ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ՝ «ԻՄ ՍԻՐԵԼԻ ՍՓԻՒՌՔՍ». ԺԳ․ – Ազգային Գաղափարաբանութեան Համար
- (0)

Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․
ԺԳ․ – Ազգային Գաղափարաբանութեան Համար
Վ․ Օշական գիտէր, թէ ժամանակակից աշխարհին մէջ, գաղափարաբանութիւն, գաղափարապաշտութիւն, բացարձակ յանձնառութիւն՝ «մասամբ տեղի տուած են աւելի պատրանաթափ, իրատես ու անձնապաշտ հոգեբանութեան մը, յատկապէս Եւրոպայի մէջ» (Մ): Եւ բոլոր մտաւորականները, որոնք Եւրոպայով հմայուած են, նոյն հոգեբանութեան մէջ են։ Այստեղ մտաւորականներուն կ’ակնարկեմ, որովհետեւ Վ․ Օշական զանոնք անմիջականօրէն առնչած է գաղափարաբանութեան․ անոնք են բանուորները գաղափարի։
Ազգային կեանքին համար՝ Վ․ Օշական կարեւորած է իմացականութիւն եւ բարոյական զօրացնող յանձնառու մտաւորականութեան դերը։ Գրած է․ «Եթէ պիտի աղօթենք ու եթէ կը հաւատանք աղօթքին՝ աղերսենք, որ շատնայ մեր ազգին մէջ հանրութեան ճաշակին ու կարծիքին դէմ գլուխ բռնող, ըմբոստ, բայց վաւերական մտաւորականութեան թիւը», որովհետեւ «անոնք են (…) որ յանձնառու են անձնական շահը զոհելով՝ ճշմարտութիւնը որոնելու եւ յայտնելու» (նոյն)։
Ան որպէս բանաստեղծ՝ որքան անհեթեթի ախոյեանն էր, որպէս հրապարակագիր՝ նոյնքան գաղափարապաշտ մը։ Իր գաղափարապաշտութիւնը կոյր ազգայնականութիւն մը չէր, քանի որ դրած էր «ազգին սպասին իր ամբողջ ոգեկանութիւնն ու խանդավառութիւնը» միաժամանակ ձգտած «անձնական կամ համամարդկային իտէալի մը» (այս «անձնական»ը կը հասկնամ կրկնակ իմաստով՝ թէ՛ իբրեւ սեփական որոնումի պտուղ, եւ թէ՝ իբրեւ իւրացուած)։ Իրեն համար, խօսիլ ազգային գաղափարաբանութեան մասին՝ նշանակած է «հաւատալ բանականութեան՝ որպէս մղիչ ուժը պատմութեան, հաւատալ ոգիին, հաւատալ հաւատքին, հայութեան գաղափարին, հաւատալ ժողովրդավար սկզբունքին եւայլն» (Ազգային Գաղափարաբանութեան Մասին, ԱԳՄ)։ Նշեմ, որ «հաւատալ ժողովրդավար սկզբունք»ի իր համոզումը՝ զանազան առիթներով արտայայտուած իր հակա-ժողովրդավար կեցուածքին հակասում մը չէ, կը խորհիմ։ Ինք թիւր ժողովրդավարութեան մերժող մըն էր․ ժողովրդավարութեան մը՝ ուր ամէնքը ամէնուն հաւասար են ամէն մակարդակներու վրայ։ Որեւէ ընկերութիւն կը բաղկանայ տարբեր հետաքրքրութիւններով, տարբեր կարողութիւններով ու տաղանդներով, եւ ուստի՝ պատասխանատուութիւններով մարդոցմէ, եւ ամէն մէկը իր ընելիքը ունի։ «Ժողովրդավար սկզբունք»ը կը յարգէ կամ պէտք է յարգէ հետարքրութիւններուն, կարողութիւններուն ու տաղանդներուն եւ պատասխանատուութիւններուն զանազանութիւնը։ Գլուխին գործերը՝ գլուխը պիտի տանի, ձեռքերուն գործերը՝ ձեռքերը, ոտքերուն գործերը՝ ոտքերը․․․։
Վ․ Օշականի ազգային գաղափարաբանութիւնը իր հրապարակագրական յօդուածներուն մէջ սփռուած կայ։
