ
- (0)

Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի կնոջ՝ Վերոնիկա Զոնաբենտի նախաձեռնութեամբ, հանդիպում մը տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարարութեան ոչ-քաղաքական մակարդակի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Գերիներու եւ անհետ կորսուած անձերու հարցերով զբաղող միջգերատեսչական յանձնաժողովի ներկայացուցիչներուն հետ։
Այս մասին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է ՄԻԵԴ-ի մէջ հայ ռազմագերիներու շահերու պաշտպան, իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեան։
Անոր փոխանցմամբ՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են մարդասիրական բնոյթի երկու հիմնական հարցեր։ Առաջինը՝ Կարմիր Խաչի գործունէութեան դադրեցման պայմաններուն մէջ, երրորդ երկրի մը միջոցով Հայաստանի կողմէ Պաքուի մէջ պահուող հայերուն հիւպատոսական ծառայութիւններ տրամադրելու կարելիութիւնն է։ Երկրորդը կը վերաբերի մարդասիրական նախաձեռնութիւններու իրականացման։
Սահակեան յայտնած է, որ Զոնաբենտ առաջարկած է իրաւապաշտպան կիներու խումբ մը ուղարկել Ատրպէյճան եւ, այդ երկրի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հովանիին տակ, այցելել այն փակ հաստատութիւնը, ուր կը պահուին հայերը։ Նախաձեռնութեան նպատակն է անոնց փոխանցել անձնական իրեր, լուսանկարներ եւ նամակներ՝ ապահովելով արտաքին աշխարհին հետ շփումի որոշ հնարաւորութիւններ։
Սահակեան ընդգծած է, որ նման նախաձեռնութիւն մը չի կրնար իրականանալ միայն մասնաւոր մակարդակի վրայ եւ կը պահանջէ պետական աջակցութիւն՝ մուտքի արտօնագիրներու, անվտանգութեան երաշխիքներու եւ համապատասխան իրաւական արտօնութիւններու առումով։
«Պաշտօնական պատասխան տակաւին չունինք։ Հարցը քննարկման փուլի մէջ է, եւ կ՚ակնկալենք, որ սեղմ ժամկէտի մէջ պետական դիրքորոշում մը ձեւաւորուի», ըսած է Սահակեան։