«Վատիկանի Շարունակուող Զօրակցութիւնը Կարեւոր Է Արցախին Համար» Նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

7 օգոստոս 2023-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, վեհափառ հայրապետը ընդունեց պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի միջեւ յարաբերութեան առնչուած եւ այլ միջեկեղեցական հարցեր:

Վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով պապական նուիրակին ուշադրութեան յանձնեց աւելի քան 8 ամիսներէ ի վեր Ազրպէյճանի կողմէ շրջափակումի ենթարկուած Արցախի պարզած ներկայ կացութիւնը: Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց, թէ «հայ եկեղեցին ու հայ ազգը միշտ երախտապարտ եղած են Հայաստանի ու Արցախի գծով Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս պապին եւ ընդհանրապէս Վատիկանի զօրակցական կեցուածքներուն ու արտայայտութիւններուն նկատմամբ: Գիտենք, որ պապը Արցախի շրջափակման առիթով իր մտահոգութիւնը յայտնած էր ու շեշտած` կարելի փութով անոր վերջ տալու անյետաձգելի հրամայականը»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մեր ազգին ջերմ սպասումն է, որ Արցախի նկատմամբ Վատիկանը շարունակէ զանազան կերպերով իր զօրակցութիւնը արտայայտել, յատկապէս միջազգային շրջանակներուն մէջ»:

Պորճիա եպիսկոպոսը, մօտէն տեղեակ ըլլալով Արցախի հարցին, խոստացաւ վեհափառ հայրապետին մտածումներն ու սպասումները շուտով փոխանցել Վատիկանին:

Comments are closed.