ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ՝ «ԻՄ ՍԻՐԵԼԻ ՍՓԻՒՌՔՍ»
- (0)

Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․
Դ․ – Ինքնութիւն
Վ․ Օշական հայ ինքնագիտակցութեան, ուստի հայ ինքնութեան ձեւաւորումը տեսած է «ոգեկան երկու ուժեր»ու ազդեցութեան տակ․ յոյն դասական քաղաքակրթութեան եւ քրիստոնէական ոգեկանութեան։ Անոնք են եղած «ամէնէն կարեւոր ազդակներ»ը հայ ինքնութեան ձեւաւորման (ՃԽ)։
Քաղաքակրթութեան յղացքը, կը կարծեմ, շատ արկածախնդրական է: Թէ յունական քաղաքակրթութիւնը հայ ինքնութեան ձեւաւորիչ կարեւոր ազդակ եղած է՝ անժխտելի է, բայց ոչ՝ «ամէնէն կարեւոր ազդակներ»էն մէկը։ Նուազ արկածախնդրական պիտի ըլլար յոյն դասական գրականութեան յղացքը։ Իսկ ատոր պարագայի՞ն։ Գիտենք, որ Ոսկեդարը անկիւնադարձային եղաւ հայ ինքնութեան ձեւաւորման մէջ։ Աստուածաշունչի վերաթարգմանութեան քովն ի վեր՝ կատարուեցան հայրաբանական ընդարձակ թարգմանութիւններ։ Եւ նախընտրուած հայրերը՝ յունագիր աշխարհի դէմքեր էին։ Ոսկեդարեան թարգմանութիւններուն պիտի հետեւէր շատ յանդուգն յունաբան դպրոցը։ Մեկին չէ, թէ Վ․ Օշական յոյն դասական քաղաքակրթութեան մասին ակնարկելով՝ ատոր մէջ ի մտի ունեցած էր նաեւ հայրաբանական աւանդին իւրացումը։ Սոյն յօդուածի առաջին պարբերութեան մէջ «յոյն դասական քաղաքակրթութեան եւ քրիստոնէական ոգեկանութեան» գրեցի։ Ինք, սակայն, նախ դրած է քրիստոնէական ոգեկանութիւնը, ապա՝ յոյն դասական քաղաքակրթութիւնը։ Արդեօ՞ք այս կարգը կը թելադրէ, որ յոյն դասականով հասկցած էր թէ՛ նախաքրիստոնէականը, թէ՛ քրիստոնէականը։ Իսկ նախաքրիստոնէականէն՝ միայն փիլիսոփայական գործեր կան, որոնք սակայն թարգմանուած են յունաբան շրջանին։
Եւ դեռ, ինքնութիւն մը միայն ոգեկան աւանդներու իւրացմամբ չ’ըլլար։ Պատմական դէպքեր ալ անոր ձեւաւորման մէջ զգալի ու տեսանելի ազդեցութիւններ կ’ունենան։ Եւ մեր պատմութեան վերաքաղ մը՝ բազում զգալի ու տեսանելի ազդեցութիւններ կրնայ վերհանել․ դրական եւ ժխտական։ Մեր պատմութեան խաւար ժամանակներն ալ մաս ու բաժին ունեցան հայ ինքնութեան ձեւաւորման մէջ։
Վ․ Օշական գրած է նաեւ, թէ հայ ինքնութիւնը «կազմաւորուած է դարերու ողբերգութեան, սուգի եւ հարսանիքի խառնուրդ մեր պատմական փորձառութեան ընդմէջէն» («Մեր Շրջապատէն Մեզ Տարբերող Եզրերու Բացայայտման Եւ Զարգացման Համար», ՄՇՏԵ)։ Այս մէջբերումին ողբերգութիւնը, սուգը, հարսանիքը կարելի է թէ՛ փոխաբերականօրէն ընկալել՝ իբրեւ ազգային տառապանքի, ազգային վիշտի եւ ազգային յաջողութիւններու փորձառութիւններ, եւ թէ՝ իբրեւ հայութեան անդամուհիներուն եւ անդամներուն (անձեր) տառապանքի, վիշտի եւ յաջողութիւններու փորձառութիւններ։ Արդարեւ, ինքնութեան մը ձեւաւորման մէջ, բաղկացուցիչներուն ներքին ու արտաքին տարատեսակ փոխյարաբերութիւններուն, հանապազօրեայ գործերուն դերը եւս կարեւոր է, գուցէ նոյնքան կարեւոր՝ որքան պատմական դէպքերուն ազդեցութիւնները։
