ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ՝ «ԻՄ ՍԻՐԵԼԻ ՍՓԻՒՌՔՍ». Ժ․ – Տարբերութիւններու Բացայայտում Եւ Զարգացում

Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․

Ժ․ – Տարբերութիւններու Բացայայտում Եւ Զարգացում

Ինչպէս ամէն ինքնութիւն, նաեւ հայ ինքնութիւնը ունի իր յատկանիշները, որոնցմով կը տարբերի այլ ինքնութիւններէ։ Հայ ինքնութիւնը՝ «իւրայատուկ փոքրամասնութիւն»ի մը ինքնութիւնն է։ Անոր յատկանիշները «սա կամ նա ձեւով» կը հակադրուին իր բնակավայրերու մտայնութիւններուն («Մեր Շրջապատէն Մեզ Տարբերող Եզրերու Բացայայտման Եւ Զարգացման Համար», ՏԵԲԶ)։

Իր այս յօդուածին մէջ, Վ․ Օշական 12 յատկանիշներ թուարկած է, եւ բացի թիւ 2-էն՝ ամէնուն բացատրութիւններ կցած։ Անոնք աշխարհայեացքային եւ բարոյական բնոյթի են։ Յաւարտ յատկանիշներուն՝ գրած է, թէ անոնք «առաջին մօտաւոր եւ անշուշտ վիճելի բանաձեւում»ներ են։

Նախքան զանոնք ներկայացնելը, իբրեւ ներածական հետեւեալը ըսած է․ «Առաջին բացայայտ տարբերութիւնը՝ անշուշտ մեր հայերէն լեզուն է»։ Կանխած յօդուածս՝ գուցէ թիւրիմացութիւն պատճառէր, եւ մտածել տար՝ թէ Վ․ Օշական անհրաժեշտ նախանձախնդրութեամբ մը հայերէնի պաշտպանութեան մէջ թերացած է։ Ըսի՝ գուցէ թիւրիմացութիւն պատճառէր։ Աւելորդ է ըսել, թէ հայերէնին անխառն սէր մը եւ կիրք մը զինք մինչեւ վերջ առաջնորդեցին հայ գիրին սպասարկութեան մէջ։ Ինք էապէս բանաստեղծ էր, եւ բանստեղծները իրենց լեզուն ամէնէն շատ սիրողներն են։ Օտար լեզուներով ստեղծագործութիւններուն կարեւորութեան իր ջատագովութիւնը՝ նուազեցում մը չէր հայերէնի արժէքին։

Լեզուէն ետք, հայ ինքնութեան միւս «բացայայտ տարբերութիւն»ները համարած է «մեր արուեստը եւ մեր մշակոյթը, մեր աւանդութիւնները, մեր եկեղեցին»։ (Այս մէջբերումին զանազանումը արուեստին ու մշակոյթին միջեւ՝ ենթադրել կու տայ, թէ արուեստով հասկցած է հայ ստեղծագործականութիւնը։ Այս ենթադրութիւնը՝ որովհետեւ այլ տեղեր արուեստը դասած է մշակոյթին մէջ)։

Արդ, յատկանիշները։

Թիւ 1 յատկանիշը։ «Հզօր հաւատք»ը՝ թէ «կեանք կոչուած անհասկնալի իրողութիւնը մայր մըն է, որ ամէն ինչ կը բուժէ ու կը ներէ»։ «Անհասկնալի իրողութիւնը» համարած է «բարոյական ուժ»։ Նաեւ թէ՝ շատեր «Աստուած» անունը կու տան անոր, այլք՝ կը ճանչնան որպէս «գերազանց սկզբունք մը»։
Այս «հզօր հաւատք»ը, ըստ իրեն, հայութեան կու տայ «իր միամիտ, անսրբագրելի լաւատեսութիւնը, անսահման եւ անբանական յոյսը ապագայի վրայ»։ («Միամի՞տ»։ Ի՞նչ ըսել ուզած է։ Մեր սովորական ընկալումին մէջ, անիկա դրական նշանակութիւն չունի։ Խակ, անփորձ, կարճամիտ եւայլն կը նշանակէ։ Բայց արդար պիտի ըլլայ զայն հասկնալ՝ իբրեւ աներկմիտ։ Հայութեան հաւատքը աներկմտօրէն լաւատես է)։ Շնորհիւ այս հաւատքին՝ հայ ոգեկանութիւնը ժամանակին վրայ «տիրակալութիւն մը» կը զգայ, որ կը մեղմէ աճապարանքն ու անձկութիւնը, որ «երիտասարդ ազգեր»ուն յատուկ է։
Թիւ 2 յատկանիշը։ «Հոգեկան արժէքներ»ուն միշտ ընդունումը իբրեւ «աւելի հզօր քան նիւթական արժէքները»։

Թիւ 3 յատկանիշը։ Երկիւղն ու յոյսը՝ «գերբնական հեղինակութեան մը»։ Ըստ իրեն, երկիւղն ու «էապէս ողբերգական ապրում մը» կը խօսին։ Այն ողբերգական ապրումին «փաստ» ցոյց տուած է եկեղեցին։ Զայն ըմբռնած է իբրեւ այն վայրն է, ուր հայութիւնը «կ’ապրի վիրաւոր մարդու իր տագնապը»։ Ըստ իրեն, եկեղեցին ուրախութեան կամ ցնծութեան վայր մը չէ, այլ «հաշուեյարդարի ատեան», ուր հայ մարդը իր խղճի «դատարան»ին առջեւ կը կենայ։

