Սփիւռքի Պահպանման ու Զարգացման Գրաւականը

«…Դուն կը պատկանիս նախնական

եւ քաջ ազգի` արդիւնաւոր ոչ միայն

խօսքի եւ պիտանի խոհականութեան մէջ,

այլեւ բազմաթիւ մեծամեծ փառաւոր գործերով,

զորս մենք կը յիշատակենք այս պատմութեան ընթացքին»:

Մովսէս Խորենացի

Նայիրի Մկրտիչեան

Ծ.Խ.- «Հորիզոն»ի եւ Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի համագործակցութեամբ ու նախաձեռնութեամբ օրերս լոյս տեսաւ «Սփիւռքի տարի» յատուկ յաւելուածը, որուն մէջ մանկավարժ հոգեբան Նայիրի Մկրտիչեան իր յօդուածով կ՚անդրադառնայ Սփիւռքի պահպանման ու զարգացման գլխաւոր խնդիրներուն,  յատկապէս կեդրոնանալով կրթական ոլորտէն ներս գոյութիւն ունեցող տարաբնոյթ հարցերուն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի ներուժի ճի՛շդ ուղիներու որոնման անհրաժեշտութեան մասին։

Ազգի գոյատեւման, պահպանման ու զարգացման գրաւականը՝ ինքնութ-եան ճանաչումն ու այդ ինքնութեան պատկանելիութիւնը զգալու գիտակցումն է։

Ինքնութեան ճանաչումը՝ լեզուի, եկեղեցւոյ, դպրոցի, աւանդոյթներու եւ մշակոյթի գիտելիքներու ամբողջութիւն մըն է, որուն միջոցով կը հասկնանք, թէ ով ենք մենք եւ ուր կ’երթանք:

Ազգային պատկանելիութեան զգացումը, մեզ մեր ազգի «կենաց ծառ»-ի մէկ «ճիւղ»-ը զգալն է (ի դէպ ազգ բառը փոխառութիւն է պահլաւերէնէն, որ կը նշանակէ ճիւղ), իսկ այդ զգացումի գիտակցումը այսօր խնդիր է նոյնիսկ Հայրե-նիքի մէջ, հետեւաբար իրավիճակը առաւել բարդ է՝ իր ոտքերուն տակ  հայրենի հողի սնանող ուժը չունեցող  Սփիւռքահայութեան համար…

Ճակատագրի անողոք փորձութիւններու ենթարկուած մեր ազգը սփռուե-ցաւ աշխարհով մէկ, սակայն արագ կազմակերպուեցաւ՝ համախմբուելով  հայոց եկեղեցւոյ եւ դպրոցի շուրջ, դարձաւ ազգային արժէքներու եւ իրաւունքներու համար պայքարող ամբողջութիւն մը, որուն շնորհիւ ոչ միայն ազգային ոգին, այլեւ պետութեան ամենակարեւոր խորհրդանիշներէն մէկը՝ Հայոց Եռագոյնը, իր ուղղակի եւ փոխաբերական իմաստներով պահպանուեցաւ՝ մինչեւ իր տեղը գտաւ Հայրենիքի մէջ։ Այլ խօսքով՝ հզօրացած Սփիւռքը մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ մեր ազգային դիմագիծը պահելու գործին մէջ, երբ նոյն ժամանակ Սովետական Հայաստանի մէջ ազգայինի պահպանումը սպառնացող վտանգ էր…:

Այսօր, ակնյայտ է, որ նոյն վերապրած ու հզօրացած Սփիւռքի նոր սերունդները  նահանջի ճանապարհին են…:

 

Ինչո՞ւ նահանջի մէջ է Սփիւռքը

Պէտք է վերլուծել, թէ ինչո՞ւ այս կամ այն իրավիճակը կը ստեղծուի եւ յաճախ կը կրկնուի մեր պատմութեան մէջ, ի՞նչ պատճառներով մարդիկ կը գործեն որոշակի ձեւով, եւ ոչ՝ այլ կերպ: Նման վերլուծութիւններու պակասը միշտ ունեցած ենք, այդ իսկ պատճառով դասեր չենք քաղեր մեր սխալներէն՝ միշտ մնալով տեղքայլի մէջ,  շատ յաճախ նոյնիսկ ետքայլ ընելով:

Սփիւռքը նահանջի մէջ է, որովհետեւ տեղի տուած է հայու պատկանալիութ-եան ինքնագիտակցումը, զոր պէտք է զարգացնել, շտկել կարծրատիպային մտածելա-կերպը՝ աշխարհասփիւռ հայութիւնը կապելով իր արմատներուն, որովհետեւ հայը պահելու հիմնական դերակատարը «Արմատ»ն է՝ մշակոյթը, որուն միջուկն են՝ լեզուն, կրօնը, պատմութիւնն ու աւանդոյթները։

Հիմա, առաւել քան երբեւէ, ժամանակն է, որ սկսինք ինքնաճանաչման գործընթացը եւ հասկնանք «Ո՞վ է հայը»։ Հիմա ժամանակն է, որովհետեւ սովորաբար ինքնաճանաչումը կը սկսի այն ժամանակ, երբ բան մը կը  կորսնցնենք, իսկ մենք դարերու ընթացքին կորսնցուցած ենք եւ մինչ օրս կը շարունակենք կորսնցնել մեր հայրենիքի զգալի հատուածը, այսօր վտանգուած է մեր երկրի անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը, վտանգուած է արեւմտահայերէնը, կը պղծուին յուշարձանները եւ կը խեղադիւրուի մեր պատմութիւնը. հետեւաբար մեր էութեան, բնոյթի, կեանքի ու իմաստի ճանաչման  «Ծանիր զքեզ» կոչը հիմա, առաւել քան այժմէական է՝ մեր ազգն ու ազգային  դիմագիծը պահելու համար։

 

Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ

Հայը՝ իր ազգի ե՛ւ առաքինութիւններուն, ե՛ւ մեղքերուն ժառանգորդն է, հայ ըլլալ կը նշանակէ տէր ըլլալ այդ բոլորին՝ վեր հանել մեր ազգի կայունացման համար վտանգ հանդիսացող խնդիրները եւ պատասխանատուութիւն կրել մեր առջեւ ծառացած պահանջներու ճիշդ լուծման համար: Անհրաժեշտ է արթնցնել գիտակցութիւնը, հանդիպիլ հայու էութեան հետ, որ կը դիտուի մշակոյթի նշաններով եւ խորհրդանիշներով: Սփիւռքահայ երիտասարդը իր ինքնութիւնը պահելու եւ կերտելու համար ինքզինք  պէտք է ճանչնայ իր մշակոյթի (լեզու, կրօն, պատմութիւն, աւանդոյթներ) ընդմէջէն։ Միայն անոնց շնորհիւ է, որ սեփական գոյութիւնը հասկնալի եւ մատչելի կը դառնայ ինչպէս անձի՝ հայու համար, այնպէս ալ անոր շրջապատի համար: Ինչպէս մարդը, այնպէս ալ հայը, անընդհատ կը փորձէ ինքզինք ճանչնալ, եւ ինչքան կը ճանչնանք այդքան կու լանք, որովհետեւ ինքնաճանաչումը սոխի պէս բազմաշերտ է, ինչքան շատ մաքրենք, այդքան շատ պիտի լանք, երբ նկատենք, թէ այսօր ինչքան հեռաձած ենք մեր արմատներէն։

Ինքնաճանաչման հիմնական պահանջներէն մին չիմացութեան գիտակցումն է եւ ինքնաճանաչման գիտելիք ձեռք բերելու ցանկութիւնը:  Ինքնաճանաչութեան համար պէտք է երկար ճանապարհ անցնիլ, իսկ մենք անցած ենք այդ ճանապարհը, հետեւաբար պէտք է հասկնանք, թէ ինչի ընդունակ ենք եւ ինչ պէտք է ընենք յառաջընթաց ունենալու համար:

Այսօր հայ ազգի զաւակներու մեծ մասը ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Սփիւռքի մէջ կարծես թմբիրի, անտարբերութեան եւ փակուղիի մէջ է։ Պէտք է հայու ապրելակերպին մէջ ներառել նորովի՝ ժամանակին ու նոր իրավիճակին համահունչ ապրելու բանաձեւը:

