Վահան Յովհաննիսեանը այսօր կը դառնար 61 տարեկան

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Դաշնակցական ընկ. Վահան Յովհաննիսեանը այսօր կը դառնար 61 տարեկան, հայրենասէր անհատ, որ Հայաստանի ազատագրութեան դատն ու հայ ժողովուրդի մարտունակութեան վերականգնումը պաշտամունքի կիզակէտ ունեցող իր կեանքով, գործով ու գաղափարական աշխարհով՝ նորօրեայ շունչ եւ թռիչք տուաւ Վահագնատիպ մարտունակ հայու Դաշնակցական տեսակին հայրենական վերընձիւղման:

Իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ Վահագնի առասպելական մարտունակութեան եւ դաշնակցականի անվեհեր յանդգնութեան նորօրեայ մարմնաւորումի անմահացաւ Վահան Յովհաննիսեան մեր սերունդներու յիշողութեան մէջ:

Նոր ժամանակներու համատարած արժեզրկման պայմաններուն մէջ մաշած յանկերգի ճակատագիրին դատապարտուած բառերուն, իմաստներուն, աւանդներուն, հաւատարմութիւններուն, զոհաբերութեան եւ արութեան աւանդներուն նորարա՜ր կենդանութիւն եւ իրաւութիւն, այլեւ վարակիչ ու առաջնորդող օրինակ հաղորդեց Վահան Յովհաննիսեան՝ պայծառամիտ, յայտնագործող, խոհապաշտ եւ պայքարունակ այս պատմաբանն ու հնագէտը, որ Արցախի ազատագրութեան եւ վերանկախացեալ Հայաստանի քաղաքական ու պետական վերականգնման երթին յառաջապահ դրօշակիրներէն դարձաւ ե՛ւ բանիւ, ե՛ւ գործով:

Տակաւին կու գայ ժամանակը, երբ մեր դարաշրջանի հայոց պատմութիւնը վերծանող ու արժեւորող գիտական միտքը արժանին կը մատուցանէ այն ներդրումին ու աւանդին, որոնք Վահան Յովհաննիսեան անունով դրօշմեցին վերջին քառորդ դարու հայ ժողովուրդի քաղաքական-պետական ինքնահաստատման դժուարին երթին որոշակի պահերը, ձեռքբերումները:

Հռետոր չէր Վահան Յովհաննիսեան, բայց շնորհքն ունէր ինչպէս բազմահազարանոց զանգուածային հաւաքներու բեմահարթակէն, այնպէս եւ միջազգային ատեաններուն մէջ, կա՛մ դաշնակցական բազմամարդ ժողովներու, կա՛մ հանդիպումներու ընթացքին միտք եւ ուղղութիւն հունաւորելու, բուռն տարակարծութիւններ ու կրքոտ հակադրութիւններ հաշտեցնելու, այլեւ ու մանաւանդ՝ ոսկեայ միջիններու ուղղութեամբ տեղաշարժ յառաջացնելու:

Գաղափարախօս չէր Վահան Յովհաննիսեան, բայց անպայման եւ շեշտակի չափով ունէր աշխարհին ու դարաշրջանին բացուած խուզարկու, ընկալունակ միտք եւ տեսակէտ հունաւորելու բացառիկ ընդունակութիւն:

Ռազմագէտ չէր Վահան Յովհաննիսեան, բայց Արցախեան ազատամարտը եւ դաշնակցականի յանդգնութիւնը անոր մէջ թրծեցին ու թեւաւորեցին այն ռազմավարը, որ գիտցաւ Հայաստանի ու հայութեան համաշխարհային նաւը փոթորկոտ ծովու մէջ յառաջ մղել դէպի ինչպէս ռազմական յաղթանակներ, նոյնպէս եւ ապահով քարափ:

Վահան Էդուարդի Յովհաննիսեան ծնած էր 16 Օգոստոս 1956ին, Երեւան: 1973ին, Երեւանի թիւ 55 դպրոցը աւարտելէ ետք, կիսատ ձգելով Բրիւսովի անուան ինստիտուտին մէջ իր ուսումը՝ ան մէկնած է Մոսկուա մասնագիտացման համար: 1978ին աւարտած է Մոսկուայի մանկավարժական համալսարանը՝ գիտական կոչումներով, պատմութեան եւ հնագիտութեան մէջ: Աւարտելէ ետք նշանակուած է աշխատանքի հարաւային Սիբիրի մէջ: 1978էն 1980 ան ծառայած է խորհրդային բանակին:

Բանակային ծառայութեան աւարտէն ետք, Վահան Յովհաննիսեան գերադասեց վերադառնալ հայրենիք: Աշխատանքի կոչուեցաւ «Էրեբունի» թանգարանին մէջ, սկիզբը՝ որպէս գիտաշխատող, հետագային՝ իբրեւ գիտահետազօտական բաժինի վարիչ: Իսկ 1989 թուականէն ետք ան աշխատանքի կոչուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտին մէջ:

Տարբեր հնագիտական արշաւախումբերու կազմին մէջ Վահան Յովհաննիսեան պեղումներու մասնակցած է ամբողջ Հայաստանի տարածքին. այդ պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած են Բրոնզի եւ վաղ Երկաթի դարերու շատ արժէքաւոր հնութիւններ: Հետագային ալ, մինչեւ իր ապաժամ մահը՝ քաղցկեղով, քաղաքական, պետական թէ կուսակցական առաքելութեամբ իր ճանապարհորդութեանց ընթացքին, ան միշտ ժամանակը ստեղծած է հնագիտական իր մասնագիտութեան յագուրդ տուող տեղեկահաւաքման եւ փնտռտուքներու համար՝ յաճախ իր իմացութեամբ զարմացնելով եւ տպաւորելով արտասահմանեան իր խօսակից-պաշտօնակիցները:

Արցախեան շարժման պոռթկումի առաջին իսկ պահերէն, Վահան Յովհաննիսեան նետուեցաւ պայքարի ասպարէզ: 1989ին անդամագրուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Իբրեւ նորագիր դաշնակցականի եւ ՀՅԴ Հայաստանի պատասխանատու մարմինի անդամի, 1990էն սկսեալ ան գործօն մասնակցութիւն բերաւ Արցախի ազատագրական պայքարի դաշնակցական կազմակերպման, ծաւալումին եւ ղեկավարումին: Իսկ երբ Օգոստոս 1990ին ՀՅԴ պաշտօնապէս բացայայտեց կազմակերպական իր ներկայութիւնը հայրենիքի մէջ եւ Նոյեմբեր 1990ին գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան անդրանիկ Շրջանային ժողովը, ան մաս կազմեց ՀՅԴ Հայաստանի անդրանիկ Կեդրոնական կոմիտէին:

1991ի Հոկտեմբերին, Հայաստանի անդրանիկ նախագահական ընտրութեանց շրջանին, ՀՅ Դաշնակցութիւնը Վահան Յովհաննիսեանը թեկնածու առաջադրեց փոխնախագահի պաշտօնին՝ նախագահական թեկնածու Սօս Սարգսեանի կողքին: Թէեւ դաշնակցութեան թեկնածուները քուէներու միայն չորս տոկոսը ստացան, այդուհանդերձ, ան արժանացաւ հանրային կարծիքի ընդգծուած համակրանքին եւ ունեցաւ փայլուն մուտք՝ հայրենի քաղաքական բեմահարթակ: Վահան Յովհաննիսեան նոյնպէս արժանացաւ Դաշնակցութեան արտերկրի կազմակերպական շրջաններու ջերմ ընդունելութեան, երբ ՀՀ նախագահական անդրանիկ ընտրութեանց աւարտէն ետք գործուղուեցաւ Սփիւռք՝ ՀՅԴ շարքերուն եւ համակիր բազմութեանց զեկուցելու համար հայրենիքի մէջ ընթացող քաղաքական բախտորոշ խմորումներուն մասին:

1992ի Հոկտեմբերին, երբ ՀՅԴ 25րդ Ընդհանուր ժողովին Երեւանի մէջ գումարումը Յունիսին խափանուեցաւ ՀՀ անդրանիկ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ, նոյն Ընդհանուր ժողովը իր աշխատանքը շարունակեց Փարիզի մէջ, ուր ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր կազմին անդամ ընտրուելով՝ Վահան Յովհաննիսեան ստանձնեց ՀՅԴ մարտական-ապահովական գործին պատասխանատուութիւնը: Իսկ 1994ի Յուլիսին, ՀՅԴ Բիւրոյի օրուան ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի՝ ուղեղի կաթուածով անշարժացումէն ետք, Վահան Յովհաննիսեանի ուսերուն դրուեցաւ նաեւ ՀՅԴ հայրենական կազմակերպութեան մօտ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը:

1995ի Յուլիսին, Վահան Յովհաննիսեան ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ ՀՀ իշխանութեանց կողմէ՝ հակապետական յեղաշրջման փորձ կատարած ըլլալու քաղաքական ամբաստանութեամբ, որ սակայն բնաւ չհաստատուած մեղադրանք մնաց մինչեւ վերջ: Ան կալանքի տակ պահուեցաւ մինչեւ Յունուար 1998ի Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաժարեցումը նախագահական պաշտօնէն: Իր բանտարկութեան շուրջ երեք տարիներու շրջանին, կալանքի տակ գտնուելով հանդերձ՝ ան 1997ին հեռակայ կարգով ընտրուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ: Նոյնպէս, իր բանտարկութեան եւ դատավարութեան ամբողջ տեւողութեան, ան շարունակեց քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել: Դատարանէն ներս անոր ունեցած ելոյթները եւ մամուլով հրապարակումները քաղաքական կարեւոր դեր ունեցան, այդ օրերուն, հայրենիքի մէջ տիրող ներքաղաքական ծանր տագնապը յաղթահարելու առումով:

ՀՀ իշխանափոխութեան հետեւող քաղաքական նոր իրադրութեան մէջ, իր ազատութիւնը վերագտած Վահան Յովհաննիսեան գլխաւորեց 1999ի ՀՀ Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւորական թեկնածուներու համամասնական ցուցակը, թէեւ միաժամանակ իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր 17րդ մեծամասնական ընտրատարածքէն, ուրկէ եւ ընտրական յաղթանակ արձանագրեց: Նորակազմ Ազգային ժողովին մէջ ան ստանձնեց պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերի մշտական յանձնաժողովի նախագահութիւնը: Նոյն շրջանին ան ղեկավարեց Հայաստանի Ազգային ժողովի առաջին պատուիրակութիւնը ՆԱՏՕի խորհրդարանական վեհաժողովին մօտ:

2003ին եւ 2007ին Վահան Յովհաննիսեան դարձեալ ընտրուեցաւ ՀՀ խորհրդարանի պատգամաւոր եւ երկու անգամներուն ալ ստանձնեց Ազգային ժողովի փոխնախագահի պատասխանատուութիւնը: Այդ պաշտօնը վարեց մինչեւ 2008 թուականը: Այդ ժամանակահատուածին, ան ղեկավարեց Հայաստանի ԱԺ պատուիրակութիւնը ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովին մօտ, նոյնպէս ընտրուեցաւ Հայաստան-Ռուսիա եւ Հայաստան-Պելառուս միջխորհրդարանական յանձնաժողովներու համանախագահ:

2008ին Վահան Յովհաննիսեան մասնակցեցաւ ՀՀ նախագահական ընտրութիւններուն՝ իբրեւ ՀՅԴ նախագահական թեկնածու: 2012ի Մայիս 6ին դարձեալ Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընտրուեցաւ համամասնական ընտրակարգով՝ ՀՅԴ համամասնական ցուցակով: Ղեկավարեց Հայաստանի առաջին պատուիրակութիւնը «Եւրանես»չ խորհրդարանական վեհաժողովին՝ հանդիսանալով «Եւրանես»չի բիւրոյի անդամ:

2013ի Դեկտեմբեր 28ին, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով՝ Վահան Յովհաննիսեան նշանակուեցաւ Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան:

Վահան Յովհաննիսեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ վերընտրուեցաւ 2000 թուականի Յունուարին եւ մինչեւ իր ՀՀ դեսպան նշանակումը, 2013ի Դեկտեմբերին, շարունակեց գործել իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ՝ վերընտրուելով 2004ի, 2008ի եւ 2011ի ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովներուն կողմէ:

Վահան Յովհաննիսեանի առողջական վիճակը արագ անկումի մատնուեցաւ վերջին տարիներուն՝ շագանակագեղձի քաղցկեղի բարդութեանց հետեւանքով: Ան վախճանեցաւ Պերլին՝ 2014 թուականի Դեկտեմբեր 28ին:

Իր մահէն տարի մը առաջ, Վահան Յովհաննիսեան զարմացուց եւ հմայեց հանրային կարծիքը նաեւ իր գրական տաղանդով, երբ 2013ին ռուսերէնով լոյս ընծայեց «Մանդիլիոն» վէպը, որ շուտով արժանացաւ հայերէն եւ անգլերէն թարգմանութեանց եւ հրատարակութեան:

Ստորեւ Վահան Յովհաննիսեանի միտքերէն քաղուածքներ։

– Եթէ չլինէր Ղարաբաղեան շարժումը, ես չէի պատրաստւում խառնուել քաղաքականութեանը եւ կուսակցական կեանքին: Իմ գործը գիտութիւնն էր: Սակայն, 1988թ. հայ ժողովուրդը որոշեց, որ բարձր ատեաններ դիմելու միջոցով կարող է հասնել պատմական արդարութեան: Ես հասկանում էի, որ դա հարցի լուծում չէ, եւ սկսեցի միջոցներ փնտռել անխուսափելին՝ այսինքն պատերազմը, դիմաւորելու համար: Այդ որոնումների մէջ հանդիպեցի մի կուսակցութեան, որը կազմակերպչական առումով աւելի լաւ էր պատրաստ այն իրողութիւններին, որոնք սպասում էին մեզ, եւ ինչն այն ժամանակ շատերի կողմից չէր գիտակցւում: Իսկ ցեղական գաղափարական ժառանգութիւնը պարզապէս օգնեց գտնելու հայրենիքին ծառայելու ճշգրիտ ճանապարհը՝ ՀՅԴ միջոցով:

– Ես երբեք չեմ երազել լինել ինչ որ կուսակցութեան անդամ, բայց եթէ լինել՝ ապա միայն ՀՅԴի անդամ:

– Ի՞նչ պէտք է հասկանալ «դաշնակցական» ասելով՝ կուսակցութի՞ւն, պատմութի՞ւն, գուցէ արժեհամակա՞րգ: Այն հիմնականում մարդկային տեսակ է: Սա չի նշանակում, որ մարդկանց այդ տեսակը կենտրոնացուած է միայն Դաշնակցութիւնում, կամ բոլոր այն մարդիկ, ովքեր մեր կուսակցութեան մէջ են, պատկանում են այդ տեսակին: Բայց մեր կուսակցութիւնը չի ձեւաւորուել կամ համախմբուել առաջնորդների կամ փողի շուրջ, դա բացառւում է, ոչ էլ միմիայն ծրագրերի շուրջ, այլ նաեւ՝ օրինակելի քաղաքացու մասին մեր պատկերացումների շուրջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.