Վանգուվըրի ՀՄԸՄ-ականները այցելեցին «Հորիզոն»ի խմբագրատուն

ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած Գանատայի շրջանի 48-րդ մարզական խաղերուն առիթով Մոնթրէալ ժամանած Վանգուվըրի նորաստեղծ ՀՄԸՄ-ի միաւորի անդամները Օգոստոս 31-ին այցելեցին «Հորիզոն»ի խմբագրատուն։ ՀՄԸՄ-ական մարզիկներուն կ՚ընկերակցէին Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Լէոնի Սարմազեան եւ Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան։ «Հորիզոն»ի 40-ամեայ գործունէութեան եւ առաքելութեան համապարփակ պատմականը ներկայացուց «Հորիզոն»ի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, որ «Հորզոն»ի կողմէ յաջողութիւն մաղթեց ՀՄԸՄ Վանգուըրի երթին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.