Սփիւռքի մէջ ապրող հայու համար այդ բանաձեւը կրկնակի բարդ է, որովհետեւ աշխարհով մէկ տարածուած հայը օրուան մեծ մասը օտար երկրի մը քաղաքացի է, իսկ մնացած մասը հայ, որուն շուրջ գոյութիւն ունին համամարդկային եւ տարբեր ազգերու կողմէ ստեղծուած մշակոյթներ, որոնց բնականաբար կը ծանօթանայ, բայց անոնք պէտք չէ փոխարինեն իր ազգային մշակոյթը: Հետեւաբար, ան պէտք է զարկ տայ իր ազգայինին, որպէսզի տարածուի եւ հոգեւոր սնունդ դառնայ իւրաքանչիւր հայու համար, ուր ալ ապրի ան պէտք է անխաթար պահէ իր ազգային գանձերը` լեզուն ու մշակոյթը, աւանդոյթները, հոգեկերտուածքը, բարքերն ու կրօնը:

            

Սփիւռքի պահպանման ու զարգացման կարեւորագոյն խնդիրները

Դպրոցական խնդիրներ

Մեսրոպ Մաշտոց դեռ իր ժամանակներուն գիտակցած էր լեզուի, եկեղեցւոյ, դպրոցի, աւանդոյթներու եւ մշակոյթի կարեւորութիւնը՝ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման համար։ Բնականաբար, այդ բոլորի դարբնոցը ազգային դպրոցն է, զոր պէտք է փայփայել աչքի լոյսի պէս եւ բարեփոխել՝ սրնթաց զարգացող այս դարաշրջանին համահունչ։

Դպրոցը այն դարբնոցն է, ուրկէ հասակ կ’առնեն համայնքի զաւակները, որոնք յետագային ընտանիք կը կազմեն, կը դառնան տարբեր ոլորտներու մասնագէտներ, համայնքի ղեկավարներ, եկեղեցւոյ սպասաւորներ, այլ խօսքով՝ ազգի ապագան կերտող երիտասարդութիւն։ Այս մեկնակէտէն ուղղուած՝ Սփիւռքը հայ պահելու մեր նպատակին հասնելու հիմնական աշխատանքը պէտք է կեդրոնացնել դպրոցներու, նաեւ դպրոցի զարգացման նպաստող ուսումնական, կրթական հաստատութիւններու եւ կառոյցներու վրայ, ուր կան բազում խնդիրներ։

Դպրոցներու եւ ազգային կառոյցներու հիմնական բաղադրիչները դասագիրքերն են կամ համապատասխան կառոյցի մշակած ծրագրերը, ինչպէս նաեւ ուսուցիչները կամ ազգային գործիչները, որոնք մեր արժէքները պաշտպանելու եւ նպատակը կենսակոչելու համար կը ծառայեն ազգին՝ անմնացորդ նուիրումով, հաւատով եւ ազնուօրէն:

 

Դասագիրքերու խնդիր

Սփիւռքի դպրոցներու գերակշիռ մասը ունի ժամանակին ոչ համահունչ դասագիրքեր, որոնց մէկ մասը լի է լեզուական կոպիտ սխալներով. օտարալեզու գրաւիչ դասագիրքերու կողքին անհրապոյր ու հնաոճ են հայերէնի դասագիրքերը, որոնց մեծ մասը հեղինակային է՝ մէկ անձի կողմէ ստեղծուած, իսկ այդ մօտեցումով հնարաւոր չէ մանկավարժական սկզբունքներուն համահունչ դասագիրք ստեղծել. մէկ անձի գմահաճոյքով ստեղծուած դասագիրքը չի կրնար գրաւիչ եւ ուսուցողական ըլլալ։ Դասագիրք ստեղծելու մէջ իրենց լուրջ ներդրումը պէտք է ունենան՝ հեղինակներ, հոգեբաններ, մանկավարժներ, ուսուցիչներ, լեզուաբաններ, խմբագիրներ, ձեւաւո-րողներ, մանկավարժ-նկարիչներ եւ գիրքէն օգտուող համապատասխան տարիքի աշակերտներ, իսկ վերջիններու կարծիքը առաւել քան անհրաժեշտ է։

 

