Սփիւռքի տարի (Բ.). Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում. Պատգամ Արամ Ա. կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Թեմակալ Առաջնորդներուն,

հոգեւոր դասուն,

Ազգային իշխանութեանց, եւ

մեր ժողովուրդի զաւակներուն

2023 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսու­թեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական սիրով ու հայ­րապե­տական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողո­վը, Ազգ. Կեդրո­նական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղա­քական ժո­ղովները, Միա­բանութիւնը, Թեմակալ Առաջնորդներն ու Ազգ. Իշխանութիւն­ները, մեր կեանքէն ներս գործող քաղա­քա­կան, կրթա­­­­կան, մշակու­թային, բարե­սիրական եւ համայնքային միու­թիւններն ու կազմակեր­պու­թիւնները, ինչպէս նաեւ մեր ժողո­վուր­դի սիրելի զաւակները։ Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ բացուող Նոր Տարին մեր անհատական, ընտա­նեկան եւ ազ­գային կեանքին մէջ լեցուի առող­ջու­թեան, յաջո­ղու­թեան եւ երջան­կու­թեան երկնային բարիքներով։

***

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, անցնող տարին, 2022-ը, Հայրապետական Հռչակագրով յայտարարեցինք «Սփիւռքի Տարի»։ Անդրադառնալով Սփիւռքի պարզած ներկայ վիճակին, եւ այն հիմնական դրդապատճառներուն, որոնք Մեզ մղե­ցին 2022 տարին հռչակելու Սփիւռքի Տարի, Հռչակագրին մէջ հետեւեալ հաստա­տումը կատարեցինք.–

«Հայօրէն մաշումի ենթակայ Սփիւռ­քը՝ տեղ մը անորոշու­թեան ալիքներու մէջ կօ­րօրուիայլ տեղ՝ փոթո­րիկներու դէմ կը պայ­քարիտեղ մը՝ նոր ինքնութեան փնտռտուքի մէջ էայլ տեղ՝ տե­ղայնացումի արագ ընթացքին մէջ է։  Հետեւաբար, այս կացութեան դիմաց Սփիւռ­քի վերակազմա­կերպումը ու վերա­կենսաւո­րումը հրա­մա­յական ան­հրա­ժեշ­տու­թիւն է։ Այս բազմա­տարած ու բազմե­րես ծրա­գիրը իր գործ­­նա­կան ընթացքը կրնայ առնել նախ Սփիւռքի ինքնա­քննու­թեամբինք­նար­­ժե­ւորումով եւ ազգի համայնական կեան­քին մէջ անոր իւրայա­տուկ տեղին ու դերին յստակեցումով։ Այս հսկա­յա­ծաւալ աշխա­տան­քին հարկ է լծուիլ այսօ՛րվաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ՝ աշխարհի ար­մա­տական ու արագ փոփոխու­թիւն­ներու յոր­ձա­նուտին մէջ ապրող Սփիւռ­քին համար»։ Ապա, մեկնելով Սփիւռքի պարզած անորոշ ու մտա­հոգիչ կացութենէն, շեշտեցինք թէ՝ «Անորոշութիւն­ներով ու տագ­նապ­ներով լեցուն Սփիւռքի ներ­կայ իրավիճակը, մեր եկե­ղեցին, մեր ղեկավար մար­մինները ու մտա­ւորական­ները պէտք է մղէ՝ իրա­պաշտ ոգիով, պատասխա­նատու մօտեցումով ու համա­պար­­փակ տեսլակա­նով տագ­նապելումտածելուքննելուխորհըր­դակ­ցելու եւ մանաւանդ՝ Սփիւռ­քի ներ­­կան վերա­կազմակեր­պելու ու անոր ապագան հունա­ւորող ճիշդ ճամ­բա­ներ եւ ազդու միջոցներ որո­նելու»։

Արդարեւ, անցնող տարուան ընթացքին Սփիւռքին ներկայ գո­յա­վիճակին ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ՝ յօդ­ուած­ներու, ուսումնասիրութիւն­ներու, դասախօ­սութիւն­ներու ու սեմի­նար­նե­րու ճամբով արտա­յայտուած մտա­հոգութիւն­ները, ներ­կա­յաց­ուած մատնա­նշում­ները ու կատարուած վերլու­ծումները փաս­տօրէն վերաշեշ­տեցին՝ Հայ­րապետական Հռչակագ­րով Մեր կատարած ընդ­գծում­ները եւ յատ­կապէս՝ Սփիւռքը իր ներկայ վի­ճա­կէն դուրս բերե­լու եւ վերակազ­մակերպման առաջ­նոր­դելու ան­յետա­ձգելի հրամա­յա­­կանը։

Հետեւաբար, մէկ կողմէն նկատի ունենալով սկսուած քննար­կում­ներու շարունակման կարեւորութիւնը, եւ միւս կողմէն, քննար­կում­ներէ անդին՝ գործադրութեան հեռանկարներուն եւ միջոց­ներուն յստա­­կեց­ման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս թեմերու շրջագծէն ներս, ներկայ Հայրապետական Գիրով 2023 տարին դարձ­եալ կը հռչակենք

ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ (Բ.)

