Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԵՒ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՎԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ – ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ ՎԵՆԵՏԻԿ
580
0
19-22 Հոկտեմբեր 2023-ին, Մխիթարեան Միաբանութեան Վենետիկի մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով, նուիրուած՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850 ամեակին։ Սոյն գիտաժողովին Մխիթարեան Վարդապետներու կողքին իրենց մասնակցութիւնը բերին մասնագէտներ, որոնք ժամանած էին Հայաստանէն եւ Եւրոպայի զանազան երկիրներէն։
Գիտաժողովի բացումը կատարեց կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Հ. Սերոբ վրդ. Չամուրլեան, որ իր բարի գալուստի խօսքին մէջ նախ յիշեց Արցախ աշխարհն ու Հայաստանի մերօրեայ դժուարին իրավիճակը ու ապա գիտաժողովի ընթացքն ու ներկայացումները։։ Գիտաժողովի ընթացքին դասախօսութիւններ կատարուեցան հոգեկանութեան, երաժշտութեան, եկեղեցական պատմութեան եւ բանասիրութեան մասին։ Գիտաժողովի օրերուն ներկայացուեցան 18 մասնագիտական նիւթեր, որոնք պիտի հրատարակուին Բազմավէպ 2023-ի, 3-4 Բացառիկ հատորին մէջ, նուիրուած՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին։
Բացման օրակարգով՝ Հ. Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեան ընթերցեց՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու վարչութեան նախագահ Գարտինալ Գլաուտիոյ Կուճերոթիի շնորհաւորական նամակը յղուած գիտաժողովին։
Գիտաժողովի օրերուն, բացումը կատարուեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի գործերու Մխիթարեան հրատարակութիւններու ցուցադրութեան եւ «Հաւատով խոստովանիմը գոյներու լեզուով» արուեստագէտ Վազգէն Բրուտեանի նկարչական ցուցահանդէսին։
Ուրբաթ երեկոյեան, Մխիթարեան հայրերու երգեցողութեամբ, ներկայացուեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի շարականները Սուրբ Ղազար վանքի աւանդական երգեցողութեամբ։ Իսկ Շաբաթ երեկոյեան, որպէս միջազգային աղօթք խաղաղութեան համար՝ «Հաւատով խոստովանիմ»ը 24 տուները 24 լեզուներով ներկայացուցին Վենետիկի Մէսդրէ քաղաքի Ճուզէփփէ Փարինի Դպրոցական Հիմնարկի, Քա Ֆոսքարի Համալսարանի եւ Մխիթարեան մեծ ընտանիքի զաւակները։
Այսօր, Կիրակի, 22 Հոկտեմբեր 2023-ին, միջազգային գիտաժողովի պաշտօնական փակումը կատարուեցաւ ձայնաւոր Սուրբ Պատարագով, որու երգեցողութիւնը կատարեց «Էտտէս» խումբը՝ ղեկավարութեամբ Ճուսթին Ռափաչչոլիի։։
Այս առթիւ, մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր զեկուցողներուն, բարերարներուն եւ հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակից անհատներուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել այս ամբողջ գիտաժողովը։
Comments are closed.