Մանկապատանեկան գիրքեր եւ այլ աղբիւրներ

Մենք ունինք հնագոյն շրջանէն եկած ազգի պատմութիւն, որ իր մէջ կը ներառէ մարդկութեան զարգացման բոլոր փուլերը, որոնց ընթացքին ազգը ունեցած է հայրենի բնօրրանի մէջ քաղաքական անկախութիւն եւ ազգային ծաղկունք, բայց մանկապատանեկան տարիքին համահունչ (յատկապէս արեւմտահայերէն) ունինք քանի՞ գիրք կամ ուսումնաօժանդակ մատչելի նիւթեր, տեսանիւթեր կամ խաղեր, որոնք այդ արժէքները գրաւիչ կը դարձնեն երեխային եւ իր մէջ կ’արմատաւորեն հայ զգալու հպարտութիւնը։

Միւս կողմէ ի՞նչ աշխատանք կը տարուի այդ հարցով զբաղող մասնագէտներուն աջակցելու, ողջունելի շատ քիչ նախաձեռնութիւններ կան։ Կան նաեւ  լուրջ հո-վանաւորութիւն վայելով ծրագրեր, որոնք հայերէն են, բայց կարծես դիտումնաւոր կերպով անկէ բացառուած է՝ ազգայինը նոյնիսկ անուղղակի ձեւով մատուցելը, իսկ կենաց ծառը կեանքի կոչուած է սերմով (մանկութենէն) զոր պէտք է միշտ ջրել՝ տարիքին ու ժամանակին համապատասխան ձեւերով ու չափով …:

 

Հայոց լեզուի ուսուցիչներու խնդիր

Դպրոցի երկրորդ խնդիրը մայրենին դասաւանդող մասնագէտ ուսուցիչներու պակասն է. չկայ խթանիչ որեւէ նախաձեռնութիւն, որ նոր սերունդը կը մղէ մայրենիի ուսուցիչ դառնալ, անոր զուգահեռ շատ քիչ են այն կառոյցները, որոնք ուսուցիչներ կը պատրաստեն. Լիբանանի մէջ գործող Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի փակումէն ետք, այսօր այդ խնդիրը առաւել քան լուրջ է։ Յիշեալ հիմնարկը պատրաս-տեց բազում մասնագէտներ, որոնք այսօր սփռուած են աշխարհով մէկ։ Քանի մը տարի ետք, առաւել զգալի պիտի ըլլայ այդ հիմնարկին բացակայութիւնը։ Հետեւաբար, պէտք է նախ մայրենիի ուսուցիչ դառնալը գրաւիչ դարձնել,  եւ հզօրացնել այն քանի մը կեդրոնները, որոնք այսօր մանկավարժներ կը պատրաստեն։

Միւս կողմէ պէտք է ըստ արժանւոյն գնահատել սերմնացանի ծանր գործը իրենց ուսերուն առած ուսուցիչներու աշխատանքը՝ խրախուսել, պարգեւատրել, յաճախ վերապատրաստել, քննարկումներու մասնակից դարձնալ։

 

Միութիւններու պատասխանատուներու եւ ղեկավարներու խնդիր

Սփիւռքի մէջ գործող կրթական, մարզական եւ այլ կառոյցները պէտք է ունենան դաստիարակչական այժմէական, գրաւիչ եւ նորաոճ յստակ ծրագիր եւ ծրագիրը ճիշդ ուսուցանելու պատրաստուած դաստիարակներ ու ղեկավարներ։

Լաւ ուսումնասիրուած յատուկ ծրագրերով պէտք է նոր սերունդը դաստիարա-կել այնպէս, որ անոնք կիսեն ժողովուրդի պատմական ճակատագիրը եւ պատրաստ ըլլան ստանձնելու նախնիներու կատարած եւ չկատարած պատասխանատուութիւնը,  դառնան նախորդ սերունդներուն կողմէ ստեղծուած ազգային կեանքի կազմակերպման «մշակութային գանձարան»-ի իրաւայաջորդը, ինչը ամենաէականն է ազգային ինքնութեան շարունակականութիւնը ապահովելու համար։

 