Մինչեւ Արցախեան շարժում եւ Հայաստանի վերանկախացումը՝ գրեթէ չէր մտածած Հայաստանի եւ Սփիւռքի համար ազգային մէկ գաղափարաբանութեան մը անհրաժեշտութեան մասին։ («Գրեթէ», որովհետեւ՝ ոչ ոքի կամ քիչերու միտքէն կ’անցնէր Սովետի յանկարծական անկումը)։ Յետ շարժման եւ վերանկախացման, գրած է․ «Մեզի կը թուի, թէ ազգային մէկ գաղափարաբանութեան մը ձգտումը միայն կարելի է ներկայիս» (ԱԳՄ)։ Ուրեմն, տպաւորութիւնը ունէր՝ թէ հասած է պահը այն ձգտումին մարմին տալու։ Տպաւորութիւնը, անկասկած, իր տարիներու ակնկալութենէն էր։
Իսկ ինչպէ՞ս կարելի է անոր մարմին տալ։
Խորհած է՝ առաջին «առողջ» քայլով մը, եւ այն քայլը՝ երկու հատուածներու մտաւորականութեան մերձեցումը պիտի ըլլայ։ (Ինք չտեսաւ այն մերձեցումը․․․եւ ապրողներս ալ գիտենք, թէ հայութեան տեղը վերստին անդունդի եզրին է)։
Ազգային մէկ գաղափարաբանութեան մը ստեղծումը՝ դժուարագոյն ասպարէզ մըն է։ Շատ ու շատ հարցեր կան, որոնք կը կարօտին լուրջ վերլուծումներու, քննարկումներու, եւ անոնց էական տարրերու կամ սկզբուքներու վերբերման ու վերամտածման, տեւաբար վերամտածման։
Իր ԱԳՄ յօդուածին մէջ, ազգային գաղափարաբանութեան մը սահմանումին առաջին խնդիրը կը վերաբերի ինքնութեան։ Անիկա մեկնակէտն է։
«Անկարելի ձեռնարկ» է, այսինքն՝ անկարելի ըլլալու չափ խիստ խրթին՝ այն «ոգեկան իրողութիւններէն մին (…) բառերու թակարդին միջոցաւ» բռնելը (ԱԳՄ)։ Հայ ինքնութեան հասկացողութիւնը շատ տարբեր է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։ Հայաստանի մէջ, հայ ինքնութիւնը «էապէս Հայաստանի տարածք»ին կապուած է, այլ խօսքով՝ Հայաստանակեդրոն է (նոյն)։ Եւ այդ է պատճառը՝ որ Հայաստանէն Սփիւռքը դիտուած է ու կը դիտուի իբրեւ նուազ հայութեան, կամ նուազ հայ ըլլալու տարածք, եւ գերակայութեան զգացում առթած է ու կ’առթէ այնտեղ։
Հայաստանեան փորձառութիւնը եւ Սփիւռքեան փորձառութիւնը պատմականօրէն եւ իրողականօրէն այլ են։ Հակառակ իր սովորական կիրքին՝ հարցերն ու խնդիրները ըստ իր տեսողութեան հաստատօրէն բանաձեւելու, այսպէս գրած է․ «Մեզի կը թուի, այս երկու ինքնութիւններուն միջեւ նշանակալից տարբերութիւններ կան՝ թէ՛ հինէն եկած, եւ թէ՝ վերջին 75 տարիներուն աւելցուած» (նոյն)։ Ուրեմն, երկու ինքնութիւններուն «նշանակալից տարբերութիւններ»ը տպաւորութիւն կամ վարկա՞ծ են։ Բայց «նշանակալից»ը՝ հերքումը չէ՞ տպաւորութեան կամ վարկածին, եւ չ’ե՞նթադրեր՝ պատմականութիւն մը եւ իրողականութիւն մը։
Հայաստանեան ինքնութեան մասին իր ըսածներուն չեմ անդրադառնար։ Միայն ըսեմ՝ որ միշտ ալ նախընտրած է չվերլուծել զանոնք։ Գրած է․ «վերլուծումը կը թողունք Հայաստանի մտաւորականին, հակառակ որ կը զգանք, թէ նման հարց մը անտեղի պիտի թուի մայրենի հողին վրայ․- Հայ ըլլալը՝ ճակատագիր է Հայաստանի մէջ» (նոյն)։