(Ինքնաքննութենէ՝ վերակազմակերպում)

շեշտաւորումով։ Մեր սպասումն է որ առանց անտեսելու ինքնա­քննութեան յոյժ կարեւորութիւնը, ներկայ տարուան ընթացքին գործ­նական քայլեր առնուին եւ ծրագիրներ մշակուին՝ մասնաւո­րաբար թեմական շրջագծէն ներս։Ի՞ՆՉ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Խոր գոհունակութեամբ կʼուզենք հաստատել, թէ՝ Սփիւռքի Տար­ուան հռչակումը լայն արձագանգ գտաւ ակա­դեմական, մտա­ւորա­կան, մամուլի եւ երիտասարդական շրջանակներէն ներս։ անցնող տարուան ընթացքին յաջորդաբար հինգ առիթներով առցանց հան­դիպումներ տեղի ունեցան Սփիւռքի հարցերուն ծանօթ մասնագէտ­ներու, մտաւո­րականներու, տեղեկատուական մար­զի մասնագէտնե­րու եւ երիտա­սարդ­ներու հետ։ Այս հանդի­պումներու ընթացքին արծարծուեցան ու քննարկուեցան շարք մը այժմէական խնդիրներ, եւ կատարուեցան առաջարկներ։ Կաթողի­կոսարանի նախաձեռնու­թեամբ կայացած յիշ­եալ հանդիպում­ներու ընթացքին եղած քննար­կումներուն ներ­կայացուցած կարե­ւորութիւնը նկատի առնելով, շա­հե­կան կը նկատենք ընդհա­նուր գծերով անդրադառնալ անոնցմէ իւրա­քանչիւրին.–

Ա) Առաջին հանդիպումին, բացման Մեր խօսքին մէջ, պարզելէ ետք Սփիւռքի Տարի հռչա­կե­լու շարժառիթ­ները, ընդհանուր գծե­րով անդրա­դարձանք նոր ձե­ւա­­ւորուող եւ յարա­փոփոխ սփիւռք­եան միջավայ­րերու իրավի­ճակ­­ներուն իւրայատ­կութիւննե­րուն եւ տար­բեր բնագա­ւառ­նե­րու մէջ գոր­ծող աւանդական կա­ռոյցներու դիմա­գրաւած դժուա­րու­թիւն­նե­րուն: Յատկապէս շեշ­տե­ցինք ինք­նու­թեան վերաբե­րող հիմ­նա­հար­ցերը։ Ապա մաս­նա­կից­ները ներ­կա­յա­ցու­ցին հետեւեալ խնդիր­ները.–

– Համեմատական սփիւռքագիտութեան օգտագործումը:

– Ինքնութեան խնդիրներու քննարկման տարբեր միջոցներու որ­դեգ­րումը:

– Մեր կառոյցներէն հեռու սփիւռքեան գոյավիճակներու հասա­նե­լիու­­թեան մի­ջոցներու որոնումը:

– Սփիւռքեան հարցերու ոլորտային մասնագիտական քննար­կում­ներու ձեւաչափերուն ճշդումը:

– Ըստ միջավայրի եւ իւրայատկութիւններու նկատառումներով ներ­գրաւ­ման տարբեր ռազմավարութիւններու մշակումը:

– Ցանցային դրուածքի լիարժէք օգտագործման կարելիութիւն­նե­րու ու­սում­նասիրութիւնը:

– Համացանցային տարածքներու վրայ համա­խմ­բում­­նե­րու յա­ռա­ջա­ցումը:

– Սփիւռքի մարդուժի եւ կարողականութեան ցանկագրումի եւ հաւա­քագ­րումի աշխատանքին կարեւորութիւնը:

– Երիտասարդութեան ուղղութեամբ թիրախային ծրագիրներ մշա­­կելու հրամայականը։

– Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք կապերու ամրապնդման նոր հա­յե­ցա­կար­գերու պատրաստութիւնը:

Վերոյիշեալ խնդիրներուն իրապաշտ, համա­պար­փակ ու խոր­­քային քննարկումը նկատուեցաւ որպէս անհրաժեշտ մէկնա­կէտ՝ Սփիւռքի վերակազմակերպման գործընթացին։

Բ) Խորհրդակցութիւն­ներու երկ­րորդ հանդիպումի բացման Մեր խօսքով ընդգծեցինք հետեւեալ կէտերը.–

– Արդեօք Սփիւռ­քը պատ­րա՞ստ է վերա­կազ­մակերպուելու։

– Իրապաշտ արժեւորումի անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ մեկնա­կէտ հար­ցե­րու դիմագրաւման եւ լուծման եղանակներու ճշդու­մին։

– Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներու ծրագրա­ւո­րումի գոր­ծընթացի մշակումը։ Այս ծիրէն ներս յոյժ կարեւոր նկատ­ուե­­ցաւ եկեղեց­ւոյ եւ իր շուրջ գործող մարմիններուն, միու­թիւննե­րուն եւ աւանդական կա­ռոյցներուն դերը։

– Նոր օրակարգերու ճշդումի հրա­տա­պութիւնը, ի հարկին, կա­ռոյց, համակարգ, մեթոտաբանու­թիւն եւ կանո­նագ­րութիւններ բարե­փո­խելու սկզբունքը։

Ապա, քննարկումը կեդրոնացաւ երեք հիմնահարցերու վրայ, որպէս ուղենիշ հետագայ աշխատանքներուն.– հաւաքական ար­ժէք­ներ, ինք­նութիւն եւ մասնակցութիւն։

Գ) Խորհրդակցութիւն­նե­րու եր­րորդ հանդիպումին իրենց մաս­նակ­ցութիւնը բերին խումբ մը երիտասարդներ, որոնք գործօն դե­րա­կա­տարութիւն ունին իրենց գաղութներու կեանքին մէջ։