Արդար կ’ըլլայ, կը կարծեմ, աւանդական հայ ինքնութեան «ամէնէն կարեւոր ազդակներ»ը ճանչնալու համար՝ նայիլ հայ լեզուի եւ հայ երաժշտութեան ճանապարհորդութիւններուն․․․։ Ասիկա ալ ընդարձակ այլ աշխատանք մըն է։
Գրած է, թէ 18-րդէն մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբները, հայ մշակոյթը շարունակած է սնանիլ եւ ուռճանալ, միջերկրականեան (նկատի ունեցած է՝ քրիստոնէական) ազդեցութեան առընթեր, նաեւ եւրոպական ազդեցութեամբ (ՃԽ)։ Եւրոպական ազդեցութեան ներքեւ՝ հայ մշակոյթը մտած է համաշխարհային առումով մարդու եւ հաւաքականութեան ինքնագիտակցութեան եւ ինքնաճանաչման նոր հանգրուան մը։ Եւ 1900-ի շուրջ, հայ միտքը սկսած է ազդուիլ քաղաքական, «յատկապէս ընկերվարական ու մարքսիսթ փիլիսոփայութիւններէն» (նոյն)։ Վ․ Օշական ասիկա տեսած է իբրեւ հայ ինքնութեան փոփոխութեան անկիւնադարձ մը, որովհետեւ յիշեալ փիլիսոփայութիւններուն պատճառով՝ Հայ եկեղեցւոյ ներգործութիւնը սկսած է տկարանալ, այսինքն՝ սկսած է տկարանալ հայ ինքնութեան աւանդական պատկերացումին պահապան կառոյցը։ Եւ ասոր վրայ բարդուած է Մեծ Եղեռնին մահացու հարուածը Հայ եկեղեցիին․ հարուած՝ որ «աւելի եւս» շեշտած է պահապանին տկարացումը, եւ շարունակած է շեշտել՝ արեւմտահայութեան «աշխարհի չորս կողմը» ցրւումով։ Յետ-Եղեռնեան հայ ինքնութիւնը՝ աւանդական ինքնութենէն «ճեղք»ով մը բաժնուած է (նոյն)։ Գրած է, թէ Ոսկեդարէն մինչեւ Կոմիտաս եւ Յակոբ Օշական՝ «հայկականութիւն» կոչուածը գէշ աղէկ «յստակ իմաստ մը» ունէր (նոյն)։ Սակայն «ճեղք»էն ասդին՝ այն իմաստը յստակ չէ։ Մէկ կողմէ սովետական ռեժիմը, միւս կողմէ սփիւռքեան պայմանները՝ հայութեան երկու հատուածները արմատական ձեւափոխութեան մէջ դրին։ Այս իրողութիւնները արձանագրած է Վ․ Օշական՝ ո՛չ թէ ողբալու համար, այլ իրականութիւնը հաստատելու, եւ իրականութենէն մեկնելով մտածելու ներկան ու ապագան, իր արտայայտութեամբ՝ պատմութիւնը ապագայէն մտածելու («Դէպի Անկախութիւն», ԴԱ)։ «Պէտք է հասկնանք ու յարմարինք, դաժան իրականութեան լեզուն սորվինք ու գիտակցինք, թէ ինչու պատմութիւն կոչուած խաղին օրէնքները, ինչու արդիականութեան սկզբունքները՝ ուժի, շահերու, խելքի, փառամոլութիւններու եւ բնազդներու մղումներուն կը հնազանդին առաւելաբար», գրած է (ԱՀ)։ Այս «դաժան իրականութեան լեզուն» սորվիլը եւ անոր գիտակցիլը՝ իրեն համար միջոց է «հայ կոչուելու» նոր բանաձեւ մը ստեղծելու, հրաժարելու «հոգեվարքը» ապրող աւանդական եւ յետ-Եղեռնեան զգալու եւ մտածելու սովորութիւններէն: Իրականութենէն մեկնելով է, որ կարելի է կենսունակութիւն գտնել («Հայ Մշակոյթի Հարցեր», ՀՄՀ)։ Կենսունակութիւնը ապագահայեաց է։