Թիւ 4 յատկանիշը։ Աշխատասիրութիւն, կառուցողականութիւն, գեղեցիկին ու բարիին ստեղծում․ ասոնք «գլխաւոր գործունէութիւնը կը կազմեն» հայութեան։

Թիւ 5 յատկանիշը։ «Ոգեկան բարձր իտէալի մը» կառչում, որ հայութիւնը կը կապեն «մարդկային մեծ զգացումներուն»։ Այն իտէալը՝ յաղթահարիչ է դժբախտութիւններու, մահուան ցաւին ու մեծ տառապանքին։

Թիւ 6 յատկանիշը։ «Իր եղով» տապկուելու առաքինութիւնը։ Ասիկա Վ․ Օշականի մտքին մէջ՝ հայութեան ժուժկալօրէն ինքնաբաւարարութեան մասին չէ, այլ տենչին՝ ազատ ըլլալու եւ «իր կեանքը իր գիտցած ձեւով ապրելու, իր ուրոյն մշակոյթը զարգացնելու, ու չխառնուելու «ուրիշներու գործերուն»։

Թիւ 7 յատկանիշը։ Ճշմարտութեան մը հետապնդումը։ Հայութիւնը «ի վերուստ տուեալ բացառիկ կոչում» մը չի վերագրեր ինքնիրեն, բայց կը գիտակցի, թէ «միւս ազգերէն տարբեր, եզական նկարագիր մը ունի», եւ կը խորհի՝ թէ այն նկարագրին վերամշակումը՝ «բարիք մըն է մարդկութեան համար»։

Թիւ 8 յատկանիշը։ Հաւատք՝ թէ ընտանիքը յաւիտենական է, այնքան՝ «որքան կրօնն ու բարոյականը»։ Հայութիւնը անհատապաշտ ըլլալով հանդերձ՝ ընտանիքին «շահն ու արժէքը» անհատականէն գերազանց կ’ընդունի։

Թիւ 9 յատկանիշը։ Համոզում՝ թէ ընտանեկան բարոյականը հեռու կը պահէ «շատ մը ախտերէ եւ ունակութիւններէ, ինչպէս՝ ոճրագործութիւն, գողութիւն, շնութիւն, տոհմապղծութիւն, միասեռականութիւն, սոդոմականութիւն, թմրեցուցիչներու գործածութիւն եւայլն։

Թիւ 10 յատկանիշը։ Ազգասիրութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը վեր կը դասէ ընկերային զգացումէն։

Թիւ 11 յատկանիշը։ Հայութեան համար՝ արդարութեան արժէքը միշտ աւելի է քան օրէնքին արժէքը։ Արդարութիւնը ըստ «խղճի ձայն»ին է։ Անիկա կարողութիւնը ունի «ձեռք առնել»ու օրէնքը, եւ ինքզինք պարտադրելու օրէնքին։

Թիւ 12 յատկանիշը։ Խորհած է, թէ հայ ժողովուրդի տառապանքի դարերուն՝ «ազատասէր, ըմբոստ, յանձնապաստան ու անհատապաշտ նկարագրային գիծ մը» զարգացած է։ Զայն պէտք է «միշտ արթուն պահել ազգին մէջ»։ Արեւմտեան աշխարհին մէջ (ինք նկատի ունեցած է ՄՆը), այն «գիծ»ը շեշտելը կարեւոր է, որովհետեւ կ’օգնէ պայքարին՝ «ընդդէմ սպառողական ստորնացնող մտայնութեան», որ մարդիկը կը խուժանացնէ։ «Գիծ»ին շեշտումը՝ անկախoրէն մտածել եւ ապրիլ կու տայ, եւ «հիմնական» մղիչ ուժ է Հայ դատը յառաջ տանելու։

Ըսի՝ թէ Վ․ Օշական այս 12 յատկանիշներուն իր վարկածները «առաջին մօտաւոր եւ անշուշտ վիճելի բանաձեւում»ներ տեսած է։ Աւելցնեմ, որ զանոնք նաեւ տեսած է ի հակադրութիւն սփիւռքեան բազմազան բնակավայրերու մտայնութիւններուն։ Անհրաժեշտ է այն մտայնութիւնները եւս վերլուծել, գտնել՝ անոնց ալ յատկանիշները, եւ ճշդել թէ՝ «ի՞նչ ու ինչպէ՞ս պիտի զօրացնենք, խորացնենք կամ արտահանենք մեր ու անոնց տարբերութիւնները»։ Եւ ասիկա «ուրիշ խնդիր» մըն է, գրած է։

Ըստ իս, սակայն, իր «առաջին մօտաւոր եւ անշուշտ վիճելի բանաձեւում»ները պէտք է վերլուծուին, բանավէճերու առարկան դառնան, վարկածայինէն բարձրանան կարելի ստուգութեան, եւ՝ նուազ վիճելիութեան։ Նոյն ատեն՝ սփիւռքեան բազմազան բնակավայրերու մտայնութիւնները։ Այս զոյգ գործընթացներուն համար՝ իր իսկ սոյն «բանաձեւում»ները կանխած, եւ ասոնց հակասող «բանաձեւում»ները (գլխաւո՞րը՝ ինքնութեան փոփոխականութիւնը, ուստի՝ անոր յատկանիշներուն ալ փոփոխականութիւնը), որոնք բխած են այլութեան իր փորձառութենէն եւ արդիականութեան մտայնութենէ, կարեւոր տարրեր են։ Այս աշխատանքը՝ հսկայ խնդիր մըն է, մարտի ընդարձակ ասպարէզ մը, անկասկած։