Առաջին հերթին Մենք  դրուատեցինք երիտասարդներուն դրա­կան ներգրաւուա­ծու­թիւնը իրենց գաղութներու կեանքին մէջ եւ նախան­ձա­­խնդ­րու­թիւ­նը՝ գաղութներու վերանորոգման, ընդգծե­լով, որ ընկերու­թիւն մը չի կրնար յառաջդիմել առանց երիտասար­դու­թեան, որովհետեւ երիտասարդութիւնը ըն­կե­­րու­թեան աւիշն է ու ներկան՝ ո՛չ միայն ապա­գան։ Պարզեցինք Սփիւռ­քին դիմագրա­ւած մարտա­հրա­ւէրները եւ շեշտեցինք վերարժեւորման ու վե­րակազմա­կերպ­ման աշխատանք­նե­րուն հրամայականը՝ երի­տա­սարդ­­­­ներուն գործօն մասնակցութեամբ։ Նկա­տի ունենալով, որ Սփիւռքը թէ՛ հա­յոց ցեղասպանութեան հետե­ւան­­քով յա­ռա­ջացած է եւ թէ Հայաստա­նի տնտեսական տագ­նապէն մղուած ար­տա­գաղ­թած հայորդիներէ բաղկացած, յիշեցու­ցինք թէ Սփիւռ­քը մնա­յուն շար­ժումի մէջ է։ Հետե­ւաբար, ճիշդ չէ ընդհանրական մօտեցում­ներով քննել եւ ար­ժեւորել Սփիւռքը, միաժամանակ շեշտելով թէ՝ գաղութներուն միջեւ հասա­րա­կաց գիծը հայ­կա­կան ինքնու­թիւնն ու պատկանելիութիւնն է։ Քա­ջա­լերե­ցինք, որ երի­տա­­սար­դութիւնը հե­տե­ւողի կրաւորական դերէն դուրս գայ, ու ինքզինք տեսնէ մաս­նակցող գործօն դերին մէջ։ Վերջա­պէս, յիշեցու­ցինք, որ առցանց այս խորհրդակ­ցութեան նպատակն է լսել երի­տասարդ­ները, իմա­նալ անոնց դժուա­­­րու­թիւն­ները, ակնկա­լու­թիւն­ները, եւ մանաւանդ անոնց տեսա­կէտ­ները՝ համաշխարհայ­նացած աշխար­հին ու ան­ցան­կապատ ընկե­րութեան մէջ մեր ինքնու­թիւնը առողջ պա­հելու միջոցներուն մա­սին։

Ապա, յաջորդաբար երիտասարդները անդրադարձան զիրենք յու­զող հար­ցերուն։ Անոնք դրին մայրենի լեզուին օգտագործման նուա­զումին եւ օտար լեզուամտածողութեան հարցը, ուղղագրու­թեան ան­բա­ւարար իմա­ցու­թեան պատճառով առցանց հա­ղորդակ­ցու­թեան մէջ լատինա­տառ գրելու հակումը, ընկերային ցանցերու վրայ Հա­յաս­տան-Սփիւռք յաճախ զիրար չհասկնալու պատճառով զիրար հա­կա­սելու երեւոյթը, օտար վարժարան յաճախելու անպա­տեհութիւն­նե­րը, ար­հես­­տագիտութեան անբաւարար օգ­տա­գործու­մը, երիտա­սար­դութեան մօտ ին­ք­­նաճանաչման վերաշեշտումը, Արցախ­եան վերջին պատե­րազմի պատճառով երի­­տասարդու­թեան մօտ յուսա­լքման հոգեվի­ճա­կը, ղեկավարութիւն-երի­տա­սար­դու­թիւն յարաբե­րու­թիւն­­ներու առնչո­ւած խնդիր­­ները եւ տնտեսա­կան իրա­­վիճակի հետեւանքով գաղութը լքելու հարցը։ Յիշեալ նիւ­թերու քննար­կում­ներուն լոյսին տակ երի­տասարդները նաեւ պար­զեցին իրենց առա­ջարկ­ները՝ կրթա­կան, կազ­մակերպչական, ար­հես­տա­գի­տա­կան եւ եկեղե­ցա­կան մարզե­րու կապուած։ Լսելէ ետք մեր երիտասարդները, Մենք բարձր գնահատե­ցինք անոնց շինիչ ներդ­րումը եւ շեշտեցինք, որ այսօր չենք կրնար խուսափիլ համաշ­խար­հայ­նաց­­ման մշա­կոյ­թէն. սակայն այս իրողու­թեան դի­մաց հարկ է կառ­չիլ մեր ինք­նութեան, որ հիմնուած պէտք է ըլլայ ար­ժէք­ներու եւ խարսխուած՝ իտէալ­ներու վրայ։ Անհրաժեշտ է մտա­ծել այն­պիսի հաւաքա­կան արժէքներու հա­մակարգ մը յառա­ջացնելու մասին, որ ո՛չ հեռացնէ մեզ ներկայ ըն­կերութենէն եւ ոչ ալ կղզիացնէ, այլ զիրար հարստացնող ներքին յարակցութիւն մը ստեղ­ծէ երկուքին միջեւ։

Դ) Չորրորդը հանդիպումը յատկացուած էր տեղեկատուա­կան մարզին։ Ընդ­հանուր գծերով պարզելէ ետք տեղեկատուական մարզի կարե­ւորութիւնը Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխա­տանք­նե­րուն մէջ, մասնա­կիցներէն իւրաքանչիւրը ներկայացուց մասնագի­տա­­կան զեկոյց մը եւ ապա տեղի ունեցաւ լայն քննար­կու­մ։ Լուսար­ձա­կի տակ առնուեցան մասնաւորա­բար հետեւ­եալ կէտերը.–

