Վարչապետ Փաշինեան Ներկայացուց Կառավարութեան Գործունէութեան 5-ամեայ Ծրագիրը

Փետրուար 12-ին, Ազգային ժողովին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ներկայացուց կառավարութեան ծրագիրը: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Հայաստանի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանի հերթական նիստին ընթացքին` վարչապետ Փաշինեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրը, ըսելով. «Մեր նպատակը ձեւակերպուած է Ազգային ժողովի ներկայացուցած ծրագիրին առաջին իսկ պարբերութեան մէջ. «Յառաջիկայ հինգ տարիներուն` Հայաստանի կառավարութեան գործունէութիւնը միտուած պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բարձր արհեստագիտական, արդիւնաբերական, ինչպէս նաեւ բնապահպանական բարձր չափանիշներուն համապատասխանող, արտահանման միտուած մրցունակ եւ ներառական տնտեսութիւն կառուցելուն»: Ասիկա կը նշանակէ, որ կառավարութեան հիմնական խնդիրը համախառն ներքին արդիւնքի կառուցուածքը փոխելն է այնպէս, որ հինգ տարի ետք մեր երկրի տնտեսութեան բառանշանները դառնան արհեստագիտութիւնն ու արհեստագիտական նորարարութիւնները: Խօսքը արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող արհեստագիտութիւններու ընդարձակ կիրարկման, ինչպէս նաեւ նոր արհեստագիտութիւններու ստեղծման կամ առնուազն անոնց ստեղծման էական մասնակցութիւն ունենալու, ինչպէս նաեւ բարձր արհեստագիտական հմտութիւններու, արտադրանքի եւ ապրանքներու թողարկման, արտահանման եւ կիրարկման այնպիսի ծաւալներու հասնելուն մասին է, որ արհեստագիտատար այս մարզերը դառնան Հայաստանի տնտեսութեան հիմնական բնորոշիչը», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան` նշելով, որ խօսքը բոլոր արհեստագիտութիւններուն մասին է:

Անդրադառնալով Հայաստանի տնտեսութեան` վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց Հայաստանի մէջ համաժողովրդական տնտեսական յեղափոխութեան սկիզբը: Ան ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի բարձր ամպիոնէն` կ՛ազդարարեմ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ համաժողովրդական, տնտեսական յեղափոխութեան սկիզբը: Հայ ժողովուրդը յաղթած է կաշառակերութեան, ամենաթողութեան, խմբակային կառավարման դէմ պայքարին եւ հայ ժողովուրդը պիտի յաղթէ աղքատութեան, գործազրկութեան, խեղճութեան ու անգործութեան դէմ պայքարին»:

Վարչապետը նշեց, որ կառավարութիւնը կ՛որդեգրէ տնտեսական աճի քաղաքականութիւնը տնտեսական զարգացման քաղաքականութեամբ փոխարինելու ուղեգիծ:

«Կարելի է տնտեսական աճ ապահովել քանի մը ընկերութիւններու գործունէութեան շնորհիւ, բայց ասիկա բացի թուաբանութենէն ուրիշ ոչինչ կը նշանակէ, եւ քաղաքացիները չեն զգար տնտեսական այդ աճին ազդեցութիւնը, որքան ալ անիկա մեծ ըլլայ: Մեզի պէտք է տնտեսական զարգացում, եւ իբրեւ այդ զարգացման ամենատեսանելի արգասիք, կառավարութիւնը կը նպատակադրուի յառաջիկայ հինգ տարիներուն հասնիլ Հայաստանի մէջ ծայրայեղ աղքատութեան յաղթահարման, աղքատութեան եւ գործազրկութեան էական կրճատման, աշխատավարձերու եւ թոշակներու շարունակական աճին, արտահանման քայլերու բազմապատկման: Այս որակական ու քանակական ցուցանիշներուն ու նպատակներուն համադրութիւնն է, որ մենք կը նկատենք տնտեսական յեղափոխութիւն: Մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանի քաղաքացիները, հայ ժողովուրդը, կառավարութիւնն ու Ազգային ժողովը ունին բաւարար քաղաքական կամք, մտաւոր ու բարոյական ներուժ` վերը նշուած խնդիրներու լուծման համար», շեշտեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Անդրադառնալով Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքի յարաբերութիւններուն` վարչապետը ըսաւ. «Երբ որոշեցինք, որ Հայաստանը պէտք չէ ունենայ սփիւռքի նախարարութիւն, դրդապատճառներէն մէկը այն էր, որ սփիւռքի նախարարութեան մէջ կ՛իրականացուէին գործառոյթներ, որոնք կ՛իրականացուէին այլ նախարարութիւններու կողմէ: Խօսքը կրթական, մշակութային, երիտասարդական, կազմակերպական գործառոյթներու մասին է: Եւ ասոր փոխարէն, կարեւոր գործառոյթներ, որոնք պէտք է իրականացուին սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու տեսակէտէ, ըստ էութեան, չէին իրականացուեր:

«Ես կ՛ուզեմ արձանագրել, որ կառավարութիւնը միտուած է կառավարութեան կառուցուածքին մէջ չունենալ սփիւռքի նախարարութիւն: Ասոր փոխարէն վարչապետի աշխատակազմին մէջ մենք պիտի ունենանք սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար, որ վարչապետին անունով եւ յանձնարարութեամբ պիտի իրականացնէ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ վարչապետին յանձնարարութեամբ պիտի համակարգէ նախարարութիւններու աշխատանքը սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ` միեւնոյն ժամանակ ապահովելով Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու բաւական բարձր եւ պատշաճ մակարդակ», նշեց ան:

Ըստ անոր, այս տրամաբանութեան մէջ կառավարութիւնը սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ իր առջեւ դրած է երկու խնդիր, որ պէտք է անուանել յեղափոխական: Առաջինը` որքան ալ զարմանալի է, մենք անկախութեան առաջին օրերէն սկսեալ խօսելով սփիւռքի ներուժին մասին` մինչեւ այսօր չունինք սփիւռքի ներուժի քարտէսագրում: Մենք մինչեւ այսօր չենք գիտեր, թէ ո՛ր երկրին մէջ սփիւռքը ինչպիսի՛ կարողականութիւն ունի, ազդեցութեան ինչպիսի՛ միջավայր եւ ծաւալ: Հետեւաբար, այս ամբողջ համակարգը բաւարար չափով չէ կազմակերպուած եւ, եթէ նկատած էք` կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրին մէջ առանձնայատուկ տեղ յատկացուած է համահայկական ցանցի ստեղծման: Մենք պիտի ունենանք համակարգ մը, որ իր մէջ պիտի ներառէ ամփոփ եւ կիրարկելի ամէնօրեայ տեղեկատուութիւն, թէ սփիւռքի ո՛ր հատուածին մէջ մենք ինչպիսի՛ ներուժ ունինք, եւ այդ ներուժին հետ կառավարութիւնը ի՛նչ համագործակցութիւն պէտք է իրականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական, քաղաքական, անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու առումով: Վստահաբար, սփիւռքի նկատմամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի պարտաւորութիւններ եւ ծառայութիւններ, եւ մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք անոնք պատշաճ մակարդակով ապահովելու համար», ըսաւ Փաշինեան:

Յաջորդ կարեւորագոյն խնդիրը եւ գործօնը սփիւռքը ներկայացնող միասնական կառոյցի եւ միասնական կազմակերպութեամբ կամ ձեւաչափի ստեղծումն է: «Մենք պէտք է կարենանք ձեւաւորել եւ ձեւակերպել յստակ հասցէ` արձանագրելու համար, թէ սփիւռքի հետ խօսելու համար մենք որո՛ւն հետ պէտք է խօսինք: Շատ հարցեր կան կառավարութեան, քաղաքական օրակարգին մէջ, երբ կ՛ըսուի, որ այս հարցերը պէտք է քննարկել սփիւռքի հետ, իսկ յստակ որո՞ւ հետ, որովհետեւ սփիւռքը շատ մեծ ծաւալներ ունի եւ շատ ընդգրկուն է: Կան հազարաւոր կազմակերպութիւններ, եւ եթէ ֆիզիքապէս անոնց մէկ մասին հետ կարելի է քննարկել, ապա միւս մասին եւ բոլորին հետ կարելի չէ քննարկել: Հետեւաբար մենք խնդիր ունինք ձեւաւորելու ամբողջ սփիւռքը ներկայացնող ինչ որ ներկայացուցչական կառոյց եւ մենք բոլորս կը հասկնանք, որ սա պիտի ըլլայ չափազանց մեծ մարտահրաւէր եւ լրջագոյն խնդիր, որովհետեւ գիտէք, որ սփիւռքը բազմաշերտ է, շատ բարդ է, այնտեղ կան բազմաթիւ յարաբերութիւններ, հակասութիւններ: Այսօր մենք ունինք նաեւ իրավիճակ, որ սփիւռքահայութեան մէկ զգալի հատուած դուրս մնացած է սփիւռքի կազմակերպման մեզի յայտնի ու աւանդական շրջանակէն, եւ մենք պէտք է այդ ներուժը կեդրոնացնենք եւ այդ ներուժի ու Հայաստանի յարաբերութիւններուն համար ստեղծենք հարթակ, յստակ հասցէ: Եւ երբ այդ հարթակին հետ տեղի ունենան քննարկումներ որեւէ հարցի շուրջ, կրնանք ըսել, թէ մենք օրինական իրաւունք ունինք ըսելու, որ այս հարցը քննարկուած, համաձայնեցուած է սփիւռքի հետ»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.