Մասնագիտական ներուժ

Սփիւռքի պահպանման ու հզօրացման մէջ մեծ ներդրում կրնայ ունենալ նաեւ մասնագիտական ներուժը. ժամանակակից հայութեան խնդիրն է` միաւորել աշխարհասփիւռ իր զաւակները մէկ ընդհանուր ազգային պետականութեան տանիքի ներքոյ` սեփական հայրենիքի մէջ, եւ անոնց ընկերային-տնտեսական, գիտակրթական, մշակութային ներուժը, ստեղծագործ միտքն ու բազկի զօրութիւնը ծառայեցնել մեր քաղաքական անկախութեան, ինքնիշխանութեան, ժողովրդավարական արժէքներու հաստատման հրամայականին` ի շահ ներկայ եւ գալիք սերունդներու բարեկեցիկ կեանքի: Այս նպատակին հասնելու կարեւորագոյն միջոցներէն մէկն է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մասնագիտական ներոււժի համախմբումը եւ անոնց գիտելիքներու ներդրումը այս կարեւոր գործին։

Պէտք է միջոցներ որոնել վերստին կեանքի կոչելու նախկինէն աւելի լայն հնարաւորութիւններով ու լիազօրութիւններով օժտուած Սփիւռքի նախարարութիւնը, որ ի տարբերութիւն այսօր գործող գրասենեակին, մեծ ներդրում ունեցաւ Սփիւռքի համախմբման գործին մէջ՝ նոյն համայնքի տարբեր կուսակցութիւններու եւ համայնքներու միջեւ կապ ստեղծելէն բացի, բազում ծրագրերուն զուգահեռ ստեղծեց նաեւ մասնագիտական միաւորումներ, որոնք եթէ առ այսօր շարունակէին գործել՝ ականատես պիտի ըլլայինք անոնց լուրջ ներդրումներու արդիւնքին։

Պէտք է աշխատանք տանիլ Հայաստանի մէջ պետական մակարդակով կարեւորութիւն տալու արեւմտահայերէնին. եթէ անցեալին այդ առումով որոշ աշխատանքներ կը կատարուէին, ցաւալիօրէն ներկայիս Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնը կը համարուի «օտար լեզու»։

 

Հայակեդրոն դաստիարակութիւն

Հայը ընդհանրապէս, պէտք է ըլլայ հայակեդրոն, իսկ այդ հայ բառին մէջ ե՛ւ Հայաստանն է ե՛ւ Սփիւռքը. Հայերը իրենց ընդհանրացումներով, տեսլականով  ու պատկերացումներով պէտք է ունենան ընդհանրութիւններ։ Այսինքն՝ երբ հայը ունի ազգին պատկանելու բաւարար գիտակցում, ինքնաճանաչում եւ կ’ապրի օրինակ Ֆրանսայի  մէջ, պէտք է զգայ ու գործէ իբրեւ հայ՝ հայու անունով, որ իր հերթին չի խանգարեր զինք իր առօրեայ կեանքին մէջ գործելու նաեւ իբրեւ ֆրանսացի։ Հայ զգալու ընդհանրութիւնը պէտք է միացնէ ազգի բոլոր զաւակները ուր ալ գտնուին անոնք եւ ինչ գաղափարներու ալ հետեւին։

Նոյնը եւ Հայաստանի հայը, պէտք է ունենայ հայու տեսլական եւ միաժամանակ գործէ իբրեւ քաղաքացի, այստեղ նոյնպէս հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութիւնը ներքնապէս երկատուած է. Հայաստանի մէջ կան բազում «հայեր», որոնք ինքնա-ճանաչման խնդիր ունին եւ կ’ապրին առաւելաբար իբրեւ երկրի քաղաքացի։ Այստեղ  իր օրինակով շատ ընելիք ունի հայրենադարձ սփիւռքահայը…:

 

Եզրակացութիւն

Մարդը էութեամբ՝ կը պայքարի այն բանի համար, զոր կը սիրէ, կը սիրէ ա՛յն, ինչ կը յարգէ կամ անով կը հպարտանայ, իսկ կը հպարտանայ ա՛յն արժէքներով, որոնց մասին տեղեկութիւն ունի: Սփիւռքը գոյատեւելու եւ զարգանալու պայքար մղելու համար նոր սերունդը պէտք է գիտնայ ազգի պատմութիւնը, արժէքները, որպէսզի գիտնայ իր ընելիքները՝ ճիշդ հետեւութիւններ ընելով անցած հազարամեակներու փորձէն։

Այլ խօսքով Սփիւռքը կը պահպանուի ու կը զարգանայ, եթէ պատրաստ ըլլանք ընդառաջելու գալիքին՝ չմոռնալով անցեալը։

Նայիրի Մկրտիչեան

Մանկավարժ-հոգեբան՝

Հայաստան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.