– Տուեալներու հաւաքագրումը խիստ կենսական է Սփիւռքի գոյ­քա­գրման եւ մասնագիտական մարդուժի ցուցակագրման աշ­խա­տան­քին հա­մար։

– «Չիփեր»ու այսօրուան արտադրութեան ճարտարագիտու­թիւ­նը հիմնո­ւած է ծաւալի փոքրացման, բազմապատկուած տուեալ­ներու ներառման եւ արագութեան բազմապատկութեան սկզբունք­ներուն վրայ։ Հայկական տեղե­կագիտական գործօնը այս նոր ուղ­ղութիւնը նկատի պէտք է ունենայ իր ցանցային աշխատանքները կազմակեր­պելու ընթացքին։

– Այսօրուան աշխարհակարգը կʼաշխատի ապակեդրոն, ապա­մե­կուսաց­ուող եւ անվերջ նորացուող դրութիւններով։ Մեր աշխա­տանք­­ներուն մէջ հարկ է այս աշխատակարգը ու գործելաոճը նկատի ունե­նալ՝ յատ­կապէս մեր դասական կառոյցներէն դուրս գտնուող զան­գուած­­­ներուն հետ կապ հաստատելու համար։

Ե) Հինգերորդ հանդիպման նպատակն էր ամ­փո­փել ցարդ կա­տար­ուած քննարկումներուն հիմնական մտքերը եւ գործ­նա­կան մօտեցու­մով ճշդել յառա­ջիկայ քայ­լերը։ Մեր թե­լադրու­թեամբ նկա­տի առ­նուե­ցան առանցքային երեք ուղղութիւն­ներ.– ախտա­ճա­նա­չում, հա­կազ­դեցութիւն ու գործընթաց։ Ապա պարզե­ցինք այն յատ­կանշա­կան երե­ւոյթ­ները ու կատարուած ա­ռա­ջարկ­ները՝ քաղ­ուած թէ՛ առ­ցանց հան­դիպումներէն եւ թէ՛ ընդ­հան­րա­պէս Սփիւռ­քի տար­ուան առիթով գրուած յօդուածներէն։ Յիշեցու­­ցինք, որ Սփիւռ­քը ներկայ գոյավիճա­կէն դուրս բերելու հրամա­յականը դարձած է հաւաքական մտահոգութիւն ու գոյութենական խնդիր։ Յստակօ­րէն նշմարելի է երիտասարդութեան մօտեցումը, որ անյե­տաձգելի կը նկատէ Սփիւռ­քի վերակազմա­կեր­պումը, այ­լա­­պէս, կրնայ աւելի խորանալ ան­ջըր­պե­տը երիտասար­դու­թեան եւ սփիւռ­քահայ կեան­քին միջեւ։ Ընդ­գծեցինք նաեւ, որ Սփիւռքի Տար­ուան նպատակը ակադեմական ուսումնասի­րութիւն մը պատ­րաս­տելը չէ, այլ՝ տար­բեր մարզերու վերարժեւո­րումի ու վերա­նորոգումի աշխա­տանքներուն հա­մար շօ­շափելի տուեալներու վրայ հիմ­նուած ծրա­գիր մշակել ու գործըն­թաց ճշդել է։

Զ) Ազգ. Ընդհ. Ժողովին ուղղած Մեր պատգամին, ինչպէս նաեւ Ազգ. Կեդրո­նա­կան Վար­չութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժո­ղովներու տեղե­կա­գիրներուն մէջ լայն տեղ յատկացուած էր Սփիւռ­քի վերա­կազմա­կերպման։ Ժողովը իր կարգին առանձին նիստով ու լայն քննար­­կումով շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպ­ման յոյժ կա­րեւո­րութիւնը եւ այդ գործընթա­ցին սկիզբ տալու անհրաժեշտու­թիւնը՝ մաս­նաւո­րա­բար թեմերուն կողմէ։

Արդարեւ, Սփիւռքի Տարուան առի­­թով տեղի ունեցած քննար­կում­ները, գրաւոր թէ առցանց, պար­զեցին հասարակաց նո՛յն մտա­հո­գութիւնները՝ թէ Սփիւռքը հայօրէն արագ մաշումի ըն­թաց­քի մէջ է, մեր կառոյցները սկսած են կորսնցնել իրենց այժ­մէակա­նու­թիւնը, եւ հե­տեւաբար, անհրա­ժեշտ է Սփիւռքի վերա­կենսա­ւորումը մեր կեան­քը շրջապատող ներկայ պայմաններուն ու իրա­կանութիւն­ներուն լոյսին տակ։ Արդարեւ, յատկապէս անց­նող տար­ուան ընթացքին այս բոլորին ականատես ու ականջալուր ըլլալէ ետք, եկանք այն հա­մոզման, թէ Սփիւռքի գծով արտա­յայ­տուած հաւա­քական մտա­հոգու­թիւնը այն­քան խոր է, եւ կա­տար­ուելիք աշխա­տանքին ծաւալը այն­քան մեծ ու անոր յստա­կեցումը՝ այնքան էական, որ կարելի չէ այս բոլորը խտացնել մէկ տարուան ժամանակամիջոցին մէջ։ Հետեւա­բար, անհրաժեշտ է այս ուղ­ղու­թեամբ կատարուող քննարկումները շարունակել, մաս­նակ­ցու­թեամբ թեմական ու համայնքային ներկա­յա­ցուցիչնե­րու, մտա­ւորա­կաններու, կառոյցներու պատասխա­նա­տու­ներու ու զա­նա­զան մար­զե­րու մասնագէտներու՝ քննարկումներէ դէպի վերա­կազ­մակերպում ուղ­ղուելու հեռանկարով։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵՆԷ ՈՒՂՂՈՒԻԼ ԴԷՊԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ

Սփիւռքի վերա­կազ­մակերպման պահանջը փաստօրէն դարձած է անյետաձգելի մտահոգութիւն։ Սփիւռքի ներկայ վիճակին երկա­րա­ձգումը կը նշանակէ Սփիւռքի գու­նաթափումը, կազմալուծումը ու մա­շու­մը։ Անհրաժեշտ է հաւա­քական ճիգով Սփիւռքին նոր կենսու­նա­կութիւն ներարկել՝ զայն դարձնելով համահունչ ներկայ աշխար­հի իրականութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։ Բնա­կանաբար սա դիւրին ու հեզասահ աշխատանք մը չէ։ Այսօր Սփիւռ­քը կը ներ­կա­յացնէ զանազանու­թիւններու, հակասութիւն­ներու ու անորոշու­թիւն­­նե­րու խայտաբ­ղէտ պատկեր մը։ Հետե­ւաբար, Սփիւռքին նկատ­մամբ կարելի չէ միաձեւ ու միանուագ մօտեցումներ որդեգրել։ Գա­ղութները կʼապ­րին տար­բեր միջավայ­րերու մէջ. իրենց ներքին դրուածքները տար­բեր են. կազմակերպ­չական տար­բեր դրութիւն­ներով կը ղեկա­վարուին ու տարբեր ազդեցութիւններու ենթակայ են։ Այլ խօսքով, մեր հաւաքական մտահոգութիւնը, նախանձախնդրու­թիւնը ու յանձնառութիւնը չեն են­թադ­րեր անպայման հաւաքական գործըն­թացքի եւ օրակարգի ճշդում։ Հարկ է նկատի ունենալ իւրա­քանչիւր գաղութ կամ թեմ իր իւրա­յատկութիւն­ներով, կարիքներով ու առաջ­նահերթութիւննե­րով, բնակա­նաբար, մեկնելով հաւաքական սկզբունք­ներէ ու նպա­տակներէ։ Մեր հա­յեցակէտով, յատկապէս հե­տեւեալ սկզբունք­ները ու նպատակները պէտք է դառնան առաջ­նոր­դող ուղեգիծը ու մղիչ ուժը Սփիւռքի վերա­կազ­մակերպման.–

– Վերարժեւորման ենթարկել Սփիւռքի մէջ ապրող հայու ինք­նա­ճանաչումը՝ համաշխարհայ­նացած մշակոյթի լոյսին տակ։

– Հայ կեանքէն ներս առանցքային դերակա­տարութիւն ունեցող եկեղեցւոյ բարեկարգումը նկատել առաջ­նային՝ զայն պատշա­ճեցնե­լով ներկայ ժամանակներու ու որոշ չափով միջավայրի իւ­րա­յատ­կութիւն­ներուն ու պայմաններուն։

– Մեր համայնքներէն ներս գործող կազմակերպութիւններու ինք­նաքննութիւնը եւ գործունէութեան վերարժեւո­րումը կատարել նոր հրամայա­կան­ներու լոյսին տակ։

– Մեր կառոյցներէն եւ ընդհանրապէս հայ կեանքէն հետզհետէ հեռացող երիտասար­դութեան հայ կեանքէն ներս ներգրաւումը ա­պա­­հովել երկխօսութեան ճամ­բով։

– Հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս ու բոլոր մակար­դակ­ներու վրայ կնոջ աւելի լայն ու գործօն դերակատարութիւնը երաշ­խա­­ւորել։

– Համայնքի կեանքի զանազան մարզերէ ներս մասնագէտ­ներուն ներդրումը դարձնել աւելի աշխոյժ ու հետեւողա­կան։

ԹԵՄԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ

Սփիւռքի վերակազմակերպման մէջ կեդրո­նական տեղ կը գրա­ւեն թեմերը։ 2022 Սփիւռքի Տարուան Մեր Հռչակագրին մէջ անդ­րադառ­նալով թեմերու վերակազմակերպ­ման, ըսինք՝ «Աւանդա­կան Սփիւռ­քի կեանքը կազմա­կերպուած է եկեղեցւոյ շուրջ։ Իւրա­քանչիւր գա­ղութ եկեղեցին նկա­տած է իր հաւաքական կեանքին կեդրոնը եւ անոր շուրջ հիմ­նած զանազան մարզերու առնչուած իր հաստատու­թիւնները։ Փաստօրէն եկե­ղեցին չէ կրցած քայլ պահել կեանքի յարա­փոփոխ պայ­ման­ներուն հետ։ Եկեղեցւոյ բարեկար­գումը հրամա­յա­կան է։ Եկեղեցի-ժողո­վուրդ յա­րա­բերու­թիւնը նոր որակ ու ոճ պէտք է ստանայ ու եկեղե­ցին դառ­նայ ծա­ռա­յական ներկայութիւն ժողովուր­դի կեան­քէն ներս։ Ուստի, նկատի ունենա­լով եկեղեցւոյ առանցքային դերը գա­ղութի մը կեան­քին մէջ, գա­ղութի վերակազ­մակերպումը հարկ է որ սկսի թեմա­կան կեանքէն»։

Այս համոզումէն մեկնած, կը թելադրենք որդեգրել հետեւեալ մօ­տե­ցումը ու գործընթացը .–