Սփիւռքի պարագային, հայ ըլլալը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։ Հայ ինքնութիւնը «համատարած» ու «յաւիտենական» անփոփոխ հոգի մը չէ։ Ինք հաւատացող մը չէր այդպիսի հոգիի մը։ Հայ հոգիի տեղ՝ ինք խօսած է հայ ոգեկանութեան մասին, որ, ըստ իրեն, իմացական եւ բարոյական երեւոյթ է։ Եւ հայ ոգեկանութիւնը փոփոխական է։
Սփիւռքհայութիւնը ինքնութեան երկու պատկերացում ունի։ Արեւելեան պատկերացում մը եւ Արեւմտեան պատկերացում մը։
Արեւելեան պատկերացումը «աւանդական» է։ Անիկա «կը նոյնանայ» Արեւմտահայ ինքնութեան, որ «դէպի անցեալը, մինչեւ Լուսաւորութեան Դարու, այսինքն՝ 18-րդ դարու սկիզբը» կ’երթայ։ Ըստ իրեն, անոր «բաղադրիչ տարրերը կը կազմեն Արեւմտահայ մտաւորականի տիպարը»։ Այն «տիպար»ին անունները շատ են․ յանուանէ յիշածները կը սկսին Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանէ եւ կը հասնին մինչեւ 1950-ի շուրջ «փոխանցում»ի դէմքերը՝ Վահան Թէքէեան, Յակոբ Օշական, Կոստան Զարեան, Արշակ Չօպանեան։ Այս մտաւորականներուն «հասարակ յայտարար»ը «հայ հոգի» մը բնորոշող «ստեղծումի հրայրքն է, հայ ինքնութեան եղերական փորձառութիւնը»։ Այլ «յայտարար» մը՝ ասոնց մեծամասնութեան «անվաղորդայն, ինքնակերտ, ասուպային կեանքերը», եւ թողած վաստակին՝ «կիսատ կամ հեղեղային, յաճախ անմշակ, հապճեպ կամ ալ նրբահիւս նկարագիրը» (նոյն)։ Արդ, Արեւմտահայ ինքնութեան պատկերն են այս մտաւորականները։
«Աւանդական» պատկերացման երկրորդ տարրը՝ Հայ եկեղեցին է։ Անոր իր բնորոշումը Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ի մեկնաբանութիւն մըն է։ Ըստ որուն՝ Հայ եկեղեցին խորհրդանշանն է հայկականութեան եւ հայ ստեղծագործական տաղանդին։ Գրած է նաեւ․ «Բոլոր կարեւոր Արեւմտահայ մտաւորականները Հայ եկեղեցիին մէջ տեսած են ազգային առաքինութիւններուն մարմնաւորումը»։ Ոստումով մը, այս վերջին մտքին առնչած է թուրքին տիպարը՝ իբրեւ «Չարին սկզբունք»ը, եւ աւելցուցած՝ թէ անիկա «կը պայմանաւորէ Բարիին գոյութիւնը»։ Բարդ ոստում մըն է ասիկա։ Կարծէք կը թելադրէ, որ թուրքի տիպարին մեր նախկին ընկալումը՝ կրօնական ընկալման Չարէն կու գայ, նոյնպէս՝ հայու տիպարին ընկալումը՝ կրօնական Բարիէն։ Հիմա չեմ մտներ այլ տեղ մը իր արտայայտած թուրքը մարդկայնացնելու գաղափարէն, որ իր կարգին՝ հայու տիպարին կրօնական Բարիի ընկալումէն շատ անդին չ’իյնար։
Երրորդ տարրը՝ լեզուն։ Անիկա ըմբռնուած է իբրեւ «խարիսխը հեռաւոր անցեալին հետ կապ»ին։ Այլեւ՝ «տարածութիւնը, կտաւը, հայրենիքը ու ներկան»։ Արեւմտահայ մտաւորականները սիրած են հայ լեզուն, գուրգուրացած են անոր վրայ, զայն պաշտած են։ Անոնք զայն որպէս «ինքնութիւնն իսկ» ճանչցած են։ Այն ճանաչումին Սփիւռքի մէջ բանիլը՝ պատճառներէն գլխաւորն է, որ Սփիւռքի մէջ Հայաստանեան ուղղագրութիւնը մերժուած է։ Քանի որ մտածուած է, թէ «փոխել ուղղագրութիւնը՝ կը նշանակէ փոխել ինքնութիւնը»։