Սփիւռքահայ վաւերական գիտակցութիւնը կը ճանչնայ, թէ Սփիւռք ըլլալու կամ սփռուելու օրէնքը «անխնայ է ու անվիճելի» (ՓՍՏ)։ Այս ճանաչումը իրեն հետ կը բերէ «նոր սահմանում մը» ինքնութեան յղացքին։ «․․․սփիւռքեան ինքնութիւնը չի բնորոշեր ու չի սահմաներ մէկ, կայուն, ամբողջական ու տիրական անձ մը, այլ՝ անձերու բազմաթիւ օրինակներ նոյն ատեն» (նոյն)։ Անիկա կը բաղկանայ «ես»երէ, որոնք «բզկտուած, ցրուած, սփռուած մենքեր են»։ Անոնք «անկախութիւն հռչակած եսեր են», անկախութիւն հռչակած անցեալի բոլոր բանաձեւերէն (նոյն)։ Արդէն հայ ըլլալը «մէկ իմաստ» չունի․ «չկայ հայը, այլ կան հայեր, ըստ իրենց միջավայրի պայմաններուն» («Որոնում Սփիւռքեան Դիմագծի Մը», ՈՍԴ)։
Սփիւռքի մէջ, իւրաքանչիւր հայ «զոյգ ինքնութիւն» է, թէ՛ հայկական, եւ թէ՝ տեղական, որոնք հաւասար կարեւորութիւն ունին (նոյն)։ Իւրաքանչիւրը պիտի ընտրէ ստանձնել անցեալի ժառանգութիւնը․ ստանձնելու պարագային՝ արիութիւնը պիտի ունենայ «հազարամեայ ինքնասեւեռումը, ինքնագովումը, ինքնաբաւ զգալը վերաքննելու, եւ հայ միտքը վերարժեւորելու ժամանակակից բարձրագոյն չափանիշներով» (ՃԽ)։ Ուրեմն, անկախութիւն հռչակած եսերը՝ ստանձնողներ են անցեալի ժառանգութեան։ Ստանձնելով է, որ անոնք ներկայ կ’ըլլան այս աշխարհի մէջ եւ կրնան մասնակցիլ մարդկութեան պայքարներուն ու քաղաքակրթութեան ճիգին (նոյն)։ Այս ընթացքն է, որ պիտի պատրաստէ նոր սփիւռքահայութեան մը մէջտեղ գալը (ՈՍԴ)։
Սփիւռքը Հայաստանին ստորադաս իրականութիւն մը չէ (ԱՀ)։ Զայն ստորադասելը՝ մերժել է Սփիւռքեան օրէնքը, որ գիտակցութեան «մնայուն յեղափոխութիւն» է (ՓՍՏ)։ Ուստի եւ՝ ինքնութեան յեղափոխական ձեւաւորում։ Նաեւ՝ ընդգրկել է «բացառիկ տեղ»ը «իւրայատուկ օտարութեան» (ՃԽ)։
Սփիւռքահայ ինքնութիւնը օտարութեան «մկրտութիւն»էն անցած ինքնութիւններ է․ իւրաքանչիւրը՝ ոչ-նման միւսին։ Սփիւռքի մէջ ոչ ոք Հայաստանի բնակչութեան բաղկացուցիչներուն պէս «հազար անգամ բազմապատկուած»ներէ օրինակ մըն է (ՍՀ): Թէ Հայաստանի բնակչութիւնը այդպիսին է՝ չափազանց ընդհանրացում մըն է տեսակէտը, անկասկած։ Անհատականացման երեւոյթը արդիական է եւ տիեզերական թափ ունի։ Եթէ ըսած ըլլար, թէ Սփիւռքը վայրն է արագընթաց անհատականացման՝ իրողութիւն մը բանաձեւած կ’ըլլար, ըստ իս։