1) Նպատակ։ Կատարուելիք աշխատանքը հարկ է ըմբռնել վար­չակազմակերպչական վերակազմակերպումէ անդին՝ որպէս վե­րա­­նո­­­րո­գում ու վերաշխուժացում եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայու­թեան, ծառայու­թեան ու առաքելութեան նոր հրամայականներու լոյսին տակ։

2) Մօտեցում։ Անհրաժեշտ է մէկ կողմէն նկատի ունենալ մեր եկե­ղեցւոյ աւանդութիւններն ու ուսուցումները, եւ միւս կողմէ՝ տեղա­կան իւրայատուկ պայմանները։ Թեմական նեղ սահման­նե­րուն մէջ պէտք չէ կատարուի յիշեալ աշխատանքը, այլ՝ համագա­ղութային մաշտապով, նկատի ունենալով նաեւ քոյր կազմակեր­պութիւններուն տեսակէտը եւ սպասումը։ Պատրաս­տուելիք ծրա­գիրը պէտք է ըլլայ իրապաշտ, հե­ռու՝ տեսական, պատահական ու ժամանակավրէպ մօտեցումներէ։

3) Մասնակիցներ։ Առաջնորդ Սրբազանին նախագահութեամբ սպա­սելի է որ ներկայ աշխատանքին գործնապէս մասնակից դառ­նան Ազգ. Վարչու­թիւնը, յարակից մարմինները, հոգեւոր դասը, մասնա­գէտներ, երիտասարդներ, զանազան կա­ռոյց­­ներու պատաս­խա­նա­տու­ներ։ Բնականաբար իւրաքանչիւր թեմ իր հայե­ցողու­թեամբ կը ճշդէ աշխատանքին ընթացքը ու մեթոտը։

4) Գործադրութիւն։ Իւրաքանչիւր թեմի կողմէ պատրաս­տուելիք ծրագիրը հարկ է մշակել որպէս գործադրելի ուղեգիծ եւ ոչ թէ որպէս սոսկ ուսում­նասիրութիւն։ Ծրագրին գոր­ծադրութիւնը հարկ է որ կա­տարուի հանգրուանային ընթացքով։

5) Վերակազմակերպման ենթակայ կառոյցներ ու միաւորներ.-

ա.- Ծուխ։ Ծուխը հիմքը կը կազմէ եկեղեցւոյ կեանքին ու առա­քելութեան եւ այս պարագային՝ թեմին։ Թեմը կազմա­կերպել կը նշա­նակէ նախ ծուխը կազմակերպել։ Ծուխը պէտք է դառնայ աշ­խա­տանք­ներուն կիզակէտը։ Այս նպա­­տակը իրագոր­ծելու հա­մար.–

Առաջին, յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի հոգեւոր հո­վի­ւին։ Արդարեւ, հոգեմտաւոր զարգացում ու կոչումի գիտակ­ցութիւն ունեցող եւ իր հօտին հետ մնա­յուն կապ պահող հոգեւոր հովիւը առանցքային դեր կրնայ ունենալ ծուխի վերակազմակերպ­ման, ծաւալման ու աշ­խուժացման մէջ։ Հոգեւոր հովիւին քարոզ­ները պէտք է ըլլան ամփոփ ու այժմէական։ Հոգեւոր հովիւը կոչ­ուած է ճիշդ կերպով ու առաւելագոյն չափով օգտագործել ընկե­րային ցանցը, ժո­ղո­վուրդին հետ կենդանի կապ պահելու համար։ Այս ծիրէն ներս Սուրբ Գրա­յին խորհրդա­ծութիւնները, սուրբերու եւ տօներու մասին ամփոփ տեղե­կու­թիւն­ներու, ինչպէս նաեւ Ազգ. Առաջ­նորդարա­նին ու մեր Սուրբ Աթոռին առնչուած գլխա­ւոր լու­րե­րու փոխան­ցումը ծուխի ժողովուրդին կը նկատենք անհրաժեշտ։ Տնօրհնէքը, զանա­զան առիթնե­րով ընտանիք­նե­րուն այցելութիւնը, եկեղեցւոյ սրահէն ներս կազմակերպուելիք հաւաք­ները եւս մեծա­պէս կը նպաստեն եկեղե­ցի-ժողո­վուրդ առաւել մերձեցման։ Հոգե­ւոր հովիւը յատուկ ուշադ­րութիւն պէտք է դարձնէ դպրաց դասի կազմակերպման ու ընդ­­հանրապէս ծիսա­­կատարման։ Ան­հրա­ժեշտ է որ Առաջնորդ Սըր­բա­զանը մօտէն հե­տամուտ ըլ­լայ հոգեւոր հովիւի գործունէու­թեան։ Հոգեւոր դասի յատուկ հաւաք­ներու կազ­մակերպումը, հոգեւոր հո­վիւներու աշ­խատանքին յա­տուկ ուղեգի­ծի ճշդումը, պարբերաբար հովիւներու այլ ծուխեր տեղափոխու­թիւնը կրնան դրական դեր ունե­նալ ծուխերու եւ ընդ­հանրա­պէս թեմի կեան­քին ու առաքելու­թեան աշխուժացման մէջ։