Չորրորդ տարրը՝ հողի գաղափարը, որ «իր բացակայութեամբ ու կարօտով՝ աւելի ազդու է քան իր նիւթական իրողութիւնը կամ ներկայութիւնը կրնար ըլլալ»։ Հողին այս «միստիք» ընկալումը՝ բացատրած է նաեւ, թէ ինչո՞ւ Սփիւռքի մէջ հայրենասիրութիւնը «շատ դիւրաւ հերոսապաշտութեան գիրկը կ’իյնայ, կ’ըլլայ վերացական ու մարտունակ, այսինքն՝ հռետորական»։ Հռետորութիւնը՝ լեզուական ախտ մըն է, որ հողին «ուժն ու արժէք»ը կը նուազեցնէ։ Հողի գաղափարին քով կայ նաեւ Արեւմուտքի «հզօր մագնիս»ը, որ հայոց պատմութեան սկիզբէն՝ հայ «զգայնութիւն»ը, «երեւակայութիւն»ը եւ «բանականութիւն»ը իր քաշողութեան մէջ պահած է։ Վ․ Օշական ասիկա ճանչցած է իբր հայութեան ընդհանրական փորձառութիւն մը, եւ ոչ միայն արեւմտահայութեան եւ սփիւռքահայութեան։ Դէպի հող եւ դէպի արեւմուտք ձգումները՝ հակընթաց են, եւ իրենց «բզկտում»ին մէջ բռնած են հայ ինքնութիւնը։
Անշուշտ կան այլ տարրեր ալ, որոնք կարեւոր են ազգային գաղափարաբանութեան համար, ինչպէս՝ Հայ մշակոյթը եւ Հայ դատը եւայլն։ Ասոնց եւ միւսներուն մասին ԱԳՄի մէջ չէ գրած․ կա՛մ յօդուածը չերկարելու մտահոգութեամբ, կամ ալ աճապարանքէն։ Մշակոյթի մասին իր միտքերը նախապէս պարզեցի։ Չկրկնեմ։
Հայ դատի մասին՝ քանի մը մտորում։ Վ․ Օշական զանազանած է Հայ դատն ու ջարդերը։ Ջարդերուն պատճառով մեր մէջ կայ «թարախակալած խոց» մը, որ ցարդ կը թունաւորէ մեր հոգեբանութիւնը։ Ատիկա մաքրուելու է «մեր զգացական կեանքէն եւ մտածումի երակներէն»։ Մաքրուելու է «վիրաբուժական» գործողութեամբ։ Եւ այն գործողութիւնը նախ մտաւորականութեան պաշտօնն է, յատկապէս՝ գրական եւ արուեստի մտաւորականութեան («Դէպի Անկախութիւն»)։ Իսկ Հայ դատը՝ քաղաքական գործունէութիւն մըն է, առաջնահերթաբար։ Անիկա կը հետամտի մեր «անժամանցելի իրաւուքներ»ու ձեռքբերման («Անժամանացելի Իրաւուքնենր․․․», ԱԻ)։ Անշուշտ Հայաստանը որպէս պետութիւն՝ ստիպուած է հարցին մօտենալ «շատ նրբին ու շրջահայեաց» դիւանագիտութեամբ (ԱԻ): Սփիւռքէն ալ՝ «նոր ձեւեր» կը պահանջուին։ Գրած է․ «մեր հարցի լուծումը զէնքով չ’ըլլար – ոչ մէկ հարց զէնքով կը լուծուի – բայց երբ թշնամին կը յարձակի վրադ, պէտք է ինքզինքդ պաշտպանես» («Եթէ կորսնցնենք Արցախը․․․», Հարցազրոյց, ԵԿԱ)։ Հայ դատի հետապնդումը դիւանագիտական (Հայաստանի պարագային), քաղաքական (Սփիւռքի պարագային) եւ տնտեսական «նոր ձեւեր»ու կը կարօտի, գրած է (ԱԻ)։ Բայց նաեւ կը կարօտի բարոյական «նոր ձեւ»ի։ Գրած է․ «մենք պէտք է կրթենք, զարգացնենք եւ քաղաքակրթենք մեր շրջակայ երկիրները, որովհետեւ առյաւէտ մենք ալ հոն ենք, իրենք ալ հոն են․ չենք կրնար իրարու հետ կռուելով ապրիլ» (ԵԿԱ): (Հրաշալի, պիտի ըսէի։ Սակայն ինչպէ՞ս՝ եթէ կարենայի հարցենլ իրեն, հաւանաբար՝ պիտի պատասխանէր․ նախ՝ մեր «թարախակալած խոց»ը մաքրելով ստեղծագործականութեամբ։ Ապա՝ մտաւորական մակարդակի վրայ հայ-թուրք երկխօսութիւն մը իրականացնելով։ Բարի յոյս մը)։
Վ․ Օշական Հայ դատի հետապնդումը՝ նաեւ տեսած է «սոսկ քաղաքական նպատակէ աւելի բան մը»․ միջոց մը՝ բռնագրաւուած հայրենիքին յիշատակներովը՝ միութիւն եւ ինքնութիւն պահելու, «ցիր ու ցան գաղութներու միջեւ ոգեկան կապերու ցանց մը ստեղծելու» (ԱԻ)։
Գրեցի, որ ըստ իրեն՝ ազգային գաղափարաբանութեան սահմանումին առաջին խնդիրը կը վերաբերի ինքնութեան։ Ու հիմա, պարզաբանումներէս յետոյ՝ կ’արձանագրեմ, թէ անիկա սերտօրէն աղերսուած է վաւերականութեան խնդրին։ Իր հայեացքին մէջ, վաւերականութեան խնդիրը երկու տեսակ է․ մէկը՝ գոյութենականն է, միւսը՝ ինքնութենականը։ Գոյութենականը՝ միայն սփիւռքահայուն յատուկ չէ, անիկա է «մարդկային մեծ տագնապներէն մէկը» (70)։ Ազգային գաղափարաբանութեան շրջագիծին մէջ, վաւերականութեան խնդիրը՝ ինքնութենական է։ Ըստ որուն, սփիւռքահայը «ներքին անստուգութիւններու, շուարումի եւ փնտռտուքներու հոգեվիճակ» ունի, «ամէն առտու, հայելիին մէջ իր հայկական ինքնութեան ապահովութիւնը կը պրպտէ», եւ միշտ վկայ կը փնտռէ, որպէսզի վստահ ըլլայ իր կամ դիմացինի հայութեան (ՍՀ)։
Արեւմտահայ ինքնութիւնը՝ 1970-ի շուրջ «փոխուեցաւ Սփիւռքահայ ինքնութեան», որ 2000-ին շուրջ ալ՝ «նոր կերպարանափոխում»ի մը մէջ է։ Գիտենք, որ Սփիւռքահայ ինքնութեան գաղափարներ յայտնուած էին Փարիզի տղոց մօտ, յատկապէս Նիկողոս Սարաֆեանի եւ Զարեհ Որբունիի։ Այն գաղափարները իւրացուեցան եւ մտածուեցան 1970-ի շուրջ, եւ անկէ ետք, սակայն միայն սակաւ մտաւորականներու կողմէ։ Իսկ 2000-ին շուրջ «նոր կերպարանափոխո՞ւմ»ը։ Անկեղծօրէն՝ չեմ գիտեր, թէ ինչ կերպարանափոխումի մասին է խօսքը։ Ինչ ալ ըլլայ «նոր կերպարանափոխում»ով ի մտի ունեցածը, իրեն համար պարզ էր, թէ Սփիւռքը ինքզինք կը ճանչնայ որպէս վայր բազմինքնութեան, ուստի՝ բազմալեզուութեան եւ բազմամշակութայնութեան։ Նաեւ՝ ինքնութիւնը կը մտածէ իբրեւ «անկայուն, յարափոփոխ» երեւոյթ, թէ անիկա ինչպէս բարոյական առաքինութիւններ՝ «ամէն վայրկեան» պէտք է նուաճուի, ապրուի՝ որպէսզի «որեւէ արժէք» ունենայ։
Ազգային մէկ կամ ընդհանրական գաղափարաբանութիւնը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան աշխարհայեացքները կը հաշտեցնէ եւ կ’արտայայտէ։ Բայց մինչեւ անոր օրը գայ՝ անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր հատուած նախ կարգի դնէ իր տունը, իր միւսին հանդէպ «արմատական հոգեփոխութիւն» մը ունենայ, գիտակցի՝ թէ ինք եւ միւսը «իրարմով պայմանաւոր» են, եւ միւսին նայի՝ որպէս զինք ամբողջացնողը։ Այս ուղղութիւնը պիտի առաջնորդուի մտաւորականութեամբ, սպասարկուներովը մտքին՝ որ «մղիչ ուժ»ն է պատմութեան (ԱԳՄ)։ Եւ հայ գաղափարաբանութիւնը պիտի մշակուի այնպէս՝ որ «կրթիչ օրինակ ծառայէ մեր դրացիներուն, մարդկայնացնէ ու քաղաքակրթէ զանոնք» («Գաղափարաբանական Հարցեր»)։ Ահռելիօրէն հսկայ առաքելութեան մը մարտահրաւէր է ըսուածը։ Բայց դեռ սեփական տուները կարգի պիտի դրուին․․․