ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ՝ «ԻՄ ՍԻՐԵԼԻ ՍՓԻՒՌՔՍ». Զ․ – Մշակոյթի մասին
- (0)

Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․
Զ․ – Մշակոյթի մասին
Կար աւանդական Սփիւռք մը, որ բաղկացած էր յետ-Եղեռնեան մնացորդներէն։ Եւ այժմ կայ Հայաստանի վերանկախացումէն առաջ սկսած, եւ վերանկախացումէն յետոյ հետզհետէ աւելի մեծ ալիքաւորումներով Հայաստանէն արտագաղթողներով լեցուող Սփիւռքը։ Միջանկեալ՝ Իրանահայութեան զանգուածները։
Նախորդ յօդուածիս մէջ, օգտագործած էի Վրէժ-Արմէն Արթինեանի մէկ հարցազրոյցը Վ․ Օշականի հետ։ Այդ hարցազրոյցին մէջ, Վ․ Օշական ի պատասխան Վրէժ-Արմէնի մէկ հարցումին, ըսած է, թէ Սփիւռքի մշակոյթին համար առաջնահերթ պատասխանատուութիւնը՝ յետ-Եղեռնեան արեւմտահայ մնացորդինն է, որովհետեւ Սփիւռքը նախ եւ առաջ արեւմտահայ զգայնութեան ժառանգորդներուն տեղն է, եւ այն զգայնութեան մշակումին պատասխանատուութիւնը իրենց վրայ կ’իյնայ։
Յարգելով հանդերձ երկու մտաւորականներուն տեսակէտը, պէտք է ըսել, թէ իրականութիւնը կը պահանջէ այլ տեսակէտ մը, նոր մը՝ որովհետեւ սփիւռքեան միջավայրերը այլ մշակոյթ կը պահանջեն։ Եթէ մինչեւ ժամանակ մը՝ Սփիւռքը կազմուած էր յետ-Եղեռնեան մնացորդէն, արդէն հարցազրոյցին թուականէն առաջ, անիկա այլ նկարագիր մը սկսած էր առնել։ Ուստի, Սփիւռքը հետզհետէ աւելի նոր սահմանումի կը կարօտի։ Սփիւռքի ինքնութեան նոր սահմանումը՝ իրեն հետ կը բերէ նաեւ մշակոյթի նոր սահմանում մը, այժմ զինք բաղկացնողները ընդգրկող։ Արդ, այն սահմանումը չի կրնար անտեսել ոչ միայն իր միջավայրերը, այլեւ՝ հայութեան համայնքներուն տարբեր աշխարհագրական եւ մշակութային տեղերէ համահաւաքեալներու ներկայութիւնը, եւ ամէնուն պատասխանատուութեանց ներդրումը։
Ի՞նչ է մշակոյթը, ըստ Վ․ Օշականի։
Ըսել թէ ի՞նչ է մշակոյթը՝ հարց մըն է շատ «ծանրակշիռ», բայց «կենսական» (Հայ Մշակոյթի Օրուան Առթիւ, ՀՄՕ)։ Ինք որ անվախ էր՝ վախ ունեցած էր օրաթերթային սահմանումէ, որովհետեւ խորհած էր, թէ օրաթերթերը «գործնապաշտ, ժամանցային եւ դաստիարակչական» են, եւ կարելի չէ անոնց մէջ մշակոյթի յղացքէն եւ էութենէն խօսիլ։ Գրած է․ «Աւելի լաւ է ոչինչ գրել մշակոյթի մասին՝ քան մեծահամբաւ հեղինակներու գրութիւնները արտատպել (հասկնալ՝ քաղել – ԳՔ) կամ հինցած ֆորմիւլներ կրկնել» (նոյն)։ Մշակոյթը, իր հայեացքով, օրաթերթերէն «բոլորովին տարբեր ալիքի երկարութեան վրայ» կը գործէ (նոյն)։ Այնուհանդերձ, խորհած է, թէ «իրերու այս լճացած (հասկնալ՝ ճահճացած – ԳՔ) կացութիւնը փոխելու համար եղած ամէն ճիգ՝ դէպի մշակոյթը դրական քայլ մըն է» (նոյն)։
Վ․ Օշական, ուրեմն, չէ ուզած «մեծահամբաւ հեղինակներու» գրութիւններէն քաղել կամ «հինցած ֆորմիւլներ կրկնել»։ Յօդուածաշարքի մը մէջ այնպիսի հեղինակներու անուններ թուարկած է։ Անոնցմէ՝ Արշակ Չօպանեան, Նիկոլ Աղբալեան, Շաւարշ Նարդունի։
Չօպանեանի կարծիքով, մշակոյթը քաղաքակրթական արտայայտութիւն մըն է։ Իսկ հայ մշակոյթը «իսկատիպ ու թանկագին» արտայայտութիւն մը։ Անիկա ազգ մը կենդանի կը պահէ ու «քանդուած տունը» կը վերականգնէ։
Աղբալեանի կարծիքով, մշակոյթ մը ազգային երեւոյթ է։ Անիկա ազգի զաւակները կը հաւաքէ։ Մշակոյթ մը ծառայելու է ազգային գիտակցութիւն մշակելու, եւ զայն ներարկելու ազգի զաւակներուն մէջ։ Անիկա ոգեկան գործունէութին մըն է, այսինքն՝ մտածումի, զգացումի եւ կամեցողութեան գործունէութիւն մը (Մտածումներ Ազգի Եւ Դաւանանքի Մասին)։
Նարդունիի կարծիքով, մշակոյթը գերիշխանութիւն մըն է, աւելի ճիշդ՝ կամ գերագոյն եւ մենատէր հեղինակութիւն մը, որ ժողովուրդ մը կը ստեղծէ։ Նարդունի խորհած է, թէ անցեալի հայ մշակոյթը «յաղթեր է ժամանակին, կը ճառագայթէ դարերու մէջէն, դարերէ ի վեր»։ Իր տեսողութեամբ՝ հայութիւնը իր մշակոյթը «աստուածային բան մը կը համարէ», բայց նաեւ զայն կ’ընդունի որպէս «հաց»։
Վ․ Օշական ճշմարիտ չէ գտած տարուիլ ասոնցմէ, քանի որ թէ՛ ասոնք եւ թէ այլ կարծիքներ հակած են հանրապաշտ ուղղութեան։ Իրեն համար, մշակոյթը, ինչպէս մէջբերեցի, «բոլորովին տարբեր ալիքի երկարութեան վրայ» կը գործէ, քան «գործնապաշտ, ժամանցային եւ դաստիարակչական» ախորժակներն ու ձգտումները։ Մշակոյթը «մտքի ու սրտի արժէքներ»ու (Երկու Մշակոյթ, ԵՄ) երեւոյթ մըն է, որ «ինքզինքը տօնելով չէ որ կ’ապրի, իր առաքինութիւնները ու անցեալի արժանիքները կրկնելով չէ, որ կ’աճի, այլ ոգեկան ամէն երեւոյթի նման՝ ինքնիր դէմ, իր բնութեան դէմ, կեանքի բնական ձգտումներուն դէմ շարժելով է, որ էութիւն կ’առնէ» (ՀՄՕ)։ Մշակոյթի այս հակադրողական սահմանումը՝ անցեալի արժէքներուն մերժումի սահմանում մը չէ։ Որպէս փոխանցումի երեւոյթ՝ պէտք է անոր ուրոյն աւանդ մը ըլլալը ճանչնալ, «գտնել անոր գործողութեան գլխաւոր եղանակները», զայն «իր ամբողջ բարդութեամբ ժամանակակից իրականութեան մէջ» դնել, ապրեցնել, եւ գիտնալ՝ թէ կը փոխանցուի (նոյն): Որպէս փոխանցումի երեւոյթ՝ անիկա «ամէն վայրկեան կը ծնի, կը փորձէ ծնիլ, ու տեւել ընդդէմ աշխարհ մը արգելքներու» (նոյն):
Իր մտածումին մէջ, երկու տեսակ մշակոյթ կայ։ Ցարդ իրմէ քաղուած միտքերը կը վերաբերին, ընտրանիի մշակոյթին։ Երկրորդ տեսակ մշակոյթը՝ կարելի է կոչել մշակոյթ-ֆոլքլոր, կամ պարզապէս՝ ֆոլքլոր։ Ասոնք «կը զարգանան այսօր մեր ժողովուրդին մէջ» (ԵՄ)։ Եւ կը զարգանան՝ իբրեւ իրարու «հակադիր ու մրցակից»։ «Շատ հաւանաբար,- գրած է,- ժամանակի ընթացքին այս երկու ճիւղերը իրարմէ աւելի պիտի անջատուին, զիրար աւելի պիտի մերժեն, եւ գայ օրը՝ երբ զիրար բնաւ չհասկնան» (նոյն): Այս ընթացքին պատճառ ցոյց տուած է «ամբոխին եւ դիւրամատչելիին, օգտակարին պաշտպան լծուած մարդոց կշիռ»ին, եւ «հանրային կարծիք»ին եւ «ախորժակներ»ուն մեծ ճնշումն ու տիրակալութիւնը, որ այսօր աննախընթաց հանգամանք մը առած է։ Վ․ Օշական այս հաստատումը չէ կատարած բարոյախօսելու, դատապարտելու կամ խրատ տալու մտահոգութեամբ, այլ լոկ վիճակը առարկայականօրէն ըսելու (նոյն), որովհետեւ ինք ընդունած է երկուքին ալ կարեւորութիւնը։ Անկեդրոն կամ ապակեդրոն Սփիւռքը կրնայ իրեն կեդրոն դարձնել մշակոյթի երկու տեսակները, ստիպողական է, որ դարձնէ։ Երկուքին միջեւ շատ կարեւոր է կամրջումի դերը միջին մտաւորականութեան, որ ներկայիս «հռետոր»ութեամբ զբաղ է։
Այժմ, Սփիւռքի հայութիւնը ձգուած է իր կամքին եւ ուժերուն։ Անթիւ կարելիութիւններու եւ ընտրութիւններու խաչաձեումին մէջն է անիկա։ Հայաստանը, մեր անցեալը, եւ 20-րդ դարը, «իւրաքանչիւրը իւրայատուկ մշակութային աղբիւր՝ մեզի համար», գրած է։ Անոնցմէ պէտք է օգտուիլ, քննել, հասկնալ եւ մանաւանդ արժեւորել (ՀՄՕ)։
Արդ, ներկայ հանգրուանին, միջին մտաւորականութեան քովն ի վեր, «հաւանաբար չկայ աւելի հրատապ հարց քան կառոյցներու եւ հիմնական սկզբունքներու ճշդորոշումը», որպէսզի ձեւի եւ տիսիփլինի ենթարկուի մեր ազգը, ու վերջ գտնէ սա անպատասխանատու թուրիսթական գոյութիւնը» (Հայ Մշակոյթի Հարցեր)։ Մշակոյթն է, որ «ձեւ» ու «տիսիփլին» կու տայ, նաեւ՝ կայունութիւն մը – թող որ անիկա ըլլայ՝ յեղափոխական կայունութիւն մը։
Եւ հուսկ, ինք տենչացած է տեսնել Հայաստանի ու Սփիւռքի մշակոյթի մարդոց ջանքերը՝ վասն երկու հատուածներու մերձեցումին։ Արդի հայ մտաւորականութեան ընդհանրական յանձնառութիւնը ըլլալու է ատիկա (ՍՀ)։ Մշակոյթ մը կը զարգանայ բացուելով աշխարհին (Որոնում Սփիւռքեան Դիմագծի Մը, ՈՍԴ)։ Ուրեմն՝ բացուելով նաեւ Հայաստանի մշակոյթին, ոչ՝ ֆոլքլորին (այս մասին՝ յաջորդիւ)։ Նոյնպէս Հայաստանի մշակոյթը կը զարգանայ բացուելով աշխարհին, ուստի եւ՝ Սփիւռքի «ոգեկան յաջողագոյն ճիգեր»ուն (ՍՀ)։ Տենչը տակաւին կը սպասէ․․․