Երկրորդ, հոգեւոր հովիւին կողքին, հոգաբարձութիւնը եւս կարե­ւոր դեր ունի կա­տա­րելիք ծուխի հզօրացման մէջ։ Հետեւո­ղական ճիգ պէտք է թափել երիտասար­դացնե­լու հոգաբարձական կազմերը՝ նուիրեալ ու աշխատունակ անձեր պաշ­տօնի կոչելով։ Հոգաբարձա­կան կազմերէն ներս տիկիններու ներկայութիւնը կեն­սական է։ Հոգաբարձութիւնը, Առաջնորդ Սրբազա­նին հետ խոր­հըր­դակ­ցաբար, պէտք է մօտէն հե­տեւի հոգեւոր հովիւի աշխա­տանքներուն։ Հոգեւոր հովիւը հարկ է որ նախագահէ հոգաբարձու­թեան ժո­ղովներուն ու մասնակից դառնայ ճշդուած ծրագիրներու իրագործման։

Երրորդ, Ներդաշնակ ու սերտ գործակցութիւնը ծուխին եւ Ազգ. Առաջնորդարանին միջեւ հրամայական է։ Թեմը ծուխերու ամբող­ջու­թիւնն է։ Ծուխը համա­րատու է Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգ. Վարչութեան։ Այս շրջագծէն ներս, անհրա­ժեշտ է մէկ կողմէն՝ ամուր պահել համարատուութիւնը Ազգ. Առաջ­նոր­դա­րանին նկատ­­մամբ, եւ միւս կողմէն՝ յարգել որոշ սահմաններէն ներս ծու­խի ներ­քին ազա­տու­թիւնը, նկատի ունե­նա­լով երբեմն ծուխերուն ունե­ցած աշ­խար­հագ­րա­կան հեռաւո­րութիւնը եւ տարբեր պայման­ները։

6) Վերաշխուժացման կարօտ մարզեր.-

ա.- Քրիստոնէական դաստիարակութիւն։ Յատուկ կարեւորու­թիւն հարկ է որ տրուի քրիստոնէական դաստիարակութեան թէ՛ թեմական եւ թէ ծխային մակարդակներու վրայ։ Բնականաբար, ծրագրումի ու աշխատանքի կեդրոնը հարկ է ըլլայ Ազգ. Առաջ­նոր­դարանը։ Սակայն ներդաշնակութիւն մը պէտք է ստեղծուի Ազգ. Առաջնորդարանին ու ծուխին միջեւ՝ բնականաբար միշտ նկատի ունե­նա­լով տեղական պայ­մանները։ Ժողովրդային հրա­տարակու­թիւն­­ները ¥աղօթք, սուր­բերու կեանք, աստուածաշնչա­կան խորհր­դածութիւն, եւլն.¤ կը նկատենք կարեւոր։ Սուրբ Գրոց սերտո­ղու­թիւ­նը անհրաժեշտ է նոր մեթոտներով կատարել, ինչ­պէս նաեւ յա­տուկ տեղ տալ մեր եկե­ղեցւոյ սուրբերուն, աւան­դու­թիւններուն, դա­ւա­նական ու բարոյա­կան ուսուցումնե­րուն եւ ներ­կայ ընկերութեան հետ աղերս ունե­ցող ընկերաբա­րոյական հար­ցերուն։ Կիրակնօր­եայ վարժարան­նե­րու վերակազ­մակերպու­մը ու անոնց գործու­նէու­թեան ծաւալումը, մեր վար­ժա­րաններէն ներս կրօ­նա­գիտա­կան նիւթերու դասաւան­դումը ու բարոյախօ­սական պահերու հաստատումը կը նկատենք խիստ հրամայա­կան՝ մեր նոր սե­րունդ­ներու քրիստոնէա­կան ու հայեցի կազմաւոր­ման իմաս­տով։

բ.- Ընկերային ծառայութիւն։ Ընկերային ծառայութիւնը մեր եկե­ղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր տարածքներէն մէկն է։ Այս աշխա­տան­քը առաւելաբար ուղղուած կրնայ ըլլալ մարդասի­րական բնոյթ ունեցող պարագաներու, հիւանդներու, բանտարկ­եալներու եւ կամ նոր հաս­տատուած ընտանիքներու։ Եկեղեցին պէտք է միշտ պատ­րաստ ըլլայ իր խնամ­քին յանձնուած հօտի ընկերային զանազան կարիքներու առաւելագոյն չափով օգտա­կար ըլլալու։ Այս շրջագծէն ներս, հոգեւոր հայրերու կողմէ հիւան­դա­նոց­ներու ու ծերանոցներու հետեւողական այցելութիւնը կեն­սա­կան է։

գ.- Երիտասարդութիւն։ Երիտասարդութիւնը մեր եկեղեցւոյ շուրջ համա­խմբելը առաջնահերթութիւն է։ Այս ուղղութեամբ յատուկ ծրա­գիրներ հարկ է որ պատրաստուին եւ Ազգ. Առաջնոր­դա­րանի եւ ծուխե­րուն կողմէ համադրուած կերպով իրականաց­ուին՝ երիտա­սարդ­ներուն մասնակցութեամբ։ Երիտա­սարդ տար­րեր հարկ է նշա­նակել թե­մական բոլոր մարմիններէն ներս։ Պէտք է երկխօսութիւն ստեղծել երի­տասար­դութեան հետ ու վստահիլ անոնց՝ փոխանակ զանոնք հե­ռու պա­հելու մեր կառոյցներէն ու ընդ­հանրապէս մեր հա­ւա­քա­կան կեանքէն։

դ.- Միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութիւն։ Ներ­կայ աշ­խարհին մէջ միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբե­րութիւնը դարձած է անհրաժեշտութիւն։ Գրեթէ բոլոր թե­մերէն ներս կը գըտ­նուին քրիս­տոնեայ եւ այլ կրօններու պատ­կանող հա­մայնք­ներ ու կազմակեր­պութիւններ։ Հետեւաբար, կա­րեւոր կը նկա­տենք անոնց հետ թեմին յարաբերութիւնը։ Փո­խա­դարձ այցե­լութիւնները ու կարե­ւոր ձեռնարկ­ներու մասնակցութիւնը մեծա­պէս կը նպաստեն յարա­բերութեան ամ­րապնդման։

7) Գործակցութիւն Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկե­ղեցինե­րուն հետ։ Մեր Սուրբ Աթոռը միշտ դրական գործակ­ցութիւն ունե­ցած է մեր ազգին անբաժան մասը նկատուող եւ մեր համայնա­կան կեանքին մէջ գործող ու ծառայող Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւե­տարա­նական եկեղեցիներուն հետ։ Նոյն ոգիով գործակ­ցութիւնը ներ­դաշնակ ու համադրուած կերպով անհրաժեշտ է որ շա­րունակ­ուի ծխային թէ թեմական ծիրէն ներս՝ մասնաւո­րաբար համահայկա­կան ու ներգա­ղութային ընդհանրա­կան խնդիր­ներուն շուրջ։

8) Գործակցութիւն քոյր կազմակերպութիւններուն հետ։ Թեմե­րէն ներս գործող կազմակերպութիւններուն հետ գործակցութիւնը հրա­մա­յական է։ Թեմը գաղու­թէն անկախ միաւոր մը չէ. թեմը ժողո­վուրդն է։ Հետեւաբար, ժողո­վուրդի կեանքին մէջ ծառայող կազմա­կերպու­թիւն­ներուն հետ Ազգ. Առաջ­նորդարանին՝ թեմա­կան մակար­դակի վրայ, եւ ծուխին՝ ծխա­յին մակարդակի վրայ, սերտ գոր­ծակ­ցութիւնը մեծա­պէս կրնայ նպաստել գաղութին վե­րակազմակերպ­ման։ Այս հեռանկարով թելադրելի է, որ թեմի վե­րակազմա­կերպ­չական աշխա­­տանք­ներուն մասնակից դառնան նաեւ քոյր կազմա­կեր­­պութիւն­ները։

9) Վարչակազմակերպչական։ Շրջաններու պայմաններուն հա­մա­­ձայն հաստատել նոր ծուխեր եւ անհրաժեշտութեան պարա­գային մեծ ծուխերը ներքին բաժանումներու ենթարկել։ Ի հարկին ստեղծել Առաջնորդական Փոխանորդութիւններ թէ՛ հե­ռաւոր շրջան­ներու յա­տուկ եւ թէ Առաջ­նորդարանէն ներս՝ յատուկ առա­քելութիւն յանձնե­լով Փո­խա­նոր­դին։ Ազգ. Վարչութիւնը իր կողքին պէտք է ունենայ կրթա­կան, տնտե­սա­կան ու կալուածա­կան եւ ի պահանջել հարկին այլ մասնագիտական յանձ­նախում­բեր, որպէս­զի իր աշխատանքը ըլլայ աւելի կազմա­կերպ ու հա­մապարփակ։

10) Կանոնագրային։ Հակառակ այն իրողութեան, որ թեմերու կանո­նագրութիւնները ենթակայ են մնայուն բարեփոխու­թեան, այ­դու­հան­դերձ անոնք կարիքը ունին իրապաշտ մօտե­ցումով վե­րա­նայման, նկատի ունենալով թէ՛ թեմե­րէն եւ թէ շրջա­պատէն ներս տեղի ունեցող արագ փոփոխու­թիւնները։

Ահաւասիկ ընդհանուր գծերով Մեր պատկերացումը թեմերէն ներս կատարուելիք վերակազմակերպչական աշխա­տանք­ներու գծով։ Ներ­կայ տարուան ընթացքին յաջորդաբար պի­տի այցելենք մեր թեմերը, եւ նախապէս ճշդուած օրակարգի համաձայն աշխա­տան­քային հանդի­պումներ պիտի ունենանք Առաջ­նորդ Սրբա­­զան­ներուն, հոգեւոր դա­սուն ու Ազգ. Իշխա­նու­թեանց հետ ։ Յա­ջորդող տարին թեմերու պատաս­խա­նատու մարմինները պիտի այցելեն Անթիլ­իասի Մայրա­վանք եւ իրենց աշխատանք­ներուն մա­սին պի­տի զեկուցեն Մեզի ու Ազգ. Կեդ­րոնական Վարչութեան խառն Ժո­ղո­վին։ Քննար­կումի, խորհրդակցութեան ու ծրագրումի աշխա­տանք­­ներուն պիտի յաջորդէ գործադրումի գործընթացը։ Նշեալ ծրագրին իրակա­նացումը մեր Սուրբ Աթոռի ժամանակակից պատ­­­­­մութեան մէջ մեծ իրագոր­ծում մը պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ ազդանշանը ու ուղենիշը պիտի դառնայ ողջ Սփիւռ­քի վերակազ­մակերպման։ Արդ, մեր դիմաց կը գտնուի իրագոր­ծելի հսկայ ու անյետաձգելի աշխա­տանք մը, որուն, Աստուծոյ օրհնու­թեամբ, մեր թեմերը կոչուած են լծուելու հաւաքա­կան ճիգով եւ պա­տասխանա­տու ոգիով ու բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսու­թեան ամ­բողջական զօրակցութեամբ։

Ձեզի կը մաղթենք յաջողութիւն։

Հայրական ջերմ սիրով,

­Աղօ­թա­րար՝

ԱՐԱՄ ԱԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ

ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ

 Յունուար, 2023

Ան­թիլ­ի­ասԼի­